ԴԱՄԱՍԿՈՍ.- Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլու երէկ ժամը 10։15-ին հասաւ Դամասկոս։ Մինչ ան Սուրիա կը հասնէր, թրքական զանգուածային լրատուամիջոցները կը հաղորդէին, որ

սուրիական բանակի հրասայլեր մուտք գործած են թրքական սահմանէն 15 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ գտնուող Պընըշ քաղաքը։
«Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Տաւութօղլուի Սուրիա մեկնելէն մէկ օր առաջ, Անգարա հասած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ սուրիական թղթածրարի պատասխանատու Ֆրետ Հոֆ, եւ թրքական իշխանութիւններուն հետ քննարկած Սուրիոյ ու շրջանին մէջ վերջին զարգացումները, ինչպէս նաեւ Տաւութօղլու-Քլինթըն հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին քննարկուած հարցերը։ Նշենք, որ Քլինթըն Տաւութօղլուէն խնդրած էր Սուրիոյ փոխանցել իր հետեւեալ պատգամը. «Սուրիական բանակը անմիջապէս պէտք է վերադառնայ իր զօրանոցները»։
Տաւութօղլու ժամերով հանդիպում ունեցաւ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի հետ։ Երկարատեւ հանդիպման ներկայ էին նաեւ Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուալիտ Մոալլեմ եւ Ասատի քաղաքական ու մամլոյ խորհրդական Պուսայնա Շաապան։ Շուրջ ժամը 4։45ին հաղորդուեցաւ, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը իր այցելութիւնը աւարտած է եւ առանց յայտարարութիւն կատարելու՝ վերադարձած Թուրքիա։
«Սապահ» օրաթերթը իր երէկուան թիւով հաղորդած էր, որ Տաւութօղլու Սուրիոյ ղեկավարին երեք առաջարկներ պիտի ներկայացնէ՝ զինուորական գործողութիւնները անմիջապէս դադրեցնել, զինուորները քաղաքներէն հեռացնել եւ ժողովրդավարական բարեփոխումներ կատարել։ «Զաման» օրաթերթը յայտնած էր, որ Տաւութօղլու Թուրքիոյ կողմէ «բարեկամական եւ եղբայրական» զգուշացում պիտի փոխանցէ։ Թրքական լրատուամիջոցները Տաւութօղլուի այցելութիւնը «վճռորոշ» նկատելով՝ ընդգծած էին, որ այդ հանդիպումէն կախեալ է թուրք-սուրիական յարաբերութիւններու հետագայ ճակատագիրը։
Թուրքիոյ Ազգային ապահովութեան խորհուրդը մէկ օր առաջ քննած էր Սուրիոյ մէջ կացութիւնը։ Խորհուրդի նիստէն ետք՝ թրքական «Ճիւմհիւրիէ»չ օրաթերթը հաղորդեց, որ Թուրքիոյ փոխվարչապետ Պիւլենթ Արընչ լրագրողներու յայտնած է, որ Սուրիոյ մէջ զինուորական գործողութեանց «ո՛չ թայմինկը, ոչ ալ ձեւը» ընդունելի են։ «Կը կարծենք, որ ՄԱԿը եւ միջազգային ընտանիքը պէտք է գործի լծուին», աւելցուցած է ան:
Տաւութօղլուի զուգահեռ Դամասկոս այցելեցին Պրազիլի, Հնդկաստանի եւ Հարաւային Ափրիկէի ներկայացուցիչներէն բաղկացած եռանդամ պատուիրակութիւն մը, որ սուրիական իշխանութիւններէն պահանջեցին ինքնազսպումի դիմել եւ բարեփոխումներ կատարել։ Ըստ «Հուրրա» պատկերասփիւռի արբանեակային կայանին, ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդը եւս ուղարկած է պատուիրակութիւն մը՝ Դամասկոսէն պահանջելու համար բարեփոխումներ կատարել եւ «բռնարարքները անմիջապէս դադրեցնել»։
Միւս կողմէ՝ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցած է իր սուրիացի պաշտօնակից Ուալիտ Մոալլեմի հետ եւ անոր յայտնած, որ ներկայիս առաջնահերթութիւնը Սուրիոյ մէջ բռնարարքներու դադրեցումն է եւ քաղաքական ու ընկերային բարեփոխումները առանց յապաղումի գործադրելը։
Հաղորդագրութիւնը նաեւ միջազգային ընտանիքին կոչ ուղղած է գործի լծուելու, որպէսզի սուրիական ընդդիմութիւնը ձերբազատուի իր շարքերուն մէջ գտնուող «զինեալ ծայրայեղականներէն եւ կարծր կեցուածքի տէր այլ անձերէ»։