Թուրքիայէն եւ արտասահմանէն քրիստոնեաներ, Աստուածածնայ Վերափոխման տօնին առիթով, 88 տարուան ընդհատումէ մը ետք, երկրորդ անգամն ըլլալով ժամադրուեցան Տրապիզոնի յունական Սումելա վանքին մէջ։ Այս տարի մասնակիցներուն թիւը անցեալ տարուընէ աւելի քիչ էր, յատկապէս՝ Յունաստանի տնտեսական ծանր տագնապին պատճառով։ Յունաց Պարթոլոմէոս պատրիարքը, որ հանդիսապետեց արարողութեան, արարողութեան արտօնութեան համար շնորհակալութիւն յայտնեց կառավարութեան: Ան խօսեցաւ նախ յունարէն, ապա՝ թրքերէն, եւ խաղաղութեան կոչ ըրաւ աշխարհի բոլոր քրիստոնեաներուն ու իսլամներուն։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.