ԱՆԳԱՐԱ, «Ռոյթըրզ».- Թուրքիոյ ուժանիւթի նախարար Թաներ Եըլտըզ յայտնած է, որ Թուրքիա կ՛ուզէ մինչեւ Սեպտեմբերի վերջաւորութիւն, ատրպեճանական «Շահ-Տենիզ» հանքէն կազի առաքման շուրջ համաձայնութիւն մը ձեռք բերել։
Կը նախատեսուի, որ «Շահ-Տենիզ»էն Թուրքիա տարեկան վեց միլիառ խորանարդ կազ մատակարարուի, իսկ Թուրքիոյ ճամբով՝ 10 միլիառ խորանարդ կազ առաքուի դէպի Եւրոպա։ «Մենք կ՛ուզէինք դեռ աւելի կանուխ համաձայնագիր ստորագրել եւ այդ նպատակով՝ մեր կարելին ըրած ենք», ըսած է ան։
Միւս կողմէ, Թուրքիա Ռուսիայէն կը պահանջէ կազի գիները նուազեցնել՝ այդ մէկը նկատելով Ուքրանիոյ տարածքէն անցնող կազատարին շուրջ համաձայնութեան համար կարեւոր պայման մը։