ԹՐԻՓՈԼԻ, «Ռոյթըրզ».- Լիպիոյ Ազգային փոխանցման խորհուրդը Ուրբաթ, Օգոստոս 26ին պաշտօնապէս յայտարարեց, որ իր նստավայրը Պենկազիէն Լիպիոյ մայրաքաղաք Թրիփոլի սկսած է փոխադրելու։ Ըմբոստները, վերջին քանի մը օրուան ընթացքին, Թրիփոլիի մեծամասնութիւնը իրենց վերահսկողութեան տակ առած են։
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթըն յայտնեց, որ Լիպիոյ մէջ կացութիւնը «տակաւին խորհրդաւոր է, սակայն յստակ է, որ Քազաֆիի ժամանակաշրջանը իր աւարտի եզրին կը գտնուի, եւ դուռը կը բացուի նոր՝ ազատութեան, արդարութեան եւ խաղաղութեան ժամանակաշրջանին առջեւ»։ Քլինթըն ընդգծեց, որ միջ-ազգային համայնքը կացութիւնը իր հսկողութեան տակ պիտի պահէ, «որպէսզի վստահ ըլլանք, որ Լիպիա իր պարտաւորութիւններուն եւ խոստումներուն տէր կը կանգնի, անոր զինամթերքի պահեստանոցները անոր դրացիներուն համար վտանգ չեն հանդիսանար»: Ան նշեց, որ «յառաջիկայ օրերն ու շաբաթները վճռական պիտի ըլլան»՝ վրէժխնդրական յարձակումներէ հեռու մնալու կոչ ընելով:
Բրիտանիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարած է, որ ՆԱԹՕ կ՛օժանդակէ Քազաֆին գտնելու ըմբոստներու ջանքերուն:
Նշենք, որ Քազաֆի, Հինգշաբթի գիշեր ձայնագրուած կարճ ուղերձի մը մէջ Լիպիոյ բոլոր ցեղախումբերուն կոչ ուղղած էր մայրաքաղաքէն վտարելու «երկրին մէջ օտարներու գործակալները»։