ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- 2011-2012 կրթական տարեշրջանին, Ազգային կեդրոնական վարժարանը կը բոլորէ իր հիմնադրութեան 125ամեակը։
Այս կարեւոր հանգրուանը տօնախմբելու համար, Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ եւ Կեդրոնական վարժարանի խնամակալութեան նախաձեռնութեամբ կազմուած է Կարգադիր յանձնախումբ մը, ատենապետութեամբ Կեդրոնականի նախկին սան, ազգային բազմամեայ գործիչ Հայկ Ասլանեանի։
Յանձնախումբի անդամներն են՝ Օննիկ Նալպանտղազար, Մկրտիչ Արծիւեան, Սիլվա Գույումճեան, Սարգիս Քիւլէկէչ, Եդեսիա Թըրթըր, Գրիգոր Սահակօղլու, Գէորգ Սիմքէշեան, Կարպիս Ունան եւ Անի Գարատայը։
«Մեզի տրուած տեղեկութիւններուն համաձայն, այս տօնախմբութեան շրջագիծէն ներս, յառաջիկայ տարուան ընթացքին պիտի իրականանան մշակութային ու ընկերային զանազան ձեռնարկներ՝ վարժարանի անցեալին, ներկային եւ ապագայի ծրագիրներուն մասին, որոնք ըստ ժամանակացոյցի, պիտի ծանուցուին մեր կրթական, համայնքային հաստատութիւններուն եւ մամուլին մէջ», կը գրէ «Մարմարա»։
125ամեակին նուիրուած հանդիսութիւններու շարքը պիտի սկսի վարժարանէն շրջանաւարտ դաշնակահար Շահան Արծրունիի նուագահանդէսով։