ՊԵԼՄՈՆԹ, Մեսեչուսեց.- Պելմոնթի «Հայկական ուսումնասիրութիւններու եւ հետազօտութիւններու ազգային ընկերակցութեան» կեդրոնին մէջ վերջերս կայացաւ հանդիպում մը, որուն ընթացքին գրող, դոկտ. Սիւզան Պատի ներկայացուց իր նոր՝ «Ովքե՞ր են հայերը» խորագրեալ գիրքը։ Գիրքը պատրաստուած է 5-12 տարեկան երեխաներու համար, բայց ձեւաւորումն ու բացատրութիւնները՝ 16 բաժիններու մէջ հետաքրքրութեամբ կը կարդացուին նաեւ մեծերու կողմէ։ Այդ բաժինները կը ներառեն լուսանկարներ ու գործնական խաղեր թէ՛ զուարճանքի եւ թէ մտաւոր զարգացման նպատակով։ Խաղերէն մէկը, օրինակ, կը միտի «գտնել արմատները». ովքե՞ր են ծնողները, ուրկէ՞ կու գան, եւ այլն։ Միւս խաղերէն մէկն է՝ նշել իրենց երկրին կամ Սփիւռքի այլ վայրերու մէջ ապրող հեղինակաւոր հայերու անուններ։ Երրորդը՝ ծանօթանալ զանազան երկիրներու մէջ ապրող տարեկիցներու հետ։ Գիրքին հետ միասին պատրաստուած է նաեւ սկաւառակ մը, որ ընթերցողներուն կը ներկայացնէ հայկական աւանդական ճաշատեսակներ, խաղեր, երգեր եւ պարեր։
«Ովքե՞ր են հայերը» գիրքը հրատարակուած է Լոնտոնի հայկական հիմնարկին կողմէ։ Հեղինակը՝ դոկտ. Սիւզան Պատի, մշակութային մարդաբանութեան ճիւղին մէջ իր դոկտորական թէզը պաշտպանած է Միշիկընի համալսարանէն ներս։