Իրօք, իւրաքանչիւր գիր ու գրականութիւն սիրող հայ անհատ հարազատ է մեր սրտին։ Յատկապէս դո՛ւք, սիրելի բարեկամներ, որ գաղութահայ գրող մտաւորականներու սեռուցքը կը ներկայացնէք այս երեկոյ:
Այսօր բոլորիս համար յաղթանակի օր է։ Անոր համար, որ մեր շուրջ տիրող անտարբերութիւնն ու յուսալքութիւնը չի կրցան ընկճել ու լռեցնել սփիւռքահայ գրողը։ «Ֆրիուէյ»ներու այս նոր հատորը եւ գրուած ամէն հայերէն գիրք, անկախ գրական իր արժանիքէն՝ ապացոյց է ատոր։
Գուցէ ձեր մէջ ալ գտնուին մարդիկ, որոնք արդարօրէն հարց տան, թէ ներկայ պայմաններուն ինչո՞ւ գրուեցաւ «Ֆրիուէյ» վէպին երկրորդ հատորը, եւ դեռ քսանչորս տարիներու անջրպետով։
Նման հարցադրման պարագային, հեշտ պիտի ըլլար բանարկել, թէ ապրուած գործ է այս վիպակը, եւ թէ իր լրումին հասնելու համար հասունացման երկար ճանապարհի կը կարօտէր, եւ թէ գրելու ձեռնարկեցի այն ատեն միայն, երբ ամերիկեան հալոցէն ու հնոցէն ներս կատարած փնտռտուքներս իրենց լրումին հասան:
Սակայն եւ այնպէս, պէտք է խոստովանիմ, թէ հապճեպով ձեւաւորուած այդ պատճառաբանութեան կողքին, կարեւոր դէպք մը, «քաթալիս»չը կամ բեկումնային մղիչ ուժը պիտի հանդիսանար երկրորդ հատորին ձեռնարկումիս, որ առանց անսպասելի այդ գործօնին՝ գուցէ երբեք չգրուէր։
Արդարեւ, քանի մը տարի առաջ պատահած ուղեղային տագնապ մը մէջս ահազանգ պիտի հնչեցնէր, թէ մարդուս երկրաւոր գոյութիւնը՝ նախախնամութեան կողքին, ընդդամէնը խցուած երակի մը քմայքէն կախեալ էր։
Հազիւ քիչ մը ինքզինքս գտած, տարիներով իրարու վրայ դիզուած արխիւս սկսայ կարգի բերելու, երբ թուղթերու խունացած տրցակներուն մէջէն ողբացեալ Կարապենցին հետ ունեցած տարիներու մեր նամակագրութեան թղթածրարը ձեռքս անցաւ, եւ գրական արժէք ներկայացնող երկտասնեակ մը նամակներու կողքին, յատկապէս Գէորգ Քրիստինեանի ընթերցածը, խրախուսական իր պարունակութեամբ ցնցիչ տպաւորութիւն գործեց վրաս՝ զիս համոզելով մէկ կողմ թողուլ «Ֆրիուէյ»ի երկրորդ հատորին ձեռնարկելու իմ քսանամեայ երկընտրանքս։
Նամակին ընթերցումէն ետք երկարօրէն խոկացի, ապա «Ֆրիուէյ»ին առաջին հատորը աչքէ անցուցի, վէպին մթնոլորտը, անոր զգացական ու ստեղծագործական ոլորտը տեղափոխելու յոյսով։
Այստեղ յոյժ կարեւոր կէտ մը կ՛արժէ մատնանշել, թէ առաջին հատորին տպագրութեան թուականէն մինչեւ այսօր, ենթագիտակիցիս մէջ բաւական մանրամասնութեամբ գրեր էի երկրորդ հատորը, առանց ճիգի ու քրտինքի։ Դուք ալ գիտէք, թէ ապրուած գործ մը շատ բնականօրէն կը ծնի… առանց արուեստական յղացման մեթոտներու, սերմնաբուծութեան, «Ին Վիդրօ»ի կամ «Սեզարիէն»ի։
Շատերուդ նման յաճախ ես ալ հարց տուած եմ, եթէ Կարապենցը՝ հանճարեղ մեր գրչեղբայրը, ողջ ըլլար, արդեօ՞ք պիտի խանթավարուէր կամ նոյն ջերմութեամբ պիտի ընդունէր «Ֆրիուէյ»ի երկրորդ հատորն ալ։ Այդպիսի վերացական հարցումի մը կարելի չէ առարկայականօրէն պատասխանել։ Մէկ բան յստակ պէտք է ըլլայ բոլորիս, թէ գրողի մը միտքին դեգերումներէն անդին, անկէ անկախօրէն կը յառաջանայ գեղարուեստական կտորի մը շօշափելիք թեման. պատկերներու եւ գաղափարներու հոսքը ինքնուրոյն թափով կը շարունակուի։ Գրականութեան մէջ գոյութիւն ունի ապրում եւ գրողական զգացողութիւն ըսուած էատարր մը, որ կը բնորոշէ տուեալ գործին էութիւնը, անոր նկարագիրն ու DNA-ը։
Գրող մը, երբ նոր գործի մը կը ձեռնարկէ, սկիզբէն աղօտ պատկերացում կ՛ունենայ զայն առաջ մղող տինամիզմի էութենէն կամ շարժաբանութենէն։ Անիկա իր միտքին մէջ մօտաւորապէս նախագծած կ՛ըլլայ այն ուղին, որ զինք դէպի վէպին աւարտը պիտի հասցնէ։ Արդ, գեղարուեստական ստեղծագործութիւն մը, իր ինքնուրոյն եւ անկախ գոյութեան իրաւունքով կ՛ապրի։ Հոլիվուտի մէջ, դիպաշար մը քսան դիմագիծ կը փոխէ, մինչեւ որ սպիտակ պաստառի ուղղութեամբ երկչոտ հայեացք մը սեւեռէ։
Երբ «Ֆրիուէյ»ներու առաջին հատորը սկսայ գրելու, Սիմոն Սիմոնեանի մահով «Սփիւռք-Գարունը»ը դադրած էր, իսկ Պէյրութ լոյս տեսնող «Բագին»ի խմբագրութեան հետ կապերս խզուած էին։ Վրէժ-Արմէն՝ անխարդախ, քաջասիրտ մտաւորական մը ու Գանատայի «Հորիզոն» թերթի գրական բաժինի խմբագիրը, թերթին գրական յաւելուածին մէջ սիրով սկսաւ հրատարակելու ապագային «Ֆրիուէյ» հատոըը կազմելիք ամերիկահայ կեանքէ առնուած կտորները՝ արհամարհելով ու ոտնահարելով դէմս բարձրացող արուեստական պատնէշները։
Եւ մեր սիրելի Կարապենցը, իւրաքանչիւր կտորի հրատարակութենէն ետք, գրաւոր իր կարծիքը կը յայտնէր եւ ատոր արժեւորումը կը կատարէր՝ տեսակ մը ուղեցոյց հանդիսանալով հրատարակուելիք գեղարուեստական գործին։ Անոր եղբայրական այդ ընթացքը, հոգեկան իր մեծութեան ու երէց գրողի իր արժանիքներուն կարելի է միայն վերագրել։
Երբ «Ֆրիուէյ»ը պատրաստ էր հրատարակութեան, «Ապրիլ» գրատան սեփականատէր, այժմ՝ ողբացեալ Յարութ Երէցեանը, յայտնապէս տպաւորուած նոր գործին գրական ու նորարարական արժանիքով ու անոր ընդգրկած այժմէական թեմայով՝ հեղինակէս առանց սենթ մը ակնկալելու, 2000 տպաքանակով հրատարակեց «Ֆրիուէյ»ի առաջին հատորը, իսկ Համազգայինի կազմակերպած շնորհահանդէսը, իր տեսակին մէջ առանձնայատուկ պիտի մնայ… Արդարեւ՝ Փասատինայի Հայ կեդրոնի սրահին մէջ, 400է աւելի գրասէրներու ու հիւրաբար մեր մէջ գտնուող Հայաստանի գրողներու միութեան նախագահ Վարդգէս Պետրոսեանի ներկայութեամբ ստեղծուած խանդավառ մթնոլորտով։
Իմ համեստ կարծիքով, այդ գործը հայ ընթերցողին զգացական լարին դպաւ, որովհետեւ ամերիկահայ գրականութեան մէջ ցարդ առաջին վիպակն էր, որ հարազատօրէն նորեկ հայերու տագնապումներուն կը մատչէր ու անոնց այրող սիրտի մղկտումներուն, «Ֆրիուէյ»եան «Ահ»ին հարազատ թարգմանը կը հանդիսանար։ Իսկ ներկայ հատորը, որ սահմանուած է շարունակութիւնը դառնալու առաջին հատորին, Արշակ կամ Արչին՝ վէպին հերոսը, տիեզերական չափանիշով պատուհաս-աղէտի մը ուրուագծուիլը կը տեսնէ երկնակամարին վրայ ու «Նիհիլիզմ»ի սահմանին հասած դարուս տագնապը կ՛ապրի մղձաւանջային գալարումներու պահերուն։
Տիրող տնտեսական սեղմ պայմաններու տակ ու անսայթաք գործող համահայկական հրատարակչականի մը բացակայութեամբ, ներկայ հատորն ալ գուցէ միւս գործերուս պէս անտիպ մնալու ճակատագրուած է… Գրողի իմ առաքելութիւնս եւ պարտականութիւնս լիովին կատարած կը համարեմ՝ սոյն գործը ներկայ իր վիճակին հասցնելով։ Հրատարակութեան պարագային, որոշած եմ ամբողջ հատորը Յակոբ Կարապենց՝ սփիւռքահայ հանճարեղ գրողին ու ազնուական մարդուն անմոռաց յիշատակին նուիրել:
ԵՐԿՈՒ ԽՕՍՔ ալ՝ հայ գիրքի ճակատագիրին մասին։
Սփիւռքի տարածքին եւ ինչու չէ Հայաստանի մայրաքաղաք Երեւանի մէջ, յետ անկախութեան իբրեւ ընծայ՝ գրատուներու թիւը, սրճարաններու յարաճուն թիւին հետ բաղդատած՝ զգալի կերպով նուազած է, երեքի, այո՛, երեքի հասնելու համար։ Ընդհանրապէս գործող այդ գրատուներու մէջ ոչ մէկ սփիւռքահայ գրողի գործեր կը ծանուցուին, կամ անոնց մթերքին մաս կը կազմեն։
Ի տես ցաւալի, յուսալքող, քայքայիչ այս իրողութեան, եկէ՛ք լուծումներու մասին մտածենք յատկապէս սփիւռքահայութիւնը տագնապեցնող փշոտ այս հարցին։
Եթէ կը յիշէք, տարիներ առաջ, այս սրահէն ներս ներկայ քանի մը մտաւորականներու կողմէ հրապարակ նետուեցաւ հայկական «Գրակումբ»ի կամ «Book Club»ի գաղափարը։ Ներկայիս տիրող ու սաստկացող հայ գիրքի տագնապին իբրեւ հականեխիչ բալասան, այսօր աւելի եւս կը շեշտուի այդպիսի կազմակերպութեան մը պակասը։
Պարզ է, ապագայ «Գրակումբ»ի հաւանական անդամները պիտի ձեռնարկեն համասփիւռքեան թելեթոնի ու դրամահաւաքի մը, եւ գոյացած գումարով կեանքի պիտի կոչուի համահայկական արդիաշունչ հրատարակչական մը, որ տարին գոնէ 20-30 անուն գիրքեր պիտի հրատարակէ՝ վաւերական գրողներու ու երիտասարդներու գործերուն նախապատուութիւն տալով։
Այս ձեւով պիտի վերանան գիրք հրատարակելու սփիւռքահայ գրողին մղձաւանջը եւ զայն ընթերցողին հասցնելու մեքանիզմի չգոյութենէն յարուցուող խոչընդոտները։ Ինչպէս ըլլայ, քանի մը հազար հայ ընթերցող կը ճարուի Սփիւռքի տարածքին. անոնք ամէն ամիս կը ստանան «փոս»չով առաքուած նոր գիրքեր, զորս փուռէն ելած տաք հացի պէս վստահ ենք պիտի ըմբոշխնեն…
Հիմա որ համոզուեցաք հայկական «Գրակումբ»ի անհրաժեշտութեան, իսկոյն հարց պիտի տաք, թէ որո՞նք պիտի ձեռնարկեն անոր հիմնադրումին։ Ո՞վ՝ եթէ ոչ Սփիւռքահայ մեր մշակութային ու հայրենակցական միութիւնները՝ հայ երեք յարանուանութիւններուն գործակցութեամբ ու անոնց անվերապահ նեցուկով։
Եկէ՛ք պահ մը մտածենք անյետաձգելի, փրկարար այս ծրագիրին մասին:
Շնորհակալութիւն