ԵՐԵՒԱՆ, «Հետք».- Օգոստոս 28ին, իրենց սեփական նախաձեռնութեամբ, 25 երիտասարդներ մաքրեցին Հայկ Նահապետին արձանը: Աշխատանքներուն գործօն մասնակցութիւն բերաւ նաեւ Ազգային ժողովի պատգամաւոր Անահիտ Բախշեան: Յիշեցնենք, որ վերջերս խումբ մը երիտասարդներ «Ֆէյսպուք» հասարակական ցանցին եւ լրատուամիջոցներուն միջոցով կոչ ըրած էին միանալու իրենց եւ մաքրելու Հայկ Նահապետին արձանը:
Նախաձեռնութեան աջակցած է Նոր Նորք վարչական շրջանի ղեկավարը՝ տրամադրելով անհրաժեշտ գործիքներ: