ԵՐԵՒԱՆ, «Հետք».- Օգոստոս 29ին, Երեւանի քաղաքապետարանին մէջ հանրակրթական դպրոցներուն նուիրուած խորհրդակցութեան ժամանակ, քաղաքապետ Կարէն Կարապետեան յայտնեց. «Դրամահաւաքը պէտք է լինի ոչ թէ դրամահաւաք, այլ՝ կամաւոր բարեգործութիւն: Մենք դպրոցում պէտք է փորձենք այս միջավայրը ստեղծել»։ Անոր յանձնարարութեամբ, բոլոր վարչական շրջաններուն մէջ նիւթապէս անապահով ընտանիքներու երեխաներուն պիտի տրամադրուին գրենական պիտոյքներ եւ անհրաժեշտ այլ պարագաներ:
«Մենք պատրաստ ենք քաղաքապետարանի պիւտճէից տրամադրել լրացուցիչ միջոցներ, որպէսզի սոցիալապէս անապահով երեխան կրթութիւն ստանալու որեւէ խոչընդոտ չունենայ», նշեց քաղաքապետը:
Երեւանի քաղաքապետարանի տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութեան համաձայն, կրթական համակարգի այսօրուան առաջնահերթութիւններն ու հրատապ լուծում պահանջող խնդիրներն են՝ դպրոցներու հաշուետուութեան համակարգը, թափանցելիութիւնը, համացանցային կապը, ծնողքի առաւելագոյն մասնակցութիւնը, դպրոցներու բարեկարգումը եւ այլն:
Քննարկման ներկայ էին ԿԳ նախարար Արմէն Աշոտեան եւ մայրաքաղաքի հանրակրթական դպրոցներու տնօրէններ: