ԷæՄԻԱԾԻՆ, «Այսօր».- Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը Օգոստոս 28ին Էջմիածինի մէջ ընդունած է Կաթոլիկ եկեղեցւոյ Աւստրիոյ Կրաց Սեգվա եւ Կուրգի թեմերէն Հայաստան ժամանած 37 ուխտաւորներ՝ առաջնորդութեամբ Պատ Սուզէի հոգեւոր հովիւ Էտմունտ Մուհրերի:
Խումբին Հայաստան այցելութեան նպատակը, հայ ժողովուրդին հոգեւոր եւ մշակութային արժէքներուն հաղորդակից դառնալն է: Այս մասին կը տեղեկացնեն Մայր աթոռ Ս. Էջմիածինի տեղեկատուական կեդրոնէն:
Ողջունելով ուխտաւորներուն այցը Ս. Էջմիածին՝ վեհափառը իր օրհնութիւնն ու բարեմաղթանքները փոխանցած է խումբի անդամներուն: Ան իր խօսքին մէջ անդրադարձած է Աւստրիոյ մէջ իր ուսումնառութեան տարիներուն եւ յիշողութիւններուն:
Զրոյցին ընթացքին Ամենայն հայոց կաթողիկոսը պատասխանած է նաեւ ուխտաւորները հետաքրքրող հարցերուն, որոնք յատկապէս կը վերաբերէին եկեղեցի-պետութիւն յարաբերութիւններուն, Հայ առաքելական Ս. եկեղեցւոյ ծիսական եւ էքումենիք կեանքին:
Հանդիպման ներկայ Սուրբ Էջմիածինի Միջեկեղեցական յարաբերութիւններու գրասենեակի տնօրէն Յովակիմ եպիսկոպոս Մանուկեան, կաթոլիկ ուխտաւորներուն հանգամանօրէն ներկայացուցած է Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ յարաբերութիւնները քոյր եկեղեցիներուն, մասնաւորապէս՝ Կաթոլիկ եկեղեցւոյ հետ, ապա տեղեկացուցած է երկու եկեղեցիներուն միջեւ առկայ համագործակցութեան մասին:
Հանդիպումէն ետք ուխտաւորները Մայր տաճարին մէջ մասնակցած են Ս. պատարագի արարողութեան: