ԾԱՂԿԱՁՈՐ, «Այսօր».- Սերժ Սարգսեան Ծաղկաձորի մէջ չնախատեսուած հանդիպում մը ունեցած է
«Պահանջում ենք գիտութեան ֆինանսաւորման աւելացում» նախաձեռնութեան կազմակերպած քննարկման մասնակիցներուն հետ: Նախագահ Սարգսեան Ծաղկաձոր եկած էր հետեւելու Հայաստանի երիտասարդական հիմնադրամի շէնքի վերանորոգման աշխատանքին: «Մեր երիտասարդական հիմնադրամը պէտք է ունենայ աւելի բարեկարգ շէնք. եկել էի, որպէսզի ինքս համոզուեմ: Համոզուեցի, բայց քանի որ իմացայ, որ այստեղ հաւաքուել էք, ուզում էի գալ տեսնել՝ ինչի՛ համար էք հաւաքուել, ի՛նչ էք ուզում», ըսած է նախագահը:
Այնուհետեւ, նախագահը տեղեկացուցած է, որ յառաջիկայ մէկ ամսուան ընթացքին պիտի հանդիպի «Պահանջում ենք գիտութեան ֆինանսաւորման աւելացում» նախաձեռնութեան ներկայացուցիչներուն հետ, եւ իր օգնական Վիգէն Սարգսեանին յանձնարարած է ճշդել հանդիպման ժամկէտները:
«Պահանջում ենք գիտութեան ֆինանսաւորման աւելացում» նախաձեռնութիւնը, որ արդէն քանի մը ամիս է ի վեր հասարակական ցանցերու մէջ աշխուժօրէն կը բարձրացնէ երիտասարդ գիտնականներու խնդիրները եւ այն, թէ գիտութիւնը քիչ ֆինանսաւորում կը ստանայ պետական պիւտճէէն, արդէն իսկ հանդիպումներ ունեցած է օրէնսդիր մարմինի ղեկավարին ու ներկայացուցիչներուն հետ, եւ ներկայացուցած է ոլորտին խնդիրները:
«ՀՀում գիտութեան ֆինանսաւորման աւելացման եւ ֆինանսաւորման ուղիների դիւերսիֆիկացիայի (բազմազան դարձնելու-Խմբ.) հնարաւորութիւնները» թեմայով կազմակերպուած երկօրեայ սեմինարին, նախագահին հետ առաջին հանդիպման ընթացքին երիտասարդ գիտնականները յայտնած են, որ իրենք հաւաքուած են քննարկելու գիտութեան ֆինանսաւորման ուղիներու տարբերութիւնները: Անոնց հետաքրքրած է նաեւ այն հարցը, թէ որքա՞ն պիտի ըլլայ պետական ամավարկէն գիտութեան տրամադրուող ֆինանսաւորման յաւելումը:
ARMACAD-ի նախագահ Խաչիկ Գէորգեան տեղեկացուցած է, որ Ժառանգութիւն, Դաշնակցութիւն եւ Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութիւնները արդէն իսկ համաձայնութեան յանգած են, որ գիտութեան ֆինասաւորման մասնաբաժինը հասնի երեք տոկոսի:
Այնուհետեւ նախագահը նշած է, որ յառաջիկայ հանդիպման ընթացքին երիտասարդ գիտնականները կրնան բոլոր հարցերը համախմբել, ներկայացնել ու միասին գտնել լուծումներ:
Հայաստանի ԳԱԱ ակադեմիկոս քարտուղար Հրանտ Մաթեւոսեան նշած է, թէ զինք կը վիրաւորէ գիտնականի աշխատավարձին հարցը. «Կայ միջին հանրապետական աշխատավարձ: Գիտնականի աշխատավարձը մօտ երեք անգամ ցածր է դրանից», նկատել տուած է Մաթեւոսեան ու խնդրած նախագահէն ուշադրութիւն դարձնել այդ հարցին եւ վերանայիլ աշխատավարձի չափերը այս տարուան պիւտճէի քննարկումներուն:
«Մեր հանդիպման արդիւնքում, ես կը գտնեմ մարդիկ, ովքեր մի ֆոնտ կը ստեղծեն երիտասարդ գիտնականների համար. դուք կը փորձէք այդ ֆոնտը կառավարել եւ դրանով ուրիշներին օրինակ ցոյց տալ: Երբ որ լաւ կը կառավարէք, այն ժամանակ ֆոնտն էլ կ՛աւելացնենք, ձեր կառավարման շրջանակներն էլ կ՛աւելացնենք», ի պատասխան արձագանգած է Սերժ Սարգսեան:
Այս նախաձեռնութեան «Ֆէյսպուք»ի էջին վրայ, նախագահին հետ հանդիպման տպաւորութիւնները տարբեր են. ոմանք կը նշեն, թէ վերոնշեալ հիմնադրամին ստեղծումով՝ «սայլը տեղից շարժւում է», իսկ միւսներն ալ կը նշեն, թէ այդ բոլորէն՝ «ոչ մի լուրջ արդիւնք սպասելի չէ»: