ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Ստեփանակերտի մէջ Արցախի անկախութեան հռչակման քսաներորդ տարեդարձին առթիւ, երիտասարդներ հրապարակ իջած են՝ «Լոխ լաւ ա» գրութիւնը կրող շապիկներ հագած:
Արցախի ազատագրական պայքարի ամէնէն ծանր օրերուն, այն ժամանակուան երիտասարդները ժամանակ չունէին իրենց շապիկներուն վրայ գրութիւններ կարել կամ նկարել տալու: Բայց եւ պատերազմի ամէնէն թէժ պահերուն իսկ, արցախցի մարտիկները, իրենց կողքին տեսնելով Հայաստանէն ու Սփիւռքէն հասած նուիրեալներ՝ որպիսութեան մասին ամէն հարցի նոյն պատասխանը կու տային՝ «լոխ լաւ ա»… «ամէն ինչ լաւ է»:
Ամէն ինչ լաւ կ՛ըլլայ, անշուշտ, երբ գերիվարութիւնն ու նուաստացումը կը մերժես ու արիւնակիցներու հետ ուս ուսի կը պայքարիս՝ յանուն հայրենիքիդ ազատութեան:
Լաւ է, անշո՛ւշտ, երբ գիտես, թէ պարտութիւնը քեզի համար ընդունելի տարբերակ չէ եւ թէ ինքնավստահ ես ապագայիդ հանդէպ:
Լաւ է, անշո՛ւշտ, երբ սեփական արիւնով շահուած ազատութեամբ ու անկախութեամբ կը ծաղկեցնես քաղաք ու շէն, եւ քու բազուկիդ ուժով խաղաղութիւն կը պարտադրես քեզ ոչնչացնել ուխտած թշնամիիդ:
Լաւ է, անշո՛ւշտ, երբ տարուէ տարի կը նկատես, կը շօշափես անկախութեանդ կռուաններուն հզօրացումը, եւ տակաւին, իւրաքանչիւր անցնող օր, այդ կռուանները առաւել ամրապնդելու գործը նոյն տենդով կը շարունակես:
Լաւ է, անշո՛ւշտ, երբ թիկունքիդ կը զգաս աշխարհով տարածուած ազգակիցներուդ զօրակցութեան շունչը, անոնց սէրը, ջերմութիւնը, լաւ ու վատ օրերը միասին անցընելու վճռականութիւնը:
«Լոխ լա՛ւ ա», ու ամէն օր միայն կրնայ աւելի լաւ ըլլալ արցախեան երկինքին տակ… այդ հրաշք երկիրին մէջ: