ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԵՒ ՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԸ ԴԷՄ ԱՌ ԴԷՄ
ԳՐԻԳՈՐ Ծ. ՎՐԴ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ

Նոր հիւանդութեան նման, ներկայ աշխարհին մէջ տարածուած է տարեցներու յիշողութեան կորուստի հիւանդութիւնը: Դեղահատեր, մտամարզանքներ եւ այլ միջոցներ կը թելադրուին բժիշկներու կողմէ, մասամբ բուժելու համար այս հիւանդութիւնը, որ յատկապէս եօթանասունի դռները հասած անձերու մօտ երեւոյթ սկսած է դառնալ: Բազմաթիւ անգամ կրկնուած նիւթը միտք կարենալ պահելու դժուարութիւնը կամ՝ մի քանի առիթներով տեսած անձը, բնա՛ւ տեսած չըլլալու հաստատ համոզումը ոմանց մօտ, թոյլ կու տայ յայտարարելու, որ տուեալ անձը յիշողութեան դժուարութիւն ունի, որ ուղեղային մազերակներու չորացումի հետեւանք կը նկատուի:
Նորութիւն չէ՛, սակայն, այս հիւանդութիւնը: Անցնող սերունդի պատկանողներ եւս տառապած են նման հիւանդութենէ, իսկ զանոնք շրջապատող հարազատներ չեն իմացած պարզապէս անոր այսօրուան անունը, կամ անոր տուն տուող դրդապատճառները: Այսպէս, ինծի ծանօթ մէկուն մեծ մայրը, չորացումէ տառապելով, տարօրինակ պարտականութիւն կը զգար, փողոցին մէջ գետնի վրայ երեւցող ածելիներու ժանգոտած շեղփեր, կամ ապակիի սուր կտորներ հաւաքելու: Իրեն ուղղուած հարցումին, թէ ինչո՞ւ այդ աղբերը կը հաւաքէ, բացատրութիւն կու տար ըսելով, թէ՝ աղբահաւաքներուն ձեռքերը կրնան վիրաւորուիլ…: Անցեալին կրնային նոյնիսկ յիմար նկատել կամ միտքի հաւասարակշռութիւնը խախտած համարել վերոյիշեալ անձը: Սակայն, ներկայ բժշկութիւնը կ՛ըսէ, թէ՝ յիշողութեան գործօնը տկարացած ըլլալով, անցեալէն եկող ուղղակի տարբեր յուշեր կրնան գործուղղել ենթական, իր վարքին ու նոյնիսկ հանգամանքին խոտոր համեմատող արարքներ կատարելու, ինչպէս էր վերոյիշեալ պառաւին պարագան, որ նման աշխատանքի հետ բնա՛ւ առնչութիւն չէր ունեցած:
Արաբական բժշկութիւնը եւս որոշ գործնական լուծումներ կ՛առաջարկէր անցեալին, այն անձերուն համար, որոնք նման կացութեանց մէջ կը յայտնուէին: Այսպէս, յիշողութեան դժուարութեան հետեւանքով տարօրինակ նիւթերու մասին խօսող, տեղի-անտեղի ակնարկութիւններ ընող, եւ մինչեւ իսկ բազմաթիւ անգամներ իրեն ուղղուած խօսքէն անտեղեակ եղող ծերունիներուն կը թելադրէին պտղատու մայրի ծառի պտուղի հատիկներէն կլլել, օրը երեք անգամ՝ առտու, կէսօր եւ իրիկուն: Ոմանք դիւրին նկատելով այսպիսի լուծում, եւ ձերբազատուելու համար յիշողութեան դժուարութենէն, ափի մէջ տասնեակներով առնելով կը ծամէին նոյն պտուղի հատիկներէն: Սակայն արաբական բժշկութիւնը յատուկ նպատակով երեք հատ կը թելադրէր, այն ալ՝ դեղահատի նման կլլելու խրատականով: Վստահաբար գաղտնիք ունէր այդ թելադրութիւնը, որ բժշկական այս արուեստին տիրապետած, եւ սերունդէ սերունդ զայն ժառանագած անձերու համար լուծելի գաղտնիք է, եւ կամ արդէն ծանօթ պատճառներ ունի:
Այսօրուան աշխարհը տարբեր չէ՛ մարդակազմութեան իմաստով, հակառակ անոր, որ մարդը շրջապատող աշխարհը ամբողջութեամբ փոխուած է: Ուրիշ խօսքով, աշխարհը ինչքան ալ փոխուի, արտաքին կեղեւին վրայ նոր կառոյցներ բուսցնելով, նոր գիւտեր կատարելով, արհեստագիտական նորանոր գործիքներ հնարելով, մարդը պիտի մնայ նոյն մարդը: Քաղաքակրթութիւններ եկեր ու անցեր են, իրենց հետքը թողնելով պատմութեան էջերուն վրայ: Սակայն ո՛չ մէկ քաղաքակրթութիւն կրցած է վերջնականապէս կրթել մարդկային գազանական բնութիւնը, վայրագութիւնը կամ պատերազմական ախորժակները: Սա կը նշանակէ, որ մարդուն մորթը ի՛նչ գոյն ալ ունենայ, երբ քերթուի, անոր տակէն դուրս պիտի գայ անոր իսկական գոյնը, որ «մարդկայնութիւն»ն է, իր ամէն տկարութիւններով:
Այդ տկարութիւններուն ամէնէն խեղճը ու ցաւալին, կարճ յիշողութիւնն է: Ասիկա եթէ ֆիզիքականօրէն դիտած՝ ծերերու կամ տարիքի մէջ յառաջացեալ մարդոց յատուկ հիւանդութիւն է, երիտասարդներու մօտ յայտնուելու պարագային՝ ապերախտութեան համազօր մեղք է, որուն ներումը դժուար կարելի ըլլայ ստանալ: Երիտասարդներու մօտ յայտնուող կարճ յիշողութիւնը, գիտակցաբար կատարուած անտեսումը կամ դէպքերու ուրացումն է, որ կ՛ունենայ յատուկ դիտում եւ նպատակ: Այսպէս, երիտասարդը վկայութեան կանչուելով երբ կ՛ուրանայ քիչ առաջ իր տեսած դէպքը, կը նշանակէ թէ տարեցներու վերոյիշեալ հիւանդութեան պատճառով չէ՛ այդ անգիտութիւնը, այլ՝ դիտումնաւոր, որ կը կոչուի ուրացումի քաղաքականութիւն:
Ուրացումի քաղաքականութիւն որդեգրելու «ուխտ» կատարած երիտասարդները, առհասարակ մի քանի բառեր կ՛օգտագործեն, խուսափելու իրենց ուղղուած հարցումներէն, եւ կամ՝ իրենց այդ բառերով աւելի կասկածելի մթնոլորտ ստեղծելու տուեալ անձին շուրջ: Այսպէս, երբ վկայութեան կանչուին այդպիսիներ իրենց լաւապէս ծանօթ անձին համար իրենց տեսակէտը յայտնելու, իրենց առաջին ու հիմնական պատասխանը կ՛ըլլայ՝ «չեմ ճանչնար զինք»: Հարցումները երբ աւելի մասնաւոր դառնան ու անխուսափելի ըլլայ անորոշ թողուլ տուեալ անձին ու հարցուփորձուողին ծանօթութիւնը, կարճ յիշողութեան տէր անձեր կ՛ըսեն՝ «Կը ճանչնամ զինք, բայց»: Ուրացումի քաղաքականութիւնը իր գագաթնակէտին կը հասնի, սակայն, երբ ուղղակի սուտի գործօնը ծանր կշռէ նժարին մէջ, եւ կամաւորաբար կարճ յիշողութիւն ունեցողը ստելով ըսէ՝ «Կ՛ամչնամ իր մասին արտայայտուելու, ինծի վայել չէ՛…:
Վերոյիշեալ քաղաքականութիւնը, զոր կամաւորաբար կարճ յիշողութիւն ունեցող մարդիկ ի գործ կը դնեն, ունի նաեւ իր դրական ընթացքը, որ խորքին մէջ ժխտական է: Այսինքն՝ դարձեալ կամաւորաբար կարճ յիշողութեան տէր անձեր, անպէտ ու յանցապարտ մարդոց մասին լաւ վկայութիւն կու տան, քմահաճ մօտեցում ցուցաբերելով իրենց նախասիրած անհատներուն նկատմամբ: Այսպէս, անոնք կրնան ընկերութեան կեանքին համար վնասակար տարրերու մասին գեղահիւս տողեր իբրեւ վկայութիւն մատուցել, ծածկելով անոնց ամբողջ անցեալը: Դանակը սակայն, կարելի չէ՛ պահել կտաւէ պարկի մէջ, անիկա անպայման իր սրածայր «քի»չը դուրս պիտի հանէ, կ՛ըսէր փորձառու ծերունին: Այդպէս ալ, կեղծիքով պարուրուած լաւ վկայութիւնը օրին մէկը ստիպողաբար պիտի ցուցադրէ իր իսկական երեսը:
Մանկական նկարագիրով ու յեղյեղուկ խառնուածքով մարդիկ կը նկատուին կարճ յիշողութիւն ունեցող երիտասարդները: Հովէն տատանող եղէգի նման կը թեքին այն կողմ՝ ուր կը փչէ քամին: Իսկ ասոնց ագահ տեսակները՝ «հաց»ի ետեւէ վազքի մրցում կը կատարեն, մուրացիկներու նման ափ բացած, տուներուն դուռները թակելով օրն ի բուն:
Կարճ յիշողութիւնը երիտասարդ տարիքին՝ իսկական դժբախտութիւն է: Անոր դարմանը գրեթէ անգտանելի է, եթէ անձը ինքնադաստիարակութեան դիմելով, յատուկ ճիգ չկատարէ սրբագրուելու: Ծերերու համար ինչքան ներելի է այս հիւանդութիւնը, երիտասարդներու համար այդքան աւելի աններելի է, որովհետեւ մինչ առաջիններուն պարագային տարիքային գործօնը իր ազդեցութեան տակ կ՛առնէ ծերը, երկրորդներուն պարագային՝ կամաւոր կուրութիւնը իրեն կ՛ենթարկէ երիտասարդը…:
Կարճ յիշողութեամբ հիւանդացած կամաւոր զոհերուն նորօրեայ դարմանը՝ անաչառութիւնն է, կարենալ զանազանելու համար լաւը վատէն: