ԵՐԵՒԱՆ.- «Չենք լռելու» երիտասարդական նախաձեռնութեան անդամները, ահազանգ ստանալով Արարատ քաղաքէն՝ 20ամեայ զինուոր Յովհաննէս Վարդանեանին բանակին մէջ պատահած սարսափելի դէպքի մասին, հանդիպած են զինուորի հօր՝ Վարդանի հետ, որ իրենց պատմած է իրողութիւնը:
Վարդան Վարդանեան յայտնած է, որ Օգոստոսի սկիզբին, Ասկերանի մէջ 14 ամիս ծառայած իր զաւակի ընկերները կապուած են իր հետ եւ տեղեկացուցած, որ Յովհաննէսը արդէն 9 օր է՝ խելագարուած վիճակով կը գտնուի հոգեբուժարանի մէջ:
«Չենք լռելու» նախաձեռնութիւնը հրապարակած է տեսաժապաւէն մը՝ ներկայացնելով Վարդան Վարդանեանի պատմութիւնը: Նախաձեռնութիւնը նաեւ պաշտպանութեան նախարարութենէն պահանջած է քննութիւն բանալ եւ Յովհաննէսին խելագարութեան հասցնողները պատասխանատուութեան կանչել: Նախաձեռնութեան այս հրապարակումին լոյսին տակ, ՀՀ զինուորական դատախազ Գէորգ Կոստանեանի ցուցցմունքով յարուցուած է քրէական գործ: