ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Հայաստանի մշակոյթի նախարարութիւնը կազմել է ցանկը այն գրողներուն, որոնց պետական միջոցներէն գումարներ պիտի յատկացուին՝ իրենց հեղինակած գիրքերու հրատարակման նպատակով: Գրողներու ցանկը պիտի հաստատուի կառավարութեան Սեպտեմբեր 8ի նիստին ընթացքին:
Ըստ Մշակոյթի նախարարութեան առաջարկին, 28.8 միլիոն դրամ պիտի յատկացուի գրողներու գիրքերը հրատարակելու համար: Աջակցութիւն ստացող գրականութեան ցանկը պատրաստուած է ՀՀ մշակոյթի նախարարութեան կողմէ՝ Հայաստանի գրողներու միութեան հետ համատեղ: Ցանկին մէջ ընդգրկուած են հայ դասականներ (Համօ Սահեան, Եղիշէ Չարենց), արտասահմանցի հեղինակներու գիրքեր (Կէօթէ, Անաստասիա Ցուետաեւա եւ Նիլ Սարաջեւ, Իվ Բոնֆուա, Ռաբինդրանաթ Թագոր), ինչպէս նաեւ ժամանակակից հայ ստեղծագործողներ (Մետաքսէ, Հրաչեայ Թամրազեան, Դաւիթ Յովհաննէս, Արմէն Յովհաննիսեան):