ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Ճանապարհային ոստիկանութեան նախկին պետ Մարգար Օհանեանը, որ անցեալ շաբաթ (Օգոսոտս 30ին) կալանաւորուած էր պաշտօնական դիրքը չարաշահելու եւ գոյքի խոշոր չափերով յափշտակութիւն կատարելու մեղադրանքով, Երեւանի խոշոր «գծատէրերէն» է: Ըստ «Նիուզ»ի աղբիւրներուն, ոստիկանական այս բարձրաստիճան պաշտօնատարին կը պատկանին Երեւանի թիւ 22 եւ 39 երթուղային «թաքսի»ները, «Անգել» «թաքսի» ծառայութիւնը, թիւ 45 հանրակառքի երթուղին, եւ այլ երթուղիներ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.