ՊԷՅՐՈՒԹ.- Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի նախարարութեան, Հայկազեան համալսարանի եւ Երեւանի պետական համալսարանի կազմակերպած «Հայաստան-Սփիւռք գործակցութիւն. երէկ, այսօր եւ վաղը» նիւթով գիտաժողովը Երեքշաբթի, 6 Սեպտեմբերի առաւօտեան ժամը 9:30-ին սկսաւ իր աշխատանքներուն, Հայկազեան համալսարանին մէջ:
Ներածական նիստը վարեց Հայկազեան համալսարանի արուեստից եւ գիտութեանց բաժանմունքի տեսուչ դոկտ. Արտա Էքմեքճի, որ բարի գալուստ մաղթեց գիտաժողովի բոլոր մասնակիցներուն: Ընտրուած նիւթին անդրադառնալով՝ Արտա Էքմեքճի դիտել տուաւ, որ հիմնականը վաղն է, ապագան է. այս իմաստով ան յոյս յայտնեց, որ գիտաժողովը կարելի կ՛ըլլայ վերածել գործնական լուծումներ փնտռող, աշխուժ քննարկումներ կատարելով մատը վէրքին վրայ դնող միջավայրի:
Հաստատելով, որ ներածական նիստին երեք զեկուցաբերները իրենց ղեկավարած կառոյցներուն սիւներն են՝ Արտա Էքմեքճի հրաւիրեց Հայաստանի Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանը, որպէսզի ներկայացնէ իր նիւթը՝ «Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան զարգացման պետական քաղաքականութեան հիմնախնդիրները»:
Նախարար Յակոբեան կեդրոնացաւ Սփիւռք հասկացողութեան, անոր գոյութեան դրդապատճառներուն եւ ունեցած դերակատարութեան վրայ՝ իր գտնուած երկիրին ու իսկական հայրենիքին մէջ:
Իր խօսքին վերջին բաժինով նախարար Յակոբեան հաստատեց, որ հայութեան առաջնահերթութիւններուն կարգին են Հայաստանի հզօրացումը, Լեռնային Ղարաբաղի հարցի խաղաղ լուծումը, Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը, դատապարտումը, հետեւանքներու վերացումը, Սփիւռքի հայապահպանման հարցերուն նեցուկ կանգնիլն ու հայ եկեղեցւոյ շուրջ համախմբուիլը եւ քրիստոնեայ հաւատքով զօրանալը:
Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբէան հաստատեց, որ Սփիւռքը Հայաստանի համար օրակարգի մնայուն նիւթ է:
Այնուհետեւ ելոյթով հանդէս եկաւ նաեւ Հայկազեան համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան: Ան խօսեցաւ «Հայաստան-Սփիւռք կրթական-ուսումնական զարգացման պետական քաղաքականութեան հիմնախնդիրներ ու հեռանկարներ» նիւթին շուրջ:
Ներածական նիստի վերջին խօսքը արտասանեց Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի անդամ, Երեւանի պետական համալսարանի նախագահ դոկտ. Արամ Սիմոնեան: Ան խօսեցաւ «Հայաստան-Սփիւռք հայագիտական գործակցութեան զարգացման հիմնախնդիրներ ու հեռանկարներ» նիւթին մասին Հայագիտական գործակցութեան զարգացման հիմնախնդիրներու եւ հեռանկարներու մասին խօսելէն առաջ, ան ամփոփ ձեւով ներկայացուց հայագիտութեան պատմութիւնը եւ կարեւորութիւնը հայ իրականութեան մէջ:
Ներածական նիստի վերջին բաժինին մէջ տեղի ունեցաւ քննարկում՝ հարցում եւ պատասխանի ձեւով, որուն մէջ աշխուժ մասնակցութիւն ունեցան ներկաները:
«Հայաստանի Հանրապետութիւն-Սփիւռք գործակցութիւն. երէկ, այսօր եւ վաղը» նիւթով գիտաժողովին Ա. նիստը սկիզբ առաւ դոկտ. Ռազմիկ Փանոսեանի զեկուցումով: Հանդէս գալով «Տեսական հայեցակարգ հայրենիք-սփիւռք յարաբերութիւններուն. հետեւութիւններ, նկատողութիւններ եւ առաջարկներ» նիւթով, ան շեշտը դրաւ «Սփիւռք» բառին քաղաքական եւ գիտական սահմանումին փոփոխութեան վրայ:
Ապա նիստավար Արմէն Իւրնեշլեան հրաւիրեց դոկտ. Էդուարդ Մելքոնեանը, որ ներկայացուց «Հայաստան-Սփիւռք փոխճանաչման 20 տարին» նիւթը: Ան անդրադարձաւ Խորհրդային Հայաստանի երկաթեայ վարագոյրին ետին ծնած յարաբերութիւններուն, որոնք Հայաստանի Հանրապետութեան անկախացումէն ետք իսկ ունեցան իրենց վերիվայրումները, յատկապէս քաղաքական ծիրին մէջ, Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին նախագահի վարած քաղաքականութեան իբրեւ արդիւնք:
Ան իր նիւթը եզրափակեց առաջարկելով չշտապել լուծումներ գտնել բարդ հարցերուն, որոնք յաւելեալ ժամանակի կարիք ունին՝ աւելցնելով, որ եառաջ պէտք չէ տանինք մէկ տեսակ կարծիք՝ անտեսելով դիմացի կողմին շահերը:
Գիտաժողովի Բ. նիստով նիստավար Պարոյր Աղպաշեան բեմ հրաւիրեց դոկտ. Եուրի Աւետիսեանը՝ ներկայացնելու համար «Սփիւռքին առնչուող Հայաստանի Հանրապետութեան գիտակրթական կառոյցներ. անոնց տեղն ու դերը եւ Երեւանի պետական համալսարանի սփիւռքագիտութեան ամպիոնը» նիւթը: Ան խօսեցաւ խորհրդային շրջանին սփիւռքահայութեան հետ մշակութային կապի կոմիտէին տարած աշխատանքին մասին՝ արեւմտահայերէնով գիրքեր հրատարակելու ծիրին մէջ: Ապա գրականութեան բաժանմունքին մէջ կը հիմնուի սփիւռքագիտութեան վերաբերեալ բաժին մը, իսկ 2008 թուականէն ի վեր սփիւռքի նախարարութեան ստեղծման առընթեր կը հիմնուի սփիւռքագիտութեան ամպիոնը, որուն նպատակն է ծառայել Հայ Դատին եւ կրթական գործ վարել:
Երկրորդ բաժինով ելոյթ ունեցաւ դոկտորականի թեկնածու Սերժ Սրապոնեան: Ան «Լիբանանահայ գրականութեան անցեալը, ներկան եւ գալիքը (Հայաստան-Միջին Արեւելք/Լիբանանահայ Գրականութիւն անդրադարձումների եւ զարգացումների տեսլականով)» նիւթով անդրադարձաւ արեւելահայ եւ արեւմտահայ գրականութեան ճիւղաւորման պատճառով յառաջացած երկփեղկման, որ սակայն զայն նկատեց նաեւ հարստութիւն: Արեւելահայ գրականութիւնը ունի ռուսական ազդեցութիւն, ըսաւ ան, բայց նկատի առնելով, որ արեւմտահայերը կը գտնուէին մշակոյթ չունեցող պետութեան մը իշխանութեան տակ, պահած են իրենց մշակոյթը: Ան նշեց, որ սփիւռքահայ գրականութիւնը առհասարակ հայութեան գրականութիւնն է եւ ոչ միայն արեւմտահայ, օրինակ՝ Լեւոն Շանթ տիրապետելով հայերէնի երկու ճիւղաւորումներուն, գրած է երկու տարբերակներով:
Գիտաժողովը շարունակուեցաւ Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 7ին, առաւօտեան 9:30էն սկսեալ:
Գիտաժողովի երկրորդ օրուան առաջին նիստը կը վարէր դոկտ. Զաւէն Մսըրլեան, որ ողջունելով ներկաները՝ անոնցմէ խնդրեց ունենալ իրենց ներդրումը՝ պահելու համար գիտաժողովի ոգին:
Այնուհետեւ ելոյթ ունեցաւ պատմական գիտութիւններու թեկնածու Մհեր Յովհաննիսեան՝ ներկայացնելով համացանցին մէջ հայագիտութեան ներկայացուածութեան խնդիրները: Ան նշեց, որ հայրենիքէն դուրս ազգային արժէքներու պահպանման խնդիրներուն օգնութեան կը հասնի համացանցը, որ ընձեռած իր կարելիութիւններով կը նպաստէ հայագիտութեան արժէքներուն հանրութեան ներկայացման գործին:
Նիստին երկրորդ զեկուցաբերն էր «Ազդակ»ի տնօրէն եւ գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեան: Ան խօսեցաւ «Սփիւռքահայ մամուլին դիմագրաւած հիմնախնդիրները՝ Հայաստանի Հանրապետութիւն-Սփիւռք տեղեկատուական ծիրին մէջ. լիբանանեան կտրուածքով» նիւթին մասին: Գանտահարեան նշեց, որ ներկայիս մամուլ հասկացողութիւնը կ՛ընդգրկէ նաեւ ելեկտրոնային տարբերակը: Ըստ անոր, թերեւս կանուխ է յայտարարելու, սակայն կը թուի, որ համացանցային ծառայութիւնները շուտով պիտի փոխարինեն դասական տեղեկատուութեան ձեւը, որ արդէն նահանջի մէջ է:
Գանտահարեան ըսաւ, որ նկատի ունենալով, որ ներկայիս համացանցն ու ելեկտրոնային լրատուութիւնը կայծակի արագութեամբ կը հասնին անհատին՝ փոխանակ անհատը դիմէ անոնց, եւ նկատի ունենալով նաեւ, որ ելեկտրոնային լրատուութիւնները երբեմն կ՛ըլլան զուտ տեղեկատուական, երբեմն՝ վերլուծումներով, յաճախ ալ կ՛ըլլան նոյնիսկ ապատեղեկատուութեամբ:
Գիտաժողովի երկրորդ օրուան Բ. նիստը սկսաւ, երբ նիստավար դոկտ. Արշալոյս Թօփալեան բեմ հրաւիրեց Հայկազեան համալսարանի այցելու դասախօս Իշխան Չիֆթճեանը: Չիֆթճեան խօսեցաւ «Ինքնութեան տարբերութիւններէն մինչեւ հասարակաց ինքնութիւն. սփիւռքահայ-հայաստանցի ինքնութեանց ծալքեր» նիւթին մասին: Ան դիտել տուաւ, որ գոյութիւն չունի հայկական մէկ ինքնութիւն, քանի որ գոյութիւն ունին սփիւռքածին հայեր, սփիւռք դարձած հայեր եւ Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացի հայեր, եւ այս երեքէն իւրաքանչիւրը ունի իրեն յատուկ ներսի եւ դուրսի (Հայաստանէն ներս թէ դուրս) հասկացողութիւնը: Եզրափակելով իր խօսքը՝ զեկուցաբերը ըսաւ, թէ տարբեր են սփիւռքցին եւ հայաստանցին, սակայն կայ հայութեան միասնութեան գաղափարը:
Նիստին յաջորդ զեկուցաբերը՝ դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեան, ներկայացուց «Հայաստանցիներու համարկումը լիբանանահայութեան» նիւթը: Ան լուսարձակի տակ առած էր 15 զոյգեր, որոնց հետ հարցազրոյցներ ունենալով փորձած էր բացատրել հայաստանցի հարսերուն դիմագրաւած դժուարութիւններն ու օտար երկրի մը մէջ հաստատուելու փորձառութիւնը:
Հայաստանցի հարսերու եւ լիբանանահայ տղամարդոց միջեւ կնքուած պսակները սկիզբ առած են 1960ական թուականներուն առաւելաբար ուսանողներու միջեւ, սակայն 1990ական թուականներէն սկսեալ արդէն այս հոլովոյթը տեղի ունեցած է այլ մակարդակներու վրայ: Տագէսեան լուսարձակի տակ առաւ հայաստանցի հարսերուն լիբանանահայ կեանքին դրսեւորումը, անոնց դիմագրաւած լեզուական եւ կենցաղային տարբերութիւններն ու դժուարութիւնները:
Սոյն նիստին իբրեւ քննարկումի նիւթ հարց դրուեցաւ ինքնութեան չափանիշ մը ունենալու խնդիրը, ընկերային հաւաքական ինքնութեան խնդիրը: Խօսք առնելով՝ Երեւանի պետական համալսարանի նախագահ դոկտ. Արամ Սիմոնեան ըսաւ, որ Հայաստանը մեր մայր հայրենիքն է, իսկ երկրին խորհրդանիշները գիտութիւնը, հզօր բանակն ու մատենադարանն են: Թէեւ պետութիւնը միայն 20ամեայ կեանք ունի, սակայն հայութիւնը ունի այն ներուժը, որ կրնայ ուղղել պետութիւնը:
Գիտաժողովի նիստերը եզրափակելու համար տեղի ունեցաւ ընդհանուր քննարկում: Խօսուեցաւ Հայաստանի եւ Սփիւռքի միջեւ գոյութիւն ունեցող խոչընդոտները քանդելու կարեւորութեան մասին:
Աւարտին տեղի ունեցաւ յուշանուէրներու յանձնում: