Կիրակի, Սեպտեմբեր 11ին, Սուրբ Խաչի վերացման տօնին եւ եկեղեցւոյ անուանակոչութեան առիթով, Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր տաճարին մէջ պիտի պատարագէ եւ քարոզէ առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան: Ժամերգութիւնը պիտի սկսի ժամը 10ին, իսկ Ս. պատարագը՝ ժամը 10:45ին: Յաւարտ Ս. պատարագի տեղի պիտի ունենայ Մատաղօրհնէք եւ հաւաքական սիրոյ ճաշ՝ «Բաղրամեան» սրահին մէջ, պատրաստութեամբ տաճարի տիկնանց միութեան:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.