
ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- «Ուիքիլիքս»ի այն հրապարակումը, թէ Օսմանեան կայսրութեան արխիւներուն մէջ Հայկական Ցեղասպանութեան վերաբերող փաստաթուղթերը երկու անգամով մաքրագործուած են, դարձեալ օրակարգի բերաւ արխիւներուն վստահելիութեան հարցը։
Ինչպէս գրած էինք, Հալիլ Պերքթայ ամերիկացի հիւպատոսին հետ խօսելու ընթացքին ատենօք ըսած էր, որ արխիւները երկու անգամ մաքրագործուած են, եւ հանգստեան կոչուած թուրք դեսպան Պիրկին խոստովանած էր, թէ ահաւոր ջարդ մը կատարուեր է հայերուն դէմ։
Պատմագիր եւ հրապարակագիր Սայիտ Չեթինօղլու, որ շատ ցնցիչ հրապարակումներ ու մերկացումներ ըրած է ունեւորութեան տուրքի եւ Հայկական Ցեղասպանութեան մասին, «Աթըլըմ» կայքին մէջ կը գրէ, որ «Ուիքիլիքս»ի հրապարակած փաստաթուղթերը անգամ մը եւս կը հաստատեն «այն, ինչ արդէն գիտէինք ու շարունակ կը պնդէինք»։
Չեթինօղլու կը հաստատէ Պերքթայի ըսածները ու կ՛աւելցնէ. «Օսմանեան արխիւները ո՛չ միայն մաքրագործուեցան ու զտումի ենթարկուեցան, այլ նաեւ սխալ տեղեկութիւններով խեղաթիւրուեցան»։
«Ուիքիլիքս»ի կողմէ հրապարակուած փաստաթուղթը 2004 թուականին պատրաստուած է ամերիկացի հիւպատոսին կողմէ: Հոն կը նշուի, որ սփիւռքահայութիւնը արդէն անհամար փաստաթուղթեր ունի այն մասին, թէ Օսմանեան կայսրութեան օրերուն հայերու դէմ բնաջնջումի հետեւողական քաղաքականութիւն գործադրուեցաւ, մինչ Թուրքիա պատրաստեց թէզ մը, որուն միջոցաւ կը փորձէ ինքզինք պաշտպանել՝ պնդելով, որ հայերը աքսորուեցան ու տեղահանուեցան թուրքերու վրայ իրենց կատարած յարձակումներուն հետեւանքով։ Հայ ու օտար պատմաբաններ կը պնդէին, որ Թուրքիոյ հանրապետութիւնը միշտ արգելք հանդիսացած է Օսմանեան արխիւներու քննարկման։ Պատմաբան Գէորգ Պարտաքճեան ամերիկացի պաշտօնատարներուն ըսած է, որ 70ական ու 80ական թուականներուն մերժուած է արխիւները քննարկելու մասին իր կողմէ ներկայացուցած դիմումները: Տեղեկագիրին մէջ կ՛ըսուի նաեւ, որ արխիւներու հայկական մասերը այսօր եւս տեւաբար «կը մաքրագործուին»։
Պատմաբան Չեթինօղլու կ՛աւելցնէ, թէ հարցը միայն արխիւներու մաքրագործումը չէ, որովհետեւ մաքրագործումին առընթեր, նոր ու սխալ տեղեկութիւններ կը ստեղծուին ու անոնցմով կը քօղարկուի պատմական տուեալներու ճշմարտութիւնը։ Ըստ անոր, Ա. Աշխարհամարտի աւարտին, երբ գերմանացիները պարտուեցան ու նահանջեցին, անոնք իրենց հետ տարած են իրենց մեղսակցութիւնը ցոյց տուող բոլոր փաստաթուղթերը, սակայն որոշ փաստեր մնացած են:
Չեթինօղլու կը պնդէ նաեւ, թէ Պերլին-Պաղտատ երկաթուղիի ընդհանուր տնօրէնը հրահանգած է, որ հայերը սպաննուին, ու այդ մասին փաստաթուղթը գոյութիւն ունի։ Ան ցնցիչ օրինակ մը կը համարէ նաեւ Թալէաթ փաշայի սպանութեան դատավարութիւնը։ «Գերմանացիները ժամ առաջ անպարտ արձակեցին Թէհլիրեանը, որպէսզի խնդիրը շուտ մը փակուի ու այդ մասին երկար չխօսու»ջ, կ՛ըսէ ան:
Չեթինօղլու կը պնդէ, որ հիմա արխիւները քօղարկուած են սխալ տեղեկութիւններով։ Օրինակ, հոն կ՛ըսուի, թէ Դանիէլ Վարուժան ազատ արձակուեցաւ, մինչդեռ Դանիէլ Վարուժան Չանգըրըի մէջ սպաննուեցաւ։ Այս մասին Թաներ Աքչամ հրատարակած է զգայացունց փաստաթուղթեր։