
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Արմէնփրէս».- Արցախի Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեանի գլխաւորած խորհրդարանական պատուիրակութիւնը Սեպտեմբեր 11ի ուշ երեկոյեան ժամանած է Ուաշինկթըն՝ մասնակցելու համար Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան հռչակման 20ամեակին նուիրուած տօնական միջոցառումներուն:
Սեպտեմբեր 12ին, ԼՂՀ պատուիրակութիւնը, որուն կազմին մէջ են Ազգային ժողովի Ընկերային ոլորտի հարցերու մշտական յանձնաժողովի նախագահ Զոյա Լազարեանը եւ ԱՄՆի ու Գանատայի մօտ ԼՂՀ մշտական ներկայացուցիչ Ռոպերթ Աւետիսեանը, շարք մը առանձին հանդիպումներ ունեցած է Ուաշինկթընի մէջ գործող Հարաւային Կովկասի հարցերով զբաղող փորձագէտներու հետ: Հանդիպումներուն ընթացքին քննարկուած են տարածաշրջանին մէջ տեղի ունեցող գործընթացները՝ ատրպեճանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման աշխատանքներու ծիրէն ներս:
Սեպտեմբեր 13ին, Արցախի պատուիրակութիւնը ԱՄՆ Քոնկրեսէն ներս հանդիպումներ ունեցած է Էտըմ Շիֆի եւ Էլիըթ Էնկելի հետ: Քոնկրեսականները հարցեր ուղղած են Արցախի ներկայ կացութեան, տնտեսական եւ ընկերային ծրագիրներու իրականացման ու ղարաբաղեան հիմնախնդիրի շուրջ վերջին զարգացումներուն մասին: Էտըմ Շիֆ անհանգստութիւն յայտնած է վերջին շրջանին հակամարտութեան գօտիին վրայ Ատրպէյճանի կողմէ հրադադարի խախտման կապակցութեամբ, անընդունելի նկատելով նման պահուածք:
Այնուհետեւ Արցախի պատուիրակութիւնը այցելած է Ուաշինկթընի մէջ գործող հայկական կազմակերպութիւններու գրասենեակներ՝ հանդիպելով Ամերիկայի հայկական համագումարի գործադիր տնօրէն Պրայըն Արտունիի, Հայ Դատի Ուաշինկթընի գրասենեակի ղեկավար Արամ Համբարեանի եւ ԱՄՆ-Հայաստան հանրային կապերու յանձնախումբի համակարգող Ռոս Վարդեանի հետ: Սոյն հանդիպումներուն ընթացքին, ԼՂՀ Ազգային ժողովի նախագահը Արցախի իշխանութիւններուն կողմէ ԼՂՀ պետական պարգեւներ յանձնած է հասարակական գործիչ, ՀՅԴ Բիւրոյի նախկին անդամ Կարօ Արմէնեանին, Ռոս Վարդեանին, Պրայըն Արտունիին եւ Արամ Համբարեանին:
Նոյն օրը երեկոյեան, ԱՄՆ Քոնկրեսի «Ոսկէ սրահ»ին մէջ տեղի ունեցած է ԼՂՀ հռչակման 20ամեակին նուիրուած կեդրոնական միջոցառումը: Տօնական երեկոն կազմակերպած էին Քոնկրեսի Հայկական հարցերով խումբի համանախագահներ Ֆրանք Փալոն եւ Էտ Ռոյս, ԱՄՆի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատունը, Միացեալ Նահանգներու մօտ Արցախի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցչութիւնն ու հայ-ամերիկեան կազմակերպութիւնները:
Երեկոյին, զոր վարած է Ֆրենք Փալոն, մասնակցած են տասնեակ քոնկրեսականներ, որոնք իրենց ելոյթներուն մէջ ընդգծած են ԼՂՀի հռչակման օրինականութիւնն ու անկախ պետականութեան կառուցման գործին մէջ Արցախի ձեռքբերումները:
Քոնկրեսականները վերահաստատած են իրենց պատրաստակամութիւնը՝ Արցախի Հանրապետութեան միջազգային ճանաչման նպաստելու:
Երեկոյի գլխաւոր բանախօս, Արցախի խորհրդարանի նախագահ Աշոտ Ղուլեան շնորհակալութիւն յայտնած է քոնկրեսականներուն՝ անցեալ քսան տարիներու ընթացքին անոնց ցուցաբերած անկողմնակալ եւ անշահախնդիր վերաբերմունքին համար, անոր պատճառը տեսնելով համամարդկային արժէքներուն Արցախի եւ ԱՄՆ ժողովուրդներու հաւատարմութեան մէջ: