ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
«Ասպարէզ» ընթերցող մը մեր ուշադրութեան յանձնեց Արցախի պաշտպանութեան Բանակի մամլոյ բաժինին կողմէ հրապարակուած տեսաերիզը՝ վար առնուած անօդաչու ինքնաթիռը ներկայացնող:
Գիտնական ընթերցողը նկատած է, որ ինքնաթիռի կառավարման դրութեան սարքերէն կտոր մը, Սան Տիէկոյի մէջ գործող «Նովաթել» ընկերութեան արտադրանքն է:
Ատրպէյճանը իր անօդաչու ինքնաթիռները կը գնէ Թուրքիայէն, որուն հետ ձեռնարկած է նաեւ համատեղ արտադրութեան՝ նոյն տեսակի ինքնաթիռներու, որոնք յայտնապէս կ՛օգտագործեն ամերիկեան արտադրութեան կազմածներ:
Ամերիկան ռազմական իր արտադրութիւններուն տարածումը կանոնակարգած է որոշ պայմաններով, որոնց հսկելու պարտականութիւնն ու պատասխանատուութիւնը տրուած է արտաքին գործոց նախարարութեան (պետական քարտուղարութիւն):
Ամերիկեան «Նովաթել» ընկերութիւնը նոյնպէս պարտաւոր է ենթարկուիլ նոյն կանոնակարգող պայմաններուն, որոնք ընդհանրապէս կ՛արգիլեն ամերիկեան կտորներու տրամադրումը ռազմական նպատակներու համար օգտագործուող սարքերու պատրաստման, մասնաւորապէս՝ պատերազմական գործողութիւններու մէջ անոնց կիրարկման:
Մեր ընթերցողը կը յանձնարարէր, որ «Նովաթել»ի պարագան փոխանցէինք Ուաշինկթընի Հայ Դատի գրասենեակ, որպէսզի հետապնդեն հարցը եւ համապատասխան քայլերու դիմեն:
Շնորհակալութիւն կը յայտնենք մեր ընթերցող բարեկամին եւ կը տեղեկացնենք, որ Ուաշինկթընի մէջ Հայ Դատի յանձնախումբը արդէն իսկ նամակ մը յղած է արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթընին, բողոքելով այս օրինազանցութեան դէմ, եւ պահանջելով, որ ամերիկեան իշխանութիւնները առաւել աչալրջութեամբ հետեւին ռազմական նպատակներու համար օգտագործուող արհեստագիտական արտադրանքներու տարածման, ու կանխեն նման պարագաներու կրկնութիւնը:
Փաստօրէն, ամերիկեան իշխանութիւնները պարտին յանձնաժողով ուղարկել Ատրպէյճան եւ տեղւոյն վրայ քննել ատրպեճանական անօդաչու ինքնաթիռներուն կազմածները, ապա տնօրինել պատշաճը՝ արգիլելով ամերիկեան կտորներու օգտագործումը պատերազմական գործողութիւններու մէջ: