ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Սեպտեմբեր 21 է դարձեալ եւ հայ ժողովուրդը, աշխարհով մէկ, արդար հպարտութեամբ կը տօնէ

Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախացման քսանամեակը:
Ինչպէս քսան տարի առաջ, նաեւ այսօր մեր ժողովուրդը ոչ մէկ կասկած ունի, որ 21 Սեպտեմբեր 1991ի Անկախութեան Հանրաքուէի ժամանակ ճիշդ քայլ նետեց, երբ միաձայնութեամբ «Այո՛» պատասխանեց Խորհրդային Միութեան կազմէն դուրս գալու եւ անկախ ապրելու պատմական հարցադրումին:
Անկախութեան առաջին քսան տարիները իրապէս շատ դժուար եղան: Խորհրդային փլուզուող կայսրութենէն մեր ժողովուրդը ժառանգեց անդամալոյծ եւ սնանկացած տնտեսութիւն մը, որ հասարակափոխութեան դաժան պայմաններուն մէջ ուղղակի անտիրութեան, ծայրայեղ չքաւորութեան եւ ապագայի անորոշութեան մատնեց հայրենի հայութիւնը:
Առարկայական այդ դժուարութեանց վրայ գումարուելու եկան նորանկախ մեր պետականութեան կառավարման ղեկը ստանձնած քաղաքական ուժերուն գործած քաղաքական եւ ընկերատնտեսական ծանր սխալները, որոնց հետեւանքով անարդարութիւնը համատարած բնոյթ ստացաւ մեր կեանքին մէջ՝ աւելի քան մէկուկէս միլիոն հայերու արտագաղթին յաւելեալ թափ տալով, ինչ որ կը շարունակուի մինչեւ մեր օրերը:
Այդ բոլորով հանդերձ՝ մանուկ մեր անկախութիւնը արդէն քսան տարեկան կը դառնայ այսօր, Ազգի եւ Հայրենիքի Պետական Տունը արդէն տոկացած է ժամանակի քննութեան, հիմնական նուաճումներ արձանագրած է եւ իր տեղը գրաւած է ազգերու մեծ ընտանիքին մէջ, ինչպէս նաեւ քաղաքական ու քաղաքացիական կենսունակութեամբ լծուած է անցեալի ընկրկումները յաղթահարելու եւ վաղուան պայծառ գալիքը նուաճելու զօրաշարժին:
Աւելի՛ն. նոր ժամանակներու մէջ առաջին անգամ ըլլալով, հայ ժողովուրդը իր երկու՝ հայրենական ու սփիւռքեան թեւերով միասնաբար կը դիմագրաւէ անփոխարինելի մեր անկախութեան ամրապնդման եւ հայոց պետականութեան հզօրացման մարտահրաւէրները:
Ինչպէս կ՛ըսե՛ն, պայքարը դեռ մեր առջեւն է եւ այնքան ալ հարթ չէ Ազատ ու Անկախ, մանաւանդ նաեւ Միացեա՛լ Հայաստանի կերտման ուղին:
Իսկ վաղուան մեր երթին յաղթական ընթացքը ապահովելու համար, կենսական կարեւորութիւն կը ներկայացնէ կտրուած ուղիին ճիշդ գնահատումը, անցեալի դասերէն օգտուելու՝ սխալները չկրկնելու եւ յաջողութիւնները ամրապնդելու իմաստութիւնը:
Իմաստութիւն, որ առաջին հերթին բաց ճակատով հաշուի պիտի նստի սեփական անցեալին հետ. ո՛չ մոռացումի մատնէ իրողութիւնները, ոչ ալ յատկապէս խեղաթիւրէ զանոնք՝ այս կամ այն քաղաքական ուժին ի նպաստ ծառայութիւն մատուցանելու նեղ ու անհեռանկար հաշիւներով:
Սկսելով նոյնինքն Սեպտեմբեր 21ի տարեդարձէն, յիշենք ու չմոռնանք, որ 1991 թուականի Սեպտեմբեր ամսու այս օրը, համաժողովրդային հանրաքուէով, մենք նուիրագործեցինք 23 Օգոստոս 1990ի Հայաստանի Անկախութեան Հռչակագիրը: Քսան տարի առաջ, Սեպտեմբեր 21ին, տակաւին խորհրդային լուծի տակ գտնուող Հայաստանի քուէարկելու իրաւունք ունեցող քաղաքացիներուն 99 տոկոսի միահամուռ ձայնով՝ մեր ժողովուրդը «Այո՛» պատասխանեց Հայաստանը Խորհրդային Միութեան կազմէն դուրս բերելու եւ անկախ հանրապետութիւն հռչակելու Հանրաքուէի միակ հարցումին:
Բառացիօրէն այդպիսի՛ն էր բանաձեւումը Հանրաքուէով համաժողովրդային դատաստանին ներկայացուած Մեծ Հարցադրումին եւ, ի փառս Հայաստանի ու հայութեան, հայրենի մեր ժողովուրդը իր 99 տոկոսով՝ միաձայնութէամբ ընտրեց Հայաստան Աշխարհի ու հայոց պետականութեան վերանկախացման ուղին:
Այո՛, յանուն Հայաստանի վերանկախացման նետուած քայլ էր 1991ի այս օրուան Հանրաքուէն եւ միայն պատմական ճշգրտութեան սիրոյն չի կատարուիր Սեպտեմբեր 21ի Հանրաքուէին քաղաքական նշանակութեան եւ գաղափարական ընտրանքին վերաբերեալ այս յստակացում–յիշեցումը: Այլ կը միտի լիարժէք ընկալելու եւ գնահատելու Հայաստանի անկախութեան ի խնդիր հայրենի հայութեան կատարած Սեպտեմբեր 21ի ընտրանքին արժէքն ու պատգամը:
Յիշենք ու չմոռնանք, որ 23օգոստոս 1990ին հաստատուած Հայաստանի Անկախութեան Հռչակագրով, մեր ժողովուրդը որոշած էր քալել 28 Մայիս 1918ին նուաճուած Հայաստանի անկախութիւնը եւ անոր ծնունդ Հայաստանի Հանրապետութեան ազգային ու ժողովրդավարական աւանդոյթը վերականգնելու ռազմավարութեան հունով:
Այդ առումով ալ՝ Հայաստանի Անկախութեան վերականգնման օրն է Սեպտեմբեր 21ը, որովհետեւ 28 Մայիս 1918ին հայ ժողովուրդը նուաճեց իր անկախութիւնը:
Յիշենք ու չմոռնանք, նաեւ, որ Սեպտեմբեր 21ի Անկախութեան Հանրաքուէն փաստօրէն հակազդեցութիւն–պատասխան էր Մարտ 1991ի Խորհրդային համամիութենական հանրաքուէին: Կորպաչովի ղեկավարած խորհրդային կեդրոնական իշխանութիւնները որոշած էին համամիութենական հանրաքուէ մը կազմակերպել, որպէսզի Խ. Միութիւնը բաղկացնող հանրապետութեանց քուէարկելու իրաւունք ունեցող քաղաքացիներու ձայնով ու ընտրանքով պահպանեն բազմազգ Խորհրդային Միութիւնը: Իսկ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի ղեկավարած Հայաստանի իշխանութիւնները եկան շրջելու Հանրաքուէի առանցքային հարցադրումը՝ Խորհրդային Միութենէն անջատաբար Հայաստանի Անկախութեան ընտրանքի հարցը ներկայացնելով Հանրաքուէի:
Յիշենք ու չմոռնանք, նոյնպէս, որ Հայաստանի վերանկախացման համար մղուող պայքարը, այդ օրերուն, փաստօրէն յառաջ կը մղուէր իրարու ներհակ ռազմավարութիւններով՝ «անկախական» եւ «անջատողական» ուղղութիւններով:
Մինչ հայ քաղաքական մտքի աւանդական ուժերը կը շեշտէին Արցախի ազգային–ազատագրումը հակախորհրդային անջատողական շարժումին չստորադասելու հրամայականը, անդին՝ նորայայտ գործիչներ պարզած էին ամէն գնով խորհրդային կործանուող «գնացք»էն դուրս «թռչելու»դրօշը…
Անջատողական միեւնոյն այդ ռազմավարութեան ներշնչումով էր, որ օրուան ՀՀՇական գործիչները մերժելով մերժեցին Անկախութեան իրաւական հիմքը ստեղծող Հայաստանի Սահմանադրութեան որդեգրումը: Ընդհակառակն՝ յատուկ օրէնք ընդունեցին Հայաստանի Նախագահի պաշտօնի ստեղծման մասին, որուն համար ընտրութեանց թուական ճշդուեցաւ 1991ի Հոկտեմբերը:
Սեպտեմբեր 21ի Հանրաքուէին քսանամեակին առիթով կարժէ վերյիշել մեր կտրած ուղիին այդ փշոտ անցքերը, որպէսզի Հայաստանի վերանկախացման եւ Հայաստանի Հանրապետութեան վերականգնման Մեծ Քայլի իր իմաստով, արժէքով եւ փառքով տօնենք մեր ժողովուրդին 99 տոկոսի միահամուռ «Այո՛»ն՝ ի սպաս հայ ժողովուրդի ամբողջական ազատագրութեան երթին:
Կարժէ վերյիշել, որպէսզի մեր այսօրուան քայլերուն եւ վաղուան ընտրանքներուն մօտենանք հայ ժողովուրդի կենսափորձին եւ սորված դասերուն ամբողջական գիտակցութեամբ:
Որպէսզի բնաւ մտահան չընենք, որ՝
– Մեր ժողովուրդը, յանուն Հայաստանի անկախութեան, պատրաստ է ամէն զոհաբերութեան, անգամ գերագոյնին: Նոյնիսկ երբ անկախութեան առաջին օրերը՝ «Լեւոնի տարիները» ծանր զրկանքի եւ ծայրայեղ աղքատացման մատնեցին մեր ժողովուրդին, «խորհրդային ժամանակներու կարօտախտ» դրսեւորելով հանդերձ, դարձեալ ազգովին մենք կառչած մնացինք անկախութեան երթը ամէն գնով յառաջ մղելու հաւաքական ուխտին ու յանձնառութեան: Եւ եթէ միլիոնով հայերու արտագաղթ տեղի ունեցաւ եւ զգալապէս դատարկուեցաւ Հայաստանը, պատճառը սոսկ կամ այնքան սովն ու անապահովութիւնը չէին, որքան համաժողովրդային ընդվզումն էր արագօրէն եւ վայրագօրէն յղփացող իշխանաւոր վերնախաւի մը կազմաւորման եւ բռնիշխանական վարքագծին անարդարութեան դէմ:
Մեր ժողովուրդը ամէն հիմք ունի այսօր հպարտութէամբ տօնելու Սեպտեմբեր 21ի Անկախութեան Հանրաքուէի Օրուան տարեդարձը:
Հայաստանն ու հայութիւնը, Սեպտեմբեր 21ի Մեծ Քայլով, կրցան նուաճել Իրաւական եւ Ժողովրդավարական կայացման ու ինքնահաստատման ուղին՝ յանուն Հայաստանի ազատ ու անկախ Հանրապետութեան վերականգնումին:
Միացեալ Հայաստանի ուղին դեռ մեր առջեւն է՝ երկար ու անհարթ ճամբու մը բոլոր դժուարութիւններով, որոնց յաղթահարումը կախեալ է մեր հաւաքական կամքէն եւ միասնական ուժէն, որպէսզի նախապատրաստենք եւ պատրաստ գտնուինք քաղաքական այն նպաստաւոր պահուն, երբ ազգովին պիտի յաջողինք իր տրամաբանական աւարտին հասցնել 23 Օգոստոս 1990ին հռչակուած եւ 21 Սեպտեմբեր 1991ին ամրագրուած Հայաստանի անկախութեան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան աւանդներու վերականգնման պայքարը: