
– Բարեւ,
= Ողջոյն,
– Արեգը վերադարձա՞ւ,
= Նորէ՞ն.
– Ինչո՞ւ ոչ
= Տակաւին.
– Ազդանշանները
պէտք չէ՞ մաքրուին.
= Կարիքը չկայ.
– Կրնա՞ն կարդալ
= Անասուննե՞րը.
– Կիսափուլ տուներէն
ծուխ կը մխա՞յ.
= Նախորդ դարու պատմութիւնն է,
չի մոռցուիր.
– Տակաւի՞ն
= Անծանօթ են խաղին.
– Միւսնե՞րը
= Գացին
– Ինչո՞ւ
= Մոսկուան,
Պոլիսը,
Քաթարը,
Փարիզը,
Ամերիկանե՜րը վայելելու.
– Վայելելո՞ւ
= Այդպէս բան մը.
– Ծանօթ ե՞ն
լեզուներուն
= «Կաւատ»ները սորվեցուցին
համը անկողինին,
մարդոց դրամին…
– Բոլո՞րը
= Մնացեալները
«վռնտեցին»
– Ո՞վ
= Ծանօթները
– Զարմանալի՞
= Հրահանգովը
«շեֆ»երուն
– Տուներո՞ւն
պէտք ունէին
= Տուներուն,
հողերուն,
խիղճերուն.
– Եթէ խիղճերը չանսացին
= Դարձան խեղճ,
անտուն,
անօթի,
գաղթեցին
– Երկիրը նո՞յնն է
= Նոյնը կամ տարբեր,
արեւը նոյնն
է ամէն տեղ.
– Բայց հողը՝
տարբեր.
= Հարց չէ,
կը վարժուին,
կը սորվին լեզուն,
ուշ կամ կանուխ
կը ձուլուին.
– Իսկ դո՞ւք
= Կը սպասենք
Կոտոյին.
– Երկիրը նո՞յնն է
= Նոյնն է
– Արտագաղթողներ կա՞ն
= Շատ
– Ո՛վ որ կ՛ուզէ
= Ո՛վ որ կրնայ.
– Ոմանք
կը շարունակեն տեսնել
Դէպի Երկիր «երազը».
= Կ՛ուզե՞ն ներգաղթել
– Կը թուի.
= Կողոպտուելո՞ւ
– Ի՞նչ ընեն.
= Այցելութեան թող երթան,
համբուրեն հողը
պապենական,
քանի ուշ չէ
– Ինչո՞ւ
= Փրոթոքոլի սիրահարները
ստորագրութեան հետ տակաւին
հողը չեն ծախած Թուրքին.
– Թշուառներ կա՞ն
= Այդ ալ ինչքա՜ն.
– Ո՞ւր են
= Մաս մը
Երեւանի հիւրանոցներու մուտքերուն…
եթէ վճարեն.
– Միւսնե՞րը
= Երկրաշարժէն տուժած շրջանները.
– Նորոգելո՞ւ
= Ապրելու.
– Վերջապէս նորոգեցի՞ն
= Համբերէ,
կամա՜ց-կամա՜ց կը նորոգեն.
– Ծաղկաձոր այցելողներու
թիւը աճած է.
= Վաղը կը նուազի
– Ինչպէ՞ս
= Նոր ամուսնացող
այցելուներուն թիւը
պիտի բազմապատկուի.
անշուշտ ո՛չ բոլորը.
միայն անոնք,
որոնք կրնան
թագաւորական պսակի
ծախսերը հոգալ
պիտի վայելեն
Ծաղկաձորի բարիքները.
– Թագաւորական պսակի՞
= Վաղը կը լսես,
երբ պալատներու շինութիւնը աւարտի.
– Ո՞ւր
= Ծաղկաձոր
– Յուսամ՝ պիտի չտուժեն
անտառները,
բնութիւնը,
պատմական վայրերը,
հնութիւնները
= Հազարամեակներ լռած
աւերակնե՞րը,
ծառե՞րը աւելի կ՛արժեն,
թէ՞ դրամը.
– Երեւա՞նը
= Հինը չէ՛.
– Էրեբունի՞ն
= Թամանեանին երազածը.
– Կարելի է այցելել
= Անշուշտ.
– Փողոցները նոյնն ե՞ն
= Փողոցները նոյնն են,
բայց պալատները,
շէնքերը,
շինութիւնները՝ անծանօթ.
– Պալատները,
շէնքերը,
շինութիւնները
անծանօթ նո՞ր են
= Նոր են, հիանալի…
կը կորսուիս
– Ինչո՞ւ այդքա՛ն,
ինչպէ՞ս
= Սո՛ւս, Մաֆիոզները չլսեն
– …
= Նաեւ «Շեֆ»երը.
– Ղեկերը չտեսա՞ն,
չզգացի՞ն
= Աշուշտ տեսան,
զգացին, վայելեցին,
օրերը շաքարահամ.
կը վայելեն տակաւին.
– Մէկը
= Նոր խաչակրութեան կը սպասէ.
– Տակաւի՞ն
= Ամէն օր՝
Վանոյի ձեռքով հիւսուած
թագերը նոր փորձելով.
– Առանձին
= Շատեր շարքի կեցած՝
կը սպասեն կարգի
– Միւսը՞
= Կարգին Businessman-է,
ոչ տեսաւ
«ոչ լսաւ»
«ոչ խօսաւ»
ոչ ըրաւ,
միլիառներ դիզած՝
հեռացաւ:
– Ինչպէ՞ս
= Հետեւեցաւ
վարպետներու օրինակին
հիմա կը փորձէ
ունեցածը բազմապատկել…
– Նորը
= Ամէն պարանի վրայ
պարել գիտէ,
ամէն բեմի վրայ՝
երգել,
օդանաւէ՝
բարեւ
համբոյր ղրկել,
անշուշտ՝
եթէ տէրերը
թոյլ տան
կամ՝ թելադրեն…
– Ուրի՞շ
= Ֆութպոլի խաղը
շատ կը սիրէ
մանաւանդ՝
թրքականը
(Շարունակելի…)
ՀԱԶՐՕ