
ՄՈՍԿՈՒԱ.- Ըստ «Վեչերնիայա Մոսկուա» ռուսական օրաթերթին, Սեպտեմբեր 18ի առաւօտեան, Մոսկուայի փողոցներէն մէկուն աղբանոցին մէջ գտնուած է 40ամեայ հայ «թաքսի»ի վարորդի մը դիակը:
Քաղաքի ոստիկանութիւնը արդէն ձերբակալած է սպանութեան մէջ կասկածեալները, որոնք վարորդը նախ դանակահարած են, ապա անոր մարմինը այրած են աղբանոցին մէջ:
Յայտնուած է, որ անոնք կ՛ապրին Ռուսիոյ տարբեր շրջաններ եւ Մոսկուա եկած են աշխատանք գտնելու:
Ըստ «Life News» լրատուական կայքին, զոհին անունը Սերգէյ Աւանէսեան է: Նախնական տուեալներով, սպանութեան պատճառը շահադիտական է. յանցագործները ուզած են խլել Volkswagen-Golf մակնիշով ինքնաշարժը, զոր աւելի ուշ գտնուած է նոյն թաղամասին մէջ: Ոստիկանութեան աշխատակիցները յայտնած են, որ Աւանէսեանէն գողցուած ինքնաշարժը յայտնաբերուած է դէպքի վայրէն ոչ շատ հեռու գտնուող Վոլկոկրատ պողոտային վրայ: