Պատրաստեց՝
ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ
«Մորթը եւ մորթի պարտականութիւնները» գրութեանս մէջ յիշած էի մորթային հիւանդութիւններու անուանացանկը: Նկատի ունենալով մորթային հիւանդութիւններու կարեւորութիւնը, այժմէականութիւնը եւ յաճախականութիւնը, այժմ կ՛ուզեմ ամփոփ ձեւով անդրադառանալ շարք մը մորթային հիւանդութիւներու: Յետագային մանրամասնութեամբ պիտի անդրադառնամ մորթային քանի մը հիւանդութիւններու.
Ա. Համայնական սպիտակամորթութիւն (albinism).
Համայնական սպիտակամորթութիւնը ժառանգական, ծինային (genetic) եւ ընդոծին (congenital) երեւոյթ մըն է, որ հետեւանքն է՝ մորթը գունաւորող նիւթին՝ մելանինին (melanin), թերի եւ պակասաւոր արտադրութեան մորթին եւ մազերուն մէջ: Մելանինի թերի արտադրութեամբ տեղի կ՛ունենայ մորթի եւ մազերու ենթագունաւորում (dipigmentation): Համայնական սպիտակամորթութեան ախտապատճառը հիմնականօրէն մելանին արտադրող բջիջներուն (melanocytes) մելանին չարտադրելն է: Այս բջիջները գոյութիւն կ՛ունենան մորթին մէջ սակայն մելանին չեն արտադրեր:
Համայնական սպիտակամորթութիւնը կը դրսեւորուի երբեմն ակնային ախտանշաններով, որոնցմէ կարեւորագոյններն են՝ շիլութիւն (strabismus), ակնաշարժ (nystagmus), ցանցենիի (retina) նուազ գունաւորում եւ տեսողական տկարութիւն: Ակնային ախտանշանները կրնան պատահիլ առանձնաբար:
Համայնական սպիտակամորթութեան ծինային ժառանգութիւնը տեղի կ՛ունենայ թաքուն ձեւով (recessive), այսինքն ան կը յայտնուի քանի մը սերունդ մէյ մը: Ան հակամէտ է մորթի խլիրդի, երբ անհատը երկար ժամանակով ենթակայ ըլլայ արեւու ճառագայթներուն:
Համայնական սպիտակամորթութիւնը անդարմանելի է: Անոր ակնային ախտանշանները կ՛անհետանան վիրաբուժական գործողութիւններով:
Բ. Տեղայնական սպիտակամորթութիւն (vitiligo).
Տեղայնական սպիտակամորթութիւնը հետեւանքն է մելանին արտադրող բջիջներու բնականէն նուազ գոյութեան եւ կամ կորուստին՝ մորթի որոշ բաժիններուն մէջ: Մորթի բնական գոյնի կողքին կը տեսնուի ենթագունաւորում՝ սպիտակամորթութիւն: Տեսնուած է որ ժողովուրդին 1-2 տոկոսը կ՛ունենան տեղայնական սպիտակամորթութիւն: Ան կը յայտնուի որպէս ժառանգական-ծինային եւ կամ ներմուծեալ-ընկալական (acquired) ախտ: Ծինային եւ ժառանգական տեղայնական սպիտակամորթութիւնը կը յայտնուի տիրական ձեւով (dominant), այսինքն ան կը տեսնուի իրարայաջորդ սերունդներու մէջ: Ներմուծեալ տեղայնական սպիտակամորթութիւնը կը յառաջանայ ենթակայ ըլլալով երկար ժամեր արեւու զօրաւոր ճառագայթներուն եւ գերյոյզ ու ճնշիչ (stress) կացութիւններու:
Տեղայնական սպիտակամորթութիւնը կը պատահի մարմինի որեւէ մէկ բաժինին վրայ, բայց առաւելաբար՝ դէմքի, կզակի, ձեռքի, դաստակի (wrist), արմուկի, կրծքավանդակի եւ պորտի (umbilicus) վրայ:
Տեղայնական սպիտակամորթութեամբ յատկանշուած մորթի մազերը կը կորսնցնեն իրենց բնական գոյնը եւ կ՛ըլլան ճերմակ:
Պզտիկ տարողութեամբ տեղայնական սպիտակասմորթութիւնը կը դարմանուի corticosteroid դեղերով, իսկ տարածուն տեղայնական սպիտակամորթութիւնը կը դարմանուի վիրաբուժական միջամտութեամբ՝ կատարելով մորթային պատուաստում (skin graft):
Գ. Մորթի գերգունաւորում (hyperpigmentation).
Մորթի գերգունաւորումը հետեւանքն է մելանինի առատ արտադրութեան: Ան կը յայտնուի երկու ձեւերով՝ համայնական եւ կեդրոնացեալ: Կեդրոնացեալ գերգունաւորումը կը տեսնուի մորթի որոշ մէկ բաժինին վրայ՝ վիրաւորումէ, հարուածէ եւ այրուածքէ ետք, իսկ համայնական գերգունաւորումը կը տեսնուի մարմնական որոշ հիւանդութիւններէ ետք եւ ան կը պատէ ամբողջ մարմինը:
Երեսին վրայ յաճախ տեսնուած թուխ-սրճագոյն գերգունաւորումը կը կոչուի melesma կամ chloasma: Ան ընդհանրապէս կը պատահի յղի կիներու մօտ:
Ոսպնաձեւ բիծերը (lentigo) կը տենուին ձեռքի եւ դէմքի վրայ: Անոնք տափակ թուխ գերգունաւորումներ են:
Դ. Կոշտուկ-կոշտաբորբ (callositis).
Մորթի կոշտուկը հետեւանքն է մորթի եղջերանիւթի (keratine) առատ արտադրութեան, որ կը պատահի երբ մորթը ենթակայ ըլլայ զօրաւոր ճնշումի կամ շփումի (friction): Ան առաւելաբար կը պատահի կրունկի, ոտքի եւ ձեռքի մատներուն վրայ:
Կոշտուկը ունի երկու դասակարգում՝
ա. Մակերեսային կոշտուկ (callus), որ ընդհարապէս ախտանշաններ չ՛ունենար.
բ. Խորունկ կոշտուկ (corn), որ յաճախ ցաւով կը յատկանշուի.
Ոտքի կոշտուկը կանխելի է հանգստաւէտ կօշիկներ հագնելով:
Ան կը դարմանուի քերթելով, որոշ դեղերու գործածութեամբ եւ վիրահատութեամբ (excision):
Ե. Թեփատու որքին (psoriasis).
Այս հիւանդութեան ախտանշանն է՝ մորթի արծաթագոյն կեղեւաւորում (scaling, scale) եւ կեղեւաւորուած կարմիր բշտիկներ, որոնք կը տեսնուին մարմինի մակերեսին որեւէ մէկ բաժինին վրայ, բայց առաւելաբար՝ գլխուն, արմուկին, ծունկին, յետոյքին (buttocks), առնանդամին (penis) եւ անութին (axilla) վրայ:
Թեփատու որքինը երբեմն կը յատկանշուի քերուըտուքով եւ յօդացաւով: Անոր դարմանամիջոցներն են՝ corticosteroids դեղեր, հակաքերուըտուքի դեղեր եւ լուսաբուժութիւն (phototherapy):
Զ. Մորթախտ (eczema).
Մորթախտը մորթի յաճախակիօրէն տեսնուած հիւանդութիւն մըն է: Անոր ախտանշաններն են՝ մորթի կարմրութիւն, կեղեւաւորում, բշտիկաւորում եւ ջրուռեցք (edema), ինչպէս նաեւ քերուըտուք: Ան կը պատահի մարմինի մակերեսին որեւէ մէկ բաժինին վրայ:
Մորթախտի ախտապատճառ նկատուած են՝ մարմինի դիմադրողականութեան (immunity) նուազումը, որոշ նիւթերու դպչիլը եւ կարգ մը սննդանիւթերու գերզգայնութիւնը (allergy), օրինակ՝ կաթի, հաւկիթի, ցորենի, պիստակի, ձուկի եւ փոշիի գերզգայնութիւն:
Մորթախտի դարմանումը կը կատարուի corticosteroids դեղերով:
Է. Մկնուռախտ (furunculosis).
Մկնուռը (furuncle) կամ մկնոռը ցպկային (bacterial) թարախոտ բշտիկ մըն է, որ կը պատահի ընդհանրապէս վիզին, կուրծքին, դէմքին եւ յետոյքին վրայ: Անոր հիմնական ախտապատճառներն են՝ մանրէներու կուտակումը մորթին վրայ եւ տաք ու խոնաւ միջավայրը: Յառաջացած մկնոռը կը յատկանշուի ցաւով: Տարեցներ, գէրեր եւ շաքարախտաւորներ հակամէտ են մկնուռախտին:
Մկնոռը կը դարմանուի հակամանրէական (antibiotics) դեղերով: Յաճախ քանի մը մկնոռներ նոյն վայրին վրայ կը միաձուլուին եւ կը կազմեն մկնոռներու խմբաւորում, որ կը կարօտի վիրահատութեան:
Ը. Թարախոտ մորթացան կամ երիթ (impedigo).
Թարախոտ մորթացանը մորթի տարածուն ցպկային եւ փոխանցիկ վարակ մըն է: Ան կը յատկանշուի թարախոտ եւ կեղեւաւորուած կարմրագոյն բշտիկներով, ցաւով եւ քերուըտուքով: Բշտիկները կը տեսնուին առաւելաբար բերանին շուրջը, քիթին եւ անութին (axilla) վրայ։ Անոնք կը թարախոտին եւ շրջան մը ետք կը բացուին ու ապա կը սպիանան 7-15 օրերու ընթացքին։ Երիթի թխսաւորման (incubation) ժամանակամիջոցը 1-10 օր է եւ կը փոխանցուի ուղղակի հպումով ու դպչելով՝ վէրքերուն եւ թարախին:
Ան առաւելաբար կը պատահի ոչ-առողջապահական պայմաններու մէջ ապրող անձերու մօտ:
Թարախոտ մորթացանը կը դարմանուի յատուկ հակամանրէական դեղերով եւ վէրքերը լուալով։
Թ. Եղճատենդ (urticaria).
Եղճատենդը կը յատկանշուի մորթի մակերեսային, վարդագոյն, տարբեր չափերով եւ տեղայնական կամ տարածուն մեղմ ուռեցքներով (swelling): Քերուըտուքը մնայուն երեւոյթ է: Անոր ախտապատճառներն են՝ դեղերու գերզգայնութիւնը (allergy), խայթուածքները եւ գրգռութիւնը՝ ջերմի, ճնշումի եւ արեւու ճառագայթներու նկատմամբ: Եղճատենդը կը դարմանուի հակագերզգայնութեան դեղերով եւ շատ քիչ պարագաներուն corticostetroid դեղերով:
Ժ. Սնկային (fungal) բորբոքումներ.
ա. Candidiasis եւ Moniliasis.
Սնկային այս բորբոքումները կը պատահին մարմինի մակերեսին որեւէ մէկ բաժինին վրայ, առաւելաբար՝ մորթի ծալքերուն, առնանդամին, անութին, ձեռքին, մատներուն, հեշտոցին (vagina) եւ բունոցին (vulva) վրայ, ինչպէս նաեւ՝ կրծքագեղձերուն տակը եւ եղունքներուն շուրջը:
Անոր ախտանշաններն են՝ քերուըտուքը, կարմրագոյն պզտիկ վէրքերը եւ բշտիկներով շրջապատուած հաստ եղունքներ: Ան կը դարմանուի հակասնկային դեղերով:
Մորթային այս սնկախտները կրնան ներխուժել մարմինի զանազան բաժինները, մասնաւորաբար՝ բերանը, ուր կը յայտնուին ցաւող սպիտակագոյն բիծեր (patches).
բ. Tinea.
Այս սնկամորթային բորբոքումը ունի զանազան անուանակոչումներ համաձայն պատահած վայրին:
Դէմքին եւ մօրուքին վրայ յայտնուածը կը կոչուի tinea barbae:
Գլխուն վրայ յայտնուածը կը կոչուի tinea capitis:
Մարմնին վրայ յայտնուածը կը կոչուի tinia corporis:
Աճուկի (groin) վրայ յայտնուածը կը կոչուի tinea cruris:
Ոտքերուն վրայ յայտնուածը կը կոչուի tinea pedis:
Յատկանշական ախտանշանները մարմինի մակերեսին զանազան բաժիններուն վրայ տեսնուած վարդագոյն-ճերմակ կլորակաձեւ բիծերն են: Դարմանումը տեղի կ՛ունենայ հակասնկային դեղերով:
գ. Կոծիծ (wart).
Կոծիծը կարծր, կլորակաձեւ եւ մորթէն դուրս ցցուած ուռեցք մըն է, որ կը յայտնուի մատներուն, արմուկին, ծունկին, եւ դէմքին վրայ առանց որեւէ այլ ախտանշանի: Կոծիծը աւելի տեսնուած երեւոյթ է անչափահասներու մօտ: Ոտքի կոծիծը մասնաւորապէս կրնայ փոխանցիկ ըլլալ: Այս փոխանցումը տեղի կ՛ունենա՛յ բաղնիքներու եւ լոգարաններու մէջ:
Կոծիծը կը դարմանուի հակասնկային դեղերով, այրելով հեղուկ բորոկածինով (nitrogen) եւ կամ հատելով:
(Շար. 1)