ԱՆԳԱՐԱ.- «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան ՄԱԿի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մունին յայտնած է, թէ Անգարա պատրաստ է Միջերկրական ծովուն մէջ բնական կազի փնտռտուքի շուրջ տագնապին մէջ զիջում կատարելու, եթէ Կիպրոս նոյն քայլին դիմէ։ Ըստ Էրտողանի, թէ՛ կիպրացի յոյները եւ թէ կիպրացի թուրքերը պէտք է բնական կազի փնտռտուքէն հրաժարին: Ան միաժամանակ զգուշացուցած է, որ եթէ Կիպրոս այս հարցով յառաջ ընթանայ, ապա Անգարա Կիպրոսի վերամիացման բանակցութիւնները «պիտի արգելակէ»։
Էրտողան ընդհանուր քարտուղարէն խնդրած է միջամտել, որպէսզի Նիկոսիա դադրեցնէ Միջերկրական ծովուն մէջ բնական կազի փնտռտուքը, պնդելով, որ Նիկոսիոյ «միակողմանի որոշումներն ու նախաձեռնութիւնները խաղաղութեան վտանգ մը կը ներկայացնեն»։