ՍԱՐԳԻՍ ՓԱՆՈՍԵԱՆ

Կիրակի, Սեպտեմբեր 11, 2011ի առաւօտն էր, աներորդւոյս բնակարանին մէջ, Սան Ռեմոն, նախաճաշի հրաւիրուած էինք՝ վերջին անգամ զիրար տեսնելու եւ ցտեսութիւն ըսելու, որովհետեւ հարսանիքին ներկայ ազգականներէն շատեր, եկած էին հեռաւոր երկիրներէ ու նահանգներէ, եւ ոմանք այդ օրը պիտի մեկնէին:
Դուրսը, աւազանին շուրջ բոլորուած՝ ներկաները կը նախաճաշէին եւ ուրախ-զուարթ իրարու կը պատմէին երէկուան հարսանիքէն կրած իրենց տպաւորութիւններուն մասին:
Մեր սեղանակիցներն էին տէր եւ տիկին Յովիկ եւ Հուրիկ Աճէմեանները. ծանօթ դէմքեր էին անոնք. յաճախ Պոսթընէն գալով՝ ներկայ կը գտնուէին մեր ընտանեկան ուրախութիւններուն եւ հաւաքներուն: Անոնք զարմիկներն էին աներորդւոյս կնոջ եւ հրաւիրուած էին հարսանիքի:
Աճէմեաններուն հետ մեր խօսակցութիւնը կ՛ընթանար մտերմիկ մթնոլորտի մէջ. անոնք հաճելի ներկայութիւն էին՝ ազգային ոգիով տոգորուած, ազգային յաջողութիւններով հպարտ, Միջին Արեւելքի տաքուկ, հայաբոյր եւ անկեղծ շրջապատի մէջ հասակ առած զոյգ մը:
Երբ այսպէս մտածումներով անցեալի յուշերը կը վերյիշէինք, տիկին Հուրիկ, պահ մը, աչքերը չորս կողմը պտտցնելով՝ յուզուած եւ տխուր շեշտով մը ըսաւ. «Գիտէ՞ք այս պահուս ինչ բանի մասին կը մտածեմ», եւ յուզումով սկսաւ պատմելու տասը տարիներ առաջ, Սեպտեմբեր 11, 2001ին, Նիւ Եորքի, Ուաշինկթընի եւ Փենսիլվենիոյ մէջ պատահած ահաբեկչական գործողութեանց մասին՝ ըսելով. «Այսօր, 10րդ տարելիցն է ահաբեկչական այդ դէպքին, որմէ ես հրաշքով ազատեցայ»:
Տիկին Հուրիկ զգացուած եւ արցունքոտ աչքերով կը շարունակէ պատմել իր ոդիսականը, թէ ինչպէ՛ս, Սեպտեմբեր 10, 2001ին, հեռախօսով կ՛իմանայ, որ Սան Ֆրանսիսքոյի իր զարմիկը մահամերձ վիճակի մէջ է: Տիկին Հուրիկ, նոյն օրը կ՛երթայ «Ամերիքըն Էրլայնզ» ընկերութիւն, Սեպտեմբեր 11ի օրը օդանաւի տոմս ապահովելու դէպի Լոս Անճելըս, թիւ 11 օդանաւով, իսկ անկէ՝ զարմիկներով միասին, ինքնաշարժով, Սան Ֆրանսիսքօ երթալու: Ընկերութիւնը տոմսակին համար 2000 տոլար կը պահանջէ, ինչ որ տիկին Հուրիկ չափազանցուած գումար կը նկատէ: Ան կը դիմէ «Եունայթըտ Էրլայնզ» ընկերութիւն, թիւ 175 օդանաւին, որ նոյն օրը Լոս Անճելըս կը մեկնի եւ 900 տոլար կը պահանջէ: Հազիւ գնելու գործողութեան կը սկսի, զարմիկները կը հեռաձայնեն՝ ըսելով. «Մենք կը մեկնինք. դուն տոմսդ առ դէպի Սան Ֆրանսիսքօ, հոն կը տեսնուինք»: Տիկին Հուրիկ, փոխանակ թիւ 175 օդանաւը առնելու, կ՛առնէ նոյն ընկերութեան թիւ 173ը, որ 11 Սեպտեմբերի առաւօտեան Սան Ֆրանսիսքօ պիտի մեկնէր:
Սեպտեմբեր 11ի առաւօտեան, Պոսթընի օդակայանէն դէպի Լոս Անճելըս թռիչք կը կատարեն «Ամերիքըն»ի թիւ 11 եւ «Եունայթըտ»ի թիւ 175 օդանաւերը, իսկ «Եունայթըտ»ի թիւ 173ը՝ դէպի Սան Ֆրանսիսքօ, եւ որուն մէջ տեղ կը գրաւէ տիկին Հուրիկ Աճէմեանը: Առաջին երկու օդանաւերը, իրենց ուղղութիւնը փոխելով՝ առաւօտեան ժամը 8:46ին եւ 9:03ին կը հարուածեն «World Trade Center»ը, ահ ու սարսափի մատնելով շրջանը, իսկ «Ամերիքըն»ի թիւ 77 եւ «Եունայթըտ»ի թիւ 93 օդանաւերը, այլ վայրերէ թռիչք առնելով՝ կ՛ուղղուին դէպի Փենթակոն եւ Սպիտակ տուն:
Սեպտեմբեր 11, 2001ի օդանաւային ահաբեկչական յարձակումները, զօրաշարժի կ՛ենթարկեն ամբողջ Ամերիկան եւ ամերիկացի ժողովուրդը: Պատահարներէն ետք անմիջապէս կը հրահանգուի Ամերիկայի տարածքին սաւառնող բոլոր օդանաւերուն, որ իրենց թռիչքները կասեցնելով՝ մօտակայ օդակայանները ապաստանին: Տիկին Հուրիկը փոխադրող օդանաւը կանգ կ՛առնէ Այոուա նահանգի Տիմոն քաղաքի օդակայանը, ուր իր զարմիկը տարիներ որպէս բժիշկ աշխատած էր: Օդակայանէն դուրս գալով՝ տիկին Հուրիկ երկու ժամ ետք կը յաջողի հաղորդակցութեան մէջ մտնել ամուսնոյն, քրոջ եւ հարազատներուն հետ, որոնք շփոթած եւ այլայլած՝ կը փորձէին խապրիկ մը առնել իրենց հարազատէն:
Տիկին Հուրիկ, ամուսնոյն Եգիպտոսէն բերած օրհնուած խաչը, զոր հետը կը տանէր Սան Ֆրանսիսքօ հիւանդ զարմիկին բարձին տակ դնելու, կուրծքին սեղմած եւ մոմը ձեռքին՝ կը մտնէ Տիմոն քաղաքի մօտակայ եկեղեցին, ուր մոմը վառելով եւ աչքերը խորանին սեւեռած՝ հաւատքով ու երկիւղածութեամբ կ՛աղօթէ, շնորհակալութիւն յայտնելով, որ Աստուած զինք ազատած էր այդ աղէտէն: Երբ թեթեւցած հոգիով եկեղեցիէն դուրս կու գայ, հեռաձայնը կը հնչէ. «Հուրիկ, զարմիկդ մահացաւ… վայրկեան մը առաջ Պոսթըն վերադարձիր սիրելիներուդ մօտ, քաղաքական կացութիւնը լաւ չէ»:
Բայց ինչպէ՞ս վերադառնալ… բոլոր օդակայանները փակ էին: Տիկին Հուրիկ, երբ կը զգաստանայ, կը վերյիշէ Տիմոն քաղաքին անունը ու իր բժիշկ զարմիկը, եւ կը հաղորդակցի ընտանիքին ու զարմիկներուն հետ: Անոնք կը թելադրեն, որ գտնէ զարմիկին Տիմոնի բարեկամները: Հուրիկ վեց օր կը մնայ Տիմոն, կը շրջի եւ կ՛այցելէ զարմիկին աշխատած հիւանդանոցն ու բարեկամներուն տուները: Սեպտեմբեր 11ի դէպքէն վեց օր ետք, չորս օդակայաններ կանգ առնելով՝ տիկին Հուրիկ յոգնած ու ուժասպառ Պոսթըն կը հասնի եւ կ՛ողջագուրուի սիրելիներուն հետ:
Սիրելի ընթերցող, այսպէս վերջ կը գտնէ Խաչին հաւատաւոր տիկին Հուրիկի ոդիսականը: