ԹԱԼԻՆ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Ջաւախքի, Արցախի եւ Հայաստանի գիւղական շրջաններուն մէջ բժիշկներուն դիմագրաւած գլխաւոր դժուարութիւններէն մէկն է վերապատրաստուելու եւ բժշկական նորութիւններէն տեղեակ ըլլալու առիթներուն չգոյութիւնը:
Այս պատճառով, շատ բժիշկներ, Խորհրդային Միութեան տապալումէն ետք առողջապահական նորութիւններուն եւ նորագոյն արհեստագիտութեան ծանօթանալու կամ մարզումներու մասնակցելու առիթը չեն ունեցած:
Կացութիւնը դարմանելու նպատակով, 17րդ տարին ըլլալով, Ամերիկահայ առողջապահական արհեստավարժներու կազմակերպութիւնը (AAHPO), օժանդակութեամբ Հայկական նպաստի հիմնադրամին, այս տարի եւս միամսեայ վարժողական ծրագիր մը իրականացուցած է Երեւանի մէջ, մասնակցութեամբ 30 հայ բժիշկներու:
Կազմակերպութիւնը տարեկան մօտաւորապէս 30 հայ բժիշկներ մարզելու միջոցները ունի, սակայն ծրագիրին մասնակցելու փափաք յայտնողներու ցանկին վրայ կան հարիւրաւոր բժիշկներ:
Այս ծրագիրին ի նպաստ դրամահաւաք կատարելու համար, Նիւ Ճըրզիի մէջ կազմակերպուած է ճաշկերոյթ մը, որ տեղի պիտի ունենայ Շաբաթ, Հոկտեմբեր 15ին, Թինեք քաղաքի «Մերիա»չ պանդոկի սրահին մէջ:
Ձեռնարկը նաեւ առիթ մը պիտի ըլլայ պատուելու բժիշկներ Անեթ æուլֆայեան, Ռիչըրտ Պապայեան ու Հայկազ Գրիգորեան: Ձեռնարկի հանդիսավարն է Վարդան Ապտօ:
Տոմսերու սակը 150 տոլար է: Տեղեր ապահովելու համար կրնաք գումարը ղրկել AAHPO, P.O. Box 645, Far Hills, NJ, 07931 հասցէին, կամ այցելել www.aahpo.org կայքը: