
ԿԼԵՆՏԷՅԼ, «Էկզեմինըր».- Յառաջիկայ տարուան Յունուար 6-8ին, գեղեկութեան «Miss California» մրցումին, Կլենտէյլ քաղաքը պիտի ներկայացնէ 24ամեայ Վիոլէթ Քանեանը, որ ժամանցային յայտագիրներու մասին լրագրող մըն է: Նշեալ մրցանքին յաղթողը իրաւունք պիտի ստանայ մասնակցելու «Miss USA» մրցումին, իսկ այդ մրցումին յաղթողը կը մասնակցի «Miss Universe»ին։
Վիոլէթ Քանեան կ՛աշխատակցի կարգ մը թերթերու՝ գրելով ժամանցի մասին յօդուածներ, նաեւ փառատօններու եւ մրցանակաբաշխութիւններու հաղորդավար է։ Ան վերջերս կազմակերպած էր արշաւ մը՝ խաղալիքներ ապահովելու համար կարօտեալ կամ հիւանդ երեխաներու համար։