
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ իր ղեկավարներու զարգացման անդրանիկ խորհրդաժողովը տեղի պիտի ունենայ Ուրբաթ, Նոյեմբեր 25էն մինչեւ Կիրակի, Նոյեմբեր 27 երկարող Գոհաբանութեան օրուան շաբաթավերջին, որուն ընթացքին պիտի կայանայ նաեւ իր տարեկան ձեռնարկը՝ Շաբաթ, Նոյեմբեր 26ի երեկոյեան, «Շերըթըն Եունիվըրսըլ» պանդոկին մէջ:
Նոյեմբեր 25էն 27 երկարող շաբաթավերջին, խորհրդաժողովին մասնակիցները ներկայ պիտի ըլլան շարք մը ներկայացումներու, սեմինարներու եւ աշխատանիստերու, որոնց գլխաւոր նպատակը պիտի ըլլայ քաղաքական ղեկավարներու յաջորդ սերունդին պատրաստութիւնը:
Տեղի պիտի ունենան յատուկ քննարկումներ՝ Հայկական Ցեղասպանութեան զոհերուն վնասուց հատուցում ապահովելու աշխատանքին, Արցախի եւ æաւախքի ինքնորոշման իրաւունքին եւ հայկական եկեղեցիներու վերադարձը ապահովելու ջանքերուն նուիրուած:
Դասախօսութիւններ պիտի տրուին նաեւ համացանցային ընկերային ցանցերը, պատկերասփիւռի հաղորդումներն ու շարժապատկերները լաւագոյնս քաղաքական նպատակներու համար օգտագործելու մասին: Պիտի քննուին հանրային կարծիքի, քաղաքական ընտրապայքարներուն վրայ, ինչպէս նաեւ համալսարանական ու դպրոցական դասընթացքներու ձեւաւորման մէջ յաւելեալ ազդեցութիւն ապահովելու կարելիութիւնները:
Հայ Դատի տարեկան ձեռնարկը, որուն ընթացքին անգամ մը եւս պիտի ներկայացուի յանձնախումբին վերջին մէկ տարուան գործունէութիւնն ու իրագործումները, նաեւ առիթ մը պիտի ըլլայ պատուելու այն անհատները, որոնք կարեւոր ներդրում բերած են Հայ Դատի աշխատանքներուն:
Ճաշկերոյթի տոմսերուն սակը 200 տոլար է, իսկ եռօրեայ խորհրդաժողովին մասնակցութեան սակը 150 տոլար է, ներառեալ՝ ընկերային հաւաքներու մասնակցութիւն: Ուսանողներու յատուկ զեղջեր տրամադրելի են, իսկ զոյգ ձեռնարկներու մասնակցութեան սակը 300 տոլար է: