«Փառք ու պարծանք ձեզ՝ առաջին մշակներուն, Հայաստանեայց սուրբ բարբառին»
ՅԱԿՈԲ ՕՇԱԿԱՆ
«Փառք ու պարծանք»՝ հայ դպրոցը հիմնողներուն, զայն պահողներուն եւ այնտեղ այդ «սուրբ բարբառը» սորվեցնողներուն, ու նաեւ «փառք ու պարծանք» հայ ծնողներուն, որոնք ամէն վերամուտի, իրենց անզուգական զաւակները անոր խնամքին կը յանձնեն։ Անոնք կը հաւատան հայ դպրոցին. կ՛ընդունին, որ հայ դպրոցի եւ անոր սորվեցուցած մայրենի լեզուին շնորհիւ աշխարհացրիւ հայութեան բեկորները իրարու կապուած են, զիրար կը հասկնան, իրարմով կ՛իմաստաւորուին. այնտեղ է, որ հայ մանուկը կը ճանչնայ իր նախնիները, կը սորվի իր հազարամեակներ կտրած մայրենի լեզուն. հոն կը պահուի հայ ոգին, մշակոյթը։ Հեռու հայ լեզուէն՝ հայը պիտի չկրնայ իր հայրենիքին իրաւատէրը դառնալ ու պիտի կորսնցնէ իր ինքնութիւնը։
Ահա այս բոլորին գիտակցելով՝ հայ ծնողներու եւ աշակերտներու հոծ խումբ մը հաւաքուած էր Մերտինեան Հայ աւետարանական վարժարանին բակը, որ հայապահպանման առաքելութեան հաւատարիմ՝ իր դռները բացաւ Սեպտեմբեր 6ին։
Բացման հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ վարժարանի հանդիսասրահին մէջ, հայկական եւ ամերիկեան ուխտերու կատարողութեամբ, հայկական քայլերգի եւ հոգեւոր երգերու երգեցողութեամբ, ինչպէս նաեւ սաղմոսասացութեամբ։
Տարուան առաջին պաշտամունքի արարողութիւնը առաջնորդեց եւ իր հոգեւոր պատգամը փոխանցեց վեր. Յովսէփ Մաթոսեանը։ Ան իր շեշտը դրաւ լաւ նկարագիրի տէր հայեր դառնալու կէտին վրայ՝ մատնանշելով, որ ճշմարտախօսութիւնը, հնազանդութիւնը, աշխատասիրութիւնն ու հաւատարմութիւնը մաքուր նկարագիրի ամրակուռ սիւներն են, որոնք կը կառուցուին «Մերտինեան»էն ներս։
Ապա խօսք առաւ հոգաբարձութեան ատենապետ դոկտ. Վահէ Նալպանտեանը. ան ողջունեց աշակերտները ու իրենց ծնողները, յաջող եւ անվտանգ տարի մը մաղթեց բոլորին։ Ան նաեւ մատնանշեց ամրան ընթացքին կատարուած կարգ մը հիմնական նորոգութիւնները, որոնք հայ աշակերտին համար կը ստեղծեն սորվելու աւելի հանգիստ եւ ապահով միջավայր մը։
Վերջին խօսք առնողը եղաւ վարժարանի փոխտնօրէն, այժմ որպէս տնօրէն գործող Լինա Արսլանեանը, որուն 13 տարիներու ծառայութիւնը «Մերտինեան»ի մէջ, արդարօրէն գնահատուելով՝ զինք առաջնորդեց այս պաշտօնին։ Կատարեալ յաջողութիւն կը մաղթենք իրեն։
Լինա Արսլանեան, իր կարգին բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ բարի ու յաջող վերամուտ՝ աշակերտութեան, ուսուցիչներուն ու պաշտօնէութեան։ Ան եւս մատնանշեց վարժարանէն ներս կատարուած փոփոխութիւնները եւ մանաւանդ նախորդ տարուան ընթացքին վարժարանի արձանագրած յաջողութիւնները. արդարեւ, դպրոցը երրորդ անգամն ըլլալով վարկաւորուեցաւ «WASC»ի կողմէ, 6 տարուան համար, իսկ SAT քննութիւններու մէջ ձեռք բերաւ բացառիկ յաջողութիւն։
Ան շեշտեց ծնողք-դպրոց-աշակերտ գործակցութեան կարեւորութիւնը՝ գալիք սերունդներու մարդակերտման գործին մէջ։ Արսլանեան հպարտութեամբ նշեց, որ այս տարի վարժարանը մեծ հանդիսութեամբ պիտի յիշատակէ իր հիմնադրութեան 30րդ տարեդարձը։
Իր խօսքի վերջաւորութեան, ան ծանօթացուց վարժարանի ուսուցչական կազմն ու պաշտօնէութիւնը, ապա վեր. Մաթոսեանի օրհնութեան աղօթքէն ետք, Ծաղիկէն մինչեւ 8րդ կարգերու աշակերտները, իրենց ուսուցիչներու առաջնորդութեամբ ուղղուեցան դէպի դասարանները, սկսելու համար 2011-2012 ուսումնական տարեշրջանը։
Նոյն օրը տեղի ունեցաւ «Մերտինեան»ի Նախամանկապարտէզի վերամուտի հանդիսութիւնը, ուր խօսք առին պատասխանատու Մակի Թօփալեանն ու տնօրէնուհի Լինա Արսլանեանը, ապա ծնողները եւ «կակուղ թաթիկ» աշակերտներ՝ իրենց ուսուցչուհիներով, գացին նախամանկապարտէզի դասարանները, ծանօթանալու համար իրենց նոր տան եւ ընկերներուն:
Անսայթաք ու յաջող ընթացք «Մերտինեան»ին։
(Թղթակցութիւն վարժարանէն)