ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԵՒ ՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԸ ԴԷՄ ԱՌ ԴԷՄ
Հայոց Եկեղեցւոյ Դերը՝ Արեւմտահայերէնի Պահպանման Գործին Մէջ
Ինչ որ կատարած է Հայոց Եկեղեցին անցնող դարերու ընթացքին, սկսեալ նախահինգերորդ դարեան

ժամանակաշրջանէն, հայ լեզուն պահպանելու իմաստով, մինչեւ անգամ յունարէն կամ ասորերէն լեզուներով ընթերցուող Աստուծոյ խօսքը եկեղեցւոյ մէջ «վերծանող»ներու միջոցաւ բացատրելու աշխատանք իբրեւ, այս գրութեան մաս չի՛ կազմեր:
Հայոց եկեղեցին յատկապէս իր արեւմտահայ թեւով, Սփիւռքի տարածքին, մաս կը կազմէ ժողովրդային այն հատուածին, որ գիտական կաճառ չունի իր լեզուն պահպանելու եւ ի հարկին մաղելու համար: Այլ, ընդամէնը մեծ ջանքերով, իր հովանաւորած գաղութներուն դպրոցները բաց պահելու աշխատանքին լծուած է, ի գին մեծ զոհողութիւններու, իսկ տուներէ ներս՝ հայերէնախօսութիւնը քաջալերելու բարոյական պարտաւորութիւնը ունի:
Նախքան նշելս այն բնագաւառները, որոնց մէջ կրնայ մեր եկեղեցին շարունակել իր դերակատարութիւնը իբրեւ լեզուի պահապանի, յիշենք որոշ առանձնայատկութիւններ արեւմտահայութեան յատուկ, ցոյց տալու համար թէ ի՞նչ կացութիւն կը տիրէ ժողովուրդի այս հատուածի կեանքէն ներս լեզուական իմաստով:
Ինչպէս բոլոր լեզուներու պարագային, հայերէն լեզուն եւս իր գրաւոր ու խօսակցական ձեւերուն մէջ զգալի տարբերութեամբ կը զատորոշուի: Խօսակցականը նուազ պատասխանատուութիւն դնելով լեզուն գործածողին վրայ, ազատութիւն կու տայ անոր խօսելու այնպէս, ինչպէս կը զգայ տուեալ պահուն: Զգացականութիւնը, յուզումը, պահուան ազդեցութիւնը, լայնօրէն կրնան փոխել խօսուած լեզուին բառապաշարը, նոյնիսկ շարահիւսական դրուածքը, եւ շեշտադրումը:
Արեւմտահայերէնի պարագային, սփիւռքեան պայմաններուն մէջ, խօսակցական լեզուին արտօնած ազատութեան վրայ կ՛աւելնայ նաեւ օտար լեզուներով կաղապարուած դարձուածքներու սահմանազանց օգտագործումը: Այստեղ «օտար դարձուածքներ» ըսելով առանձին-առանձին բառեր ըսել ուզելէ աւելի, «օտար լեզուով ըսելաձեւեր» ըսել կ՛ուզենք: Այսինքն, այս օգտագործումը երբեմն այնքան ազատ կը կատարուի, որ հայերէնով խօսուած նախադասութեան կէսէն աւելին, օտա՛ր լեզուով կը կազմուի: Տակաւին՝ առածներ, կարեկցական, ցաւակցական կամ շնորհաւորական արտայայտութիւններ երբեմն ամբողջութեամբ կ՛ըսուին այն երկրին լեզուով, ուր կ՛ապրի արեւմտահայը (դիտմամբ սփիւռքահայ չեմ ըսեր, որովհետեւ աւանդական երկու սփիւռքներէն բացի, կազմուած երրորդը, դեռ նոր կը մտնէ մեր «աւազանին» մէջ, տակաւին պահելով հայրենիքէն բերած, իրեն յատուկ բառամթերքը):
Այս իրավիճակին հակապատկերն է արեւմտահայու գրաւոր լեզուն: Այստեղ, փոխանակ օտար բառերու գործածութեան, եւ նոյնիսկ օտար ըսելաձեւերու օգտագործումին, ամէն ինչ գրեթէ հայերէնով է, յաճախ բռնազբօս հայերէնացումի զգալի ճիգով իրականացուող, եւ երբեմն ալ նոր բառերու տեսակաւոր յօրինումներով չափազանցօրէն ճոխացուող: Մինչ՝ արեւելահայուն համար այդ բարդոյթը գոյութիւն չունի: Լսած օտար բառին տառադարձուած ձեւը դնելով, անոնք կ՛ունենան անոր հայերէն տարբերակը. տեղեկութեան փոխարէն՝ «ինֆորմացիա», իմացականին փոխարէն՝ «ինթելէքթուալ», տռփականին կամ ցանկայարոյցին փոխարէն՝ «սեքսուալ», հիւանդանոց փոխադրուելուն փոխարէն՝ «հոսփիթալացուիլ»: Այս ամէնը ո՛չ միայն բանաւոր լեզուին մէջ օգտագործելի են, այլ՝ պաշտօնական՝ պետական, տեղեկատուական՝ լրատուական, գրաւոր ու մինչեւ իսկ գրական լեզուի մէջ:
Այժմ, մի քանի բնագաւառներ, որոնց ճամբով Հայոց եկեղեցին, կրնայ աշխատանք տանիլ արեւմտահայերէնը փրկելու: Բնագաւառներ, որոնց մէջ աշխատանք տանելով, մեր եկեղեցին եղածը պահպանելէ աւելի՝ նոյնիսկ կրնայ լեզուն զարգացնելու ձեռնարկել:
ա) Եկեղեցւոյ բեմին՝ կենդանի խօսքին բարոյական ուժգնութիւնը
Ինչքան ալ ժամանակները փոխուին, Աստուծոյ խօսքին տիեզերական ուժգնութիւնը, եկեղեցւոյ բեմին կու տայ այնպիսի հեղինակութիւն, որուն նմանը այլ բնագաւառներէ ներս աշխատող անձեր դժուար թէ կարենան ձեռք ձգել: Այլ կալուածներէ ներս երկրաւոր իշխանութենէն եկող, ու հպատակներուն պարտադրուող հեղինակութիւնը, այս պարագային հոգիներուն կը խօսի այնպիսի ազդումով, որ նոյնիսկ անիրական կամ ցնորական կրնայ թուիլ անհաւատներու:
Ահա այդ հանգամանքը դրականօրէն օգտագործելու առիթը տրուած է հայ հոգեւորականին, եկեղեցւոյ բեմէն անուղղակի ուսուցումը կատարելու մեր լեզուին, երբ հաւատացեալներու ֆիզիքական ականջներուն հետ, մանաւանդ անոնց հոգեկան ականջները բացուած, անոնք ունկնդիր կը դառնան սուրբ բեմէն եկող պատգամին: Պէտք չէ՛ մոռնալ, որ սորվելու ազդու միջոցներէն մէկն ալ լսե՛լն է, որ այս պարագային մանաւանդ՝ երկնաւոր պատգամներուն ականջալուր դառնալով կ՛իրագործուի:
բ) Հայ մանուկներու հոգեւոր դաստիարակութեան բարեբեր միջավայրը
Ընդհանրապէս այն մտայնութիւնը տարածում գտած է, թէ՝ մէկուն հասկնալի դառնալու համար, պէտք է անոր նմա՛ն խօսիլ: Տուեալ անձին հասկնալի ըլլալու համար սակայն, պայման չէ՛ անոր խօսակցութիւնը կապկել, կարելի է պարզապէս անոր հասկնալի ձեւո՛վ խօսիլ: Մանուկները ճիշդ այդ զոհերն են, որոնց հասկնալի ըլլալու համար մանկավարժութենէ անտեղեակ անձեր կը փորձեն մանուկին նմա՛ն խօսիլ անոր հետ, իբրեւ թէ հասկնալի կամ աւելի հարազատ դառնալու համար (ասոր գործնական օրինակներէն մէկն է՝ մանուկին թոթով լեզուն կրկնելով խօսելու երեւոյթը: Անշուշտ այսպիսիներ չեն մտածեր, թէ իրենց զաւակը, կամ իրենց խնամքին յանձնուած մանուկը իր թոթով լեզուին կրկնումը լսելով, նախ՝ չուրախանար, այլ ատիկա որոշ ժամանակ ետք ծաղրանք նկատելով կը զայրանայ, եւ երկրորդ՝ շա՜տ աւելի ուշ, եւ կամ բնա՛ւ չի սորվիր ճիշդ խօսիլ…):
Լեզուն մանկացնելու ու զանիկա մանուկներուն հաճելի դարձնելու ներկայ ճիգը, որ նախապէս միայն տան մէջ կը կիրարկուէր, եւ հիմա սկսած է դպրոցներէն ներս ալ ի գործ դրուիլ, մինչեւ դասագիրքերու մակարդակին վրայ, լեզուին տկարացման ազդանշան կամ նոյնիսկ ահազանգ պէտք է նկատել, որ ի վերջոյ զայն պիտի առաջնորդէ որակային անկման ու անհետացման:
Եկեղեցւոյ կողմէ մանուկներուն լեզու սորվեցնելու ազդու միջոցներէն մէկն է նաեւ Կիրակնօրեայ դպրոցը, ուր պատմութեան ձեւին տակ, բարոյական սկզբունքները սորված միջոցին, անուղղակիօրէն նաեւ մաքուր արեւմտահայերէնը պիտի սորվի մանուկը, զայն լսելով իր ուսուցիչներէն: Այստեղ ծրագրուած կերպով, տարիքային յարմարութեամբ ուսուցուող բառապաշարը, առօրեայ կեանքին մէջ անոնց ամէնէն շատ գործածած բառերուն մաքուր արեւմտահայերէն օրինակներով պէտք է լեցուի հետզհետէ, զանոնք դրոշմելով մանուկներու փափուկ ուղեղին վրայ: Այս գործընթացն է որ կարելի է կոչել մանուկներու լեզուամակարդակի բարձրացում, փոխանակ լեզուի որակազրկման, որ կրնայ տեղի ունենալ մանուկին հասկնալի դառնալու միջոցին, երբ ուսուցիչներ մասնաւոր ճիգ թափեն այդ ուղղութեամբ:
գ) Հրատարակչութեան մեքենային անընդհատ բանեցումը
Յատկապէս արեւմտեան երկիրներու հայկական գաղութներուն գրեթէ ամէն եկեղեցիները ունին իրենց շաբաթաթերթիկները, կամ ծանուցման յատուկ թռուցիկները, որոնք ժողովրդային մակարդակի վրայ ուսուցում կը կատարեն: Յաճախ այն տպաւորութիւնը կայ, թէ հայերէնին չտիրապետած, կամ աղաւաղուած հայերէնով խօսող մէկ կամ երկու սերունդներ գոյութիւն ունին այսօր: Աւաղելը անիմաստ է, եւ ժողովրդային մեծ զանգուածներուն հայերէն սորվեցնելու եկեղեցւոյ ճիգը պէտք չէ՛ թերագնահատել:
Սահմանելէ ետք միայն թէ ի՞նչ կը նշանակէ մատուցուած նիւթը «ժողովրդականացնել», պէտք է պատրաստել ժողովրդային հրատարակութիւնները: Այն ինչ որ ըսուեցաւ լեզուն մանկացնելու սիրոյն չ՛որակազրկելու մասին, նոյնը կարելի է ըսել այստեղ.- Հայերէնը ժողովրդականացնելու սիրոյն, պէտք չէ պարպել զայն իր ճոխութենէն կամ ժամանակի ընթացքին կուտակուած բառերու հարստութենէն (Բաբգէն կաթողիկոս Կիւլէսէրեան ժողովուրդին համար տօնացոյց պատրաստած է ու հրատարակած է 1901ին, Պոլսոյ մէջ: Տոմարագիտական ամէնէն բարդ հարցերը բացատրած է սակայն, հասկնալի բայց կոկիկ հայերէնով): Նոյնպէս ալ, եկեղեցական մեր բոլոր տօներուն կամ այլ առիթներուն մասին բացատրական հրատարակութիւնները կարելի է միաժամանակ լեզուի ուսուցման միջոցներու վերածել, դարձեալ անուղղակիօրէն:
Հրատարակութիւն ըսելով, այստեղ պէտք է հասկնալ նաեւ այն բոլոր միջոցները, որոնք ներկայ արհեստագիտութեան բարիքներն են՝ համացանց, դիմատետր, ե-նամակ, եւայլն: Այս ծիրէն ներս, հրատարակչութեան հզօր մեքենան կարելի է անընդհատ բանեցնել, արդի մարդուն «լեզուով» այսինքն աշխարհը կլանած արհեստագիտութեամբ խօսելով անոր հետ:
դ) Եկեղեցւոյ մշակութային առաքելութիւնը՝ ի նպաստ Հայոց Լեզուին
Եկեղեցւոյ հովանաւորութիւնը սփիւռքեան պայմաններու մէջ, կը տարածուի նաեւ մշակութային այնպիսի աշխատանքներու վրայ, որոնք անկասկած առնչուած են հայերէն լեզուին: Երաժշտութիւնը, իր եկեղեցական թէ ազգային, ժողովրդական ու այլ երանգներով, լեզուի ուսուցման ազդու ազդակներէն մէկը կը մնայ բոլոր ազգերու պարագային: Այնպէս ինչպէս եկեղեցական երաժշտութեան նկատմամբ խստապահանջ եղած է մեր եկեղեցին դարերու ընթացքին, նոյն նախանձախնդրութիւնը պէտք է ցուցաբերէ ժողովրդային, ազգային թէ այլ երաժշտութեանց ու անոնց յարմարցուած բառերուն նկատմամբ:
Հեռատեսիլը, ձայնասկաւառակները, կենդանի երգը միշտ կարեւոր դեր ունեցած են լեզուի ուսուցման մէջ: Հեռատեսիլը իր շարժապատկերի շարքերով մեծ դեր կրնայ կատարել եթէ, այս պարագային կրօնական բնոյթի ժապաւէններով անուղղակի ուսուցումը կատարէ մաքուր արեւմտահայերէնին: Հարց տուէք դուք ձեզի.- Արեւմտահայաստանէն գաղթական եկած ժողովուրդը՝ մեր մեծ հայրերն ու մեծ մայրերը, պարագաներու բերմամբ հայերէն չգիտնալուն պատճառաւ թրքախօս էին: Այսօր երբ այդ սերունդէն վերապրողներ գրեթէ չկան, ինչո՞ւ համար աւելի երիտասարդ սերունդին մօտ թրքախօսութիւն կը նշմարուի: Որովհետեւ հեռատեսիլի արբանեկային կայաններուն մէջ կը վխտան թրքական պատրաստութեամբ շարժապատկերներ: Երբ կը սիրեն նիւթը, կը սկսին հասկնալ լեզուն, ու հետզհետէ կը սորվին զայն:
Արեւմտահայերէն խօսելու ճիգի նուազում ալ սկսած է նշմարուիլ, որ ունի իր գլխաւոր պատճառները: ա) Հայաստանեան հեռատեսիլներու արբանեկային սփռումները, բ) Հայաստան այցելող սփիւռքահայերու, իրենց հայրենակիցներուն հետ արեւելահայերէնով հաղորդակցելու բնական ցանկութիւնը, գ) եւ ի վերջոյ՝ հանգամանաւոր թէ գործարար արեւմտահայերու հայաստանեան հեռատեսիլի կայաններէն ելոյթ ունենալով, արեւելահայերէն խօսելու ձախող փորձը (հայերէն՝ զոր հայաստանցիներ իրաւամբ ծաղրական շեշտով կը կոչեն «ստից արեւելահայերէն»):
Ընդամէնը մի քանի անգամ Հայաստան այցելած, կամ մի քանի ամիսէ ի վեր այնտեղ հաստատուած արեւմտահայեր կը տեսնես, որոնք նոյնիսկ ռուսերէն կամ թրքերէն դարձուածքներով արեւելահայերէն կը խօսին, կարծելով թէ ճի՛շդ հայերէնով կ՛արտայայտուին: Դեռ չեմ ուզեր անդրադառնալ հնչումային խայտառակութեան, երբ Քն Գ կը հնչուի անտեղիօրէն, կամ Բն Պ, դարձեալ անտեղիօրէն, ու ընդհանրապէս բոլոր նմանաձայն տառերը: Դժբախտաբար, վերոյիշեալ անձերը այն տպաւորութիւնը ունին, թէ Արեւելահայերէնով արտայայտուողը աւելի քաղաքակրթուած կամ զարգացած հայ է, եւ կամ՝ այդ լեզուն «աւելի՛ հայերէն» է, քան արեւմտահայերէնը:
Գալով երգին, զարմանալի է որ արեւմտահայեր սկսեր են ո՛չ միայն արեւելահայերէն բանաստեղծութիւններ երգի վերածել ու երգել, այլ մանաւանդ արեւելահայերէնով ինքնագիր տողեր հեղինակել ու անոնց երաժշտութիւն յարմարցնելով երգել: Տեսնուած է, որ յօրինողներ կը հպարտանան, անգէտներ կ՛ապշին ու կը գնահատեն, իսկ պատահական ունկնդիրներ կը հիանան: Անհեթեթ, ու գէթ ինծի համար անհասկնալի ձգտում է արեւմտահայուն արեւելահայերէնով հեղինակելը, որ ո՛չ իր արդիւնքին մէջ գոհացուցիչ է, ո՛չ ալ գաղափարով ընդունելի: «Կը սիրեմ քեզ» ըսելու փոխարէն «սիրում եմ քեզ» ըսելը յաւելեալ ի՞նչ փայլք կրնայ տալ արտայայտութեան, մանաւանդ որ հնչումային զգալի արեւմտահայութիւն պիտի բուրէ տողը, նոյնիսկ այդ կարճ նախադասութեան արտասանման պահուն, որ, ինչպէս կ՛երեւի, այնքան ալ խնդրայարոյց չէ հնչումային իմաստով, ուր նմանաձայն տառեր գոյութիւն չունին:
Դեռ, հսկողութիւն պէտք է կատարուի թրքական երաժշտութեամբ կամ թրքաոճ երգերու նկատմամբ կեցուածք ճշդելու առումով: Եկեղեցին իր հեղինակաւոր խօսքը պէտք է ըսէ այս մասին եւս, որովհետեւ այդպիսիներէն ոմանք նոյնիսկ յետ մահու «հայ երգի արքայ» կը հռչակուին, ուրիշներ շքանշաններ կը սպասեն եկեղեցիէն, մինչ իրենց կատարածը, լեզուի սխալ ուսուցումով սպիտակ ջարդ կատարելէ բացի, թրքական ազդեցութեան ուղղակի ներարկումն է հայ նոր սերունդին մէջ՝ մեր մայր երակին, ուրկէ թոյնը ուղղակի մեր ազգի սիրտին մէջ պիտի կաթի:
Վերջին կալուածը, մշակութային առաքելութեան ճամբով եկեղեցւոյ կողմէ լեզուի ուսուցում կատարելու, անոր կողմէ կազմակերպուած տարբեր ձեռնարկներու առիթներով հրատարակուած պաշտօնական խօսքերն են: Այսօր գրեթէ չկայ միութիւն կամ կառոյց, որուն կազմակերպած ձեռնարկներուն առիթով հրատարակուած պաշտօնական գրութեանց, կամ արտասանուած բացման խօսքերուն մէջ լեզուական, ուղղագրական, քերականական ու շարահիւսական սխալներ չվխտան: Եկեղեցւոյ կազմակերպած ձեռնարկներուն առիթով հրատարակուածները, կամ արտասանուած վերոյիշեալ խօսքերը, դարձեալ անուղղակիօրէն եւ մասնաւոր բծախնդրութեամբ, լեզուի ուսուցում կրնան կատարել:
* * *
Այս մի քանի մտածումները պարզապէս սկիզբ կարելի է նկատել վիճարկումի, աշխատանքային նոր բնագաւառներ աւելցնելու, այս ծիրէն ներս եկեղեցւոյ կատարելիք գործին համար: Եկեղեցւոյ հեղինակութեան ամէնէն բարերար արդիւնքներէն մէկը եթէ հոգեկան փրկութիւնն է անդենական կեանքի հաշւոյն, ապա այս կեանքին մէջ անոր լաւագոյն նպաստը մեր ժողովուրդին, անոր լեզուական բիւրեղութեան հսկողութիւնը կրնայ ըլլալ, որուն շնորհիւ իբրեւ հայեր պիտի զատորոշուինք ազգերու ընտանիքին մէջ, մեր արժանապատիւ տեղով ու իւրայատուկ ներկայութեամբ: