
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ իր տարեկան ձեռնարկին ընթացքին պիտի մեծարէ բռնցքամարտիկ Վիք Դարչինեանը, որ իր միջազգային ասպարէզին ճամբով կը ջանայ Հայ Դատի ու յատկապէս Հայկական Ցեղասպանութեան ի նպաստ աշխատանք տանիլ:
Հակառակ այն իրողութեան, որ Աւստրալիոյ քաղաքացի դարձած է, Դարչինեան, նախքան իր մր-ցումները, մարզադաշտ մուտք կը գործէ Հայաստանի Եռագոյնով ու հայկական երաժշտութեան ընկերակցութեամբ, եւ ամէն առիթ կ՛օգտագործէ՝ օտար լրագրողներուն յիշեցնելու Հայկական Ցեղասպանութեան իրողութիւնը:
Օրինակի համար, այս տարուան Ապրիլ 23ին, Լոս Անճելըսի մէջ, նախքան այն մրցումը, երբ ան շահեցաւ իր կշիռքի (116էն 118 փաունտ) ախոյեանի տիտղոսը, Դարչինեան եւ իրեն ընկերակցողները Հայկական Ցեղասպանութիւնը յուշող շապիկներով մարզադաշտ մուտք գործեցին. ան իր մարզական տափատին վրայ գրել տուած էր «1915» թուանշանը, որուն մասին մրցումէն ետք կայացած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին ան մանրամասնօրէն տեղեկացուց՝ նշելով, որ Ցեղասպանութիւնը կը շարունակէ ազդել ամբողջ հայութեան վրայ:
«Ապրիլ 24ը շատ կարեւոր թուական մըն է ամբողջ հայութեան համար, աշխարհի տարածքին: Կը յուսամ, որ այս յաղթանակով կրցայ փոքր ժպիտ մը դնել անոնց երեսին: Ես կը մրցիմ զաւակիս, ընտանիքին, ծնողներուս եւ հայրենիքիս՝ Հայաստանի համար», յայտարարած էր ան:
Իր մրցումէն մէկ օր ետք՝ Ապրիլ 24ին, ան նաեւ մասնակցած էր Հայկական Ցեղասպանութեան նուիրուած Լոս Անճելըսի քայլարշաւին:
Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Էնտրու Քիզիրեան կը յայտնէ, թէ Դարչինեան արժանի է այս մրցանակին, որովհետեւ ան հպարտ է հայութեամբ ու նուիրուած է Հայ Դատին:
Շաբաթ, Նոյեմբեր 26ին, երեկոյեան ժամը 7ին սկսող Հայ Դատի տարեկան ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ Եունիվըրսըլ Սիթիի «Շերըթըն» պանդոկին մէջ: Ձեռնարկի տոմսերուն սակը 200 տոլար է, իսկ ուսանողներու համար յատուկ զեղչ պիտի տրամադրուի:
ԱՐԱ ՊԱՊԵԱՆ ՊԻՏԻ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ՀԱՅ ԴԱՏԻ ԽՈՐՀՐԴԱԺՈՂՈՎԻՆ
Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի Ղեկավարներու զարգացման անդրանիկ խորհրդաժողովին, որ տեղի պիտի ունենայ Ուրբաթ, Նոյեմբեր 25էն մինչեւ Կիրակի, Նոյեմբեր 27 երկարող Գոհաբանութեան օրուան շաբաթավերջին, ելոյթ ունեցողներու շարքին պիտի ըլլայ պատմաբան ու նախկին դեսպան Արա Պապեան, որ պիտի խօսի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ուուտրօ Ուիլսընի կողմէ գծուած Հայաստանի սահմաններու օրինականութեան մասին:
Վերոյիշեալ պանդոկին մէջ կայանալիք խորհրդաժողովին ընթացքին քննուելիք կարեւոր նիւթերէն մէկն է՝ Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչումը եւ վնասուց հատուցում ապահովոհելու նպատակով նոր ռազմավարութեան որդեգրումը:
Պապեան, որ ներկայիս Երեւան հաստատուած «Մոտուս Վիվենտի» ուսումնասիրական կեդրոնի վարիչն է, եղած է Գանատայի մօտ Հայաստանի դեսպան ու Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր:
Ան վերջերս հրատարակած է Սեւրի դաշնագիրին ու Ուիլսընեան Հայաստանին նուիրուած երկհատորեայ անգլերէն գիրք մը, որուն հայերէն թարգմանութիւնը կը կատարուի: Գիրքին նպատակն է՝ միջազգայիին իրաւագէտներուն ծանօթացնել Ուիլսընեան սահմանները հաստատելու իրաւականութիւնը:
Եռօրեայ խորհրդաժողովին մասնակցութեան սակը 150 տոլար է, ներառեալ՝ ընկերային շարք մը հաւաքներու մասնակցութիւն:
Տարեկան ձեռնարկին ու խորհրդաժողովին մասնակցութեան սակը 300 տոլար է: Ուսանողներու յատուկ զեղչեր տրամադրելի են: