ՋԵՐՄՈՒԿ, «Նիուզ».- «Չենք լռելու» երիտասարդական նախաձեռնութիւնը կը դիմէ Ջերմուկի բոլոր ձեռնարկատէրերուն, մանաւանդ՝ հանքային ջուրերու գործարաններու եւ հանգստեան տուներու տէրերուն, Ջերմուկի հարեւանութեամբ գտնուող եւ անտէրութենէն կործանուող Գնդեվանք վանական համալիրի փրկութեան հարցով:
«Ձեռնարկատէրերը միասին կրնան իրականացնել սրբավայրի փրկութեան աստուածահաճոյ գործը: Մեր հայրենիքին մէջ մեր պատմութիւնը պէտք է ապահովագրուած ըլլայ կործանումէ, մեր անցեալը պէտք է պաշտպանուած ըլլայ մոռացումէ: Տակաւին ուշ չէ պահպանելու համար այդ անցեալը՝ յանուն ապագային», կ՛ըսուի նախաձեռնութեան տարածած հաղորդագրութեան մէջ:
Գնդեվանք միջնադարեան համալիրին հիմքը դրուած է 936ին, իսկ համալիրի գլխաւոր՝ Ս. Աստուածածին եկեղեցին, համաձայն արեւմտեան դրան ճակատակալ քարէ արձանագրութեան, կառուցուած է 1686ին:
Նաեւ, «Չենք լռելու»ն տեսասալիկ պատրաստած է Գնդեվանքի փրկութեան հարցով միաւորուելու խնդրանքին եւ սրբավայրի ներկայ վիճակին մասին: