ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Աշխարհի որոշ երկիրներու քաղաքացիներուն համար Հայաստանը կը համարուի պաշտպանուելու տեսանկիւնէն նախընտրելի երկիր: 2011 Յունուար-Յունիսին ապաստան ստանալու նպատակով Գաղթականութեան պետական ծառայութիւն դիմած է 53 անձ, որոնցմէ 15ը՝ Իրանէն, 21ը՝ Իրաքէն, մէկը՝ Լիբանանէն, մէկը՝ Թուրքիայէն, երեքը՝ Յորդանանէն, մէկը՝ Տաճիկիստանէն, մէկը՝ Մալիէն, իսկ եօթն՝ Փղոսկրեայ Ափունքէն:
Գաղթականութեան պետական ծառայութեան ապաստանի հարցերու բաժինի պետ Պետրոս Աղաբաբեան կը նշէ, որ կարգավիճակ ստացած անձինք կը ստանան բնակութեան իրաւունք, ինչպէս նաեւ անոնց կը տրուի պայմանադրական ճամբորդական փաստաթուղթ, որ հնարաւորութիւն կու տայ անոնց ճամբորդելու որեւէ երկիր, ի բացառեալ այն պետութիւնը, որուն սահմանները լքած են:
Օրէնքի համաձայն, Հայաստանի մէջ ապաստանի տրամադրումը կ՛իրականացուի երեք բաղադրիչներու միջոցով՝ երկրին մէջ ապրելու իրաւունք, ապաստան հայցողը իր ծագման երկիրը վերադարձնելու իրաւունքի բացակայութիւն, ինչպէս նաեւ հասարակական, մշակութային, տնտեսական հարցերու մէջ սեփական քաղաքացիներու համար սահմանուած նոյն իրաւունքներու եւ պարտականութիւններու տրամադրում անոնց:
Պետրոս Աղաբաբեանի խօսքով, կայ կացարանի տրամադրման երկու կարգավիճակ. «Առաջինը փախստականի կարգավիճակն է՝ առանց ժամկէտային սահմանափակման, եւ այդ հարցով շատ դիմումներ ենք ստանում ինչ որ պատճառներով հալածանքների արժանացած մարդկանցից, ապա՝ ժամանակաւոր պաշտպանուած անձի կարգավիճակ, որի դէպքում անձին տեղաւորում ենք յատուկ կացարանում, Մասիսի հանրակացարանում, որտեղ ունենք 50-60 սենեակ», ըսաւ ան, աւելցնելով, որ Հայաստանէն ապաստան խնդրողներու կեցութեան ծախսերը կը հոգայ պետութիւնը, իսկ փախստականի կարգավիճակ ստանալէ ետք՝ անոնք պէտք է հոգան իրենց ծախսերը:
«Ժամկէտը լրանալուց յետոյ, ըստ կարգի, դիմումը քննւում է, ընդունւում է որոշւում՝ ՀՀում ժամանակաւոր ապաստանի իրաւունք տալու մասին, իսկ եթէ հայցը մերժւում է, ապա դիմում ենք ոստիկանութիւն՝ Հայաստանից վտարելու համար», նշեց Պ. Աղաբաբեան: