ՏԱՒՈՒՇ, «Նիուզ».- Տաւուշի մարզին մէջ, Հոկտեմբեր 2ին պատահած փլուզման եւ սողանքի վայրին մէջ, Հոկտեմբեր 5ին, պաշտպանութեան նախարարութեան (ՊՆ) պատկանող «Էմ.Ի. 8» ուղղաթիռի եւ այլ երկաթուղային սարքերու օգնութեամբ, վնասուած գօտիէն դուրս հանուած են 14 ինքնաշարժներ:
Լոռիի փրկարարներուն ուժերով, սողանքային գօտիէն դուրս բերուած է նաեւ բեռնատար ինքնաշարժի մը մէջ եղած բեռը:
Յիշեցնենք, որ Հոկտեմբեր 2ին, ժամը 17:03ին, «M6» միջպետական մայրուղիի Վանաձոր-Բագրատաշէն հատուածին վրայ, «Այրում» երկաթուղային կայարանի կամուրջին մօտ սողանք տեղի ունեցաւ: 130 մեթր երկարութեամբ եւ 60 մեթր բարձրութեամբ հողազանգուածը ամբողջովին անանցանելի դարձուց ճանապարհը: Հողազանգուածին տակ մնաց շուրջ 35 ինքնաշարժ: Տակաւին անհետք կորսուած կը համարուին հինգ անձեր: