ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի մէջ անհետացման վտանգին տակ գտնուող թռչնատեսակներուն թիւը աւելցած է 29ով: Հայաստանի բնապահպանութեան նախարարութենէն Դանիա Դանիէլեան յայտնեց, թէ նախապէս «Կարմիր Գիրք»ին մէջ նշուած 67 տեսակին փոխարէն, 2010ի «Կարմիր Գիրք»ին մէջ արձանագրուած է ոչնչացման եզրին գտնուող 96 թռչնատեսակ:
Ըստ Դանիէլեանի, Հայաստան ունի իւրատեսակ բնութիւն. եթէ ամբողջ Եւրոպայի մէջ հաշուառուած է շուրջ 500 թռչնատեսակ, ապա Հայաստանի մէջ այդ թիւը կը հասնի 351ի, որոնց պահպանման համար անհրաժեշտ է համապատասխան միջավայր: Անոր հաւաստումով, թռչուններու անհետացման հիմնական պատճառներէն են կլիմայի փոփոխութիւնը եւ մարդու գործունէութիւնը:
Ըստ Դ. Դանիէլեանի, բնութեան նկատմամբ մարդկային վերաբերմունքի դրական փոփոխութեան պարագային՝ ուշագրաւ արդիւնքներու կը հասնինք: Բնութեան տարածքներու լուրջ պահպանումը իր մեծ ազդեցութիւնը կը գործէ թռչնատեսակներու վերականգնման գծով: