ԹԵՀՐԱՆ, «Ռոյթըրզ».- Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ալի Աքպար Սալեհի յայտարարեց. «Իրան 15 դրացի պետութիւններ ունի, սակայն Թուրքիա եւ Սէուտական Արաբիա Իրանի արտաքին քաղաքականութեան մէջ առաջնահերթ տեղ ունին»։
Սալեհի նշեց. «Թուրքիա ուժեղ երկիր մըն է եւ Օսմանեան կայսրութեան ժառանգորդը. այս երկիրը Արեւմուտքին դէմ կը կանգնի, ժողովուրդը հաւատացեալ եւ իսլամութիւնը սիրող է: Նոյնպէս ալ Սէուտական Արաբիան, ուր կը գտնուին զոյգ սուրբ քաղաքները՝ Մեքքան եւ Մետինէն, շրջանին մէջ տնտեսական կարեւոր ուժ մը կը նկատուի»։ Իրանի արտաքին գործոց նախարարը կոչ ուղղեց՝ ամրապնդելու Թուրքիոյ հետ համագործակցութիւնը եւ արգելքները հարթելու, աւելցնելով՝ «Իրանը Թուրքիան իրեն մրցակից մը չի նկատեր, այլ Թուրքիոյ զարգացումն ու բարգաւաճումը Իրանի զարգացումին եւ բարգաւաճման նման կը նկատէ, ինչպէս նաեւ անոր ապահովութիւնը՝ Իրանի ապահովութիւնն է»։