ԴԱՄԱՍԿՈՍ.- Ռուսական «Իթար- Թասս» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, թէ Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 5ին, Թուրքիոյ զինեալ ուժերը ռազմափորձերու սկսած են Սուրիոյ հետ սահմանամերձ շրջաններուն մէջ, ուր աւելի քան եօթը հազար սուրիացի գաղթականներ ապաստանած են։
Անտիոքի մէջ կայացող ռազմափորձերը պիտի շարունակուին մինչեւ Հոկտեմբեր 13 եւ կ՛անկալուի, որ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան այցելութիւն մը տայ զինափորձերու վայր ու հանդիպում ունենայ սուրիացի գաղթականներու հետ։