ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

Հայերը լուրջ հիմք ունին վիրաւորուած զգալու՝ Իսրայէլի կառավարութեան կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման մերժումին համար: Անգթութիւն է այն, որ Ողջակիզումի կարգ մը զոհեր անզգայ կը գտնուին մէկ այլ ժողովուրդի մը նկատմամբ, որ նման ճակատագիր մը ունեցած է: Իսրայէլի կողմէ այդ վիրաւորական մերժումը պայմանաւորուած է Թուրքիոյ՝ իր «ռազմավարական դաշնակիցին», գոհացնելու ոչ-բարոյական ցանկութեամբ:
Իսրայէլի բազմաթիւ քաղաքացիներու նման, դոկտոր Իսրայէլ Չարնի նոյնպէս խիստ դէմ է Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ իր երկրի կառավարութեան որդեգրած այդ ամօթալի դիրքորոշումին: Ան երկար տարիներէ ի վեր կը հանդիսանայ Երուսաղէմի մէջ Ողջակիզման եւ ցեղասպանութեան հիմնարկի տնօրէնը, ինչպէս նաեւ՝ Ցեղասպանագէտներու միջազգային միութեան նախկին նախագահը: Բազմաթիւ առիթներով, դոկտոր Չարնի արտայայտած է իր խիստ դիրքորոշումը Իսրայէլի պաշտօնատարներուն նկատմամբ՝ քննադատելով անոնց դատապարտելի կեցուածքը Հայոց Ցեղասպանութեան նկատմամբ:
Այս տարուան սկիզբը, Հայաստանի նախագահը դոկտոր Չարնին պարգեւատրած է նախագահական շքանշանով եւ 10,000 տոլար մրցանակով՝ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման ուղղուած անոր երկարամեայ ջանքերուն համար:
Այն պատճառով, որ Երեւանի մէջ պարգեւատրման արարողութեան ընթացքին դոկտոր Չարնի խօսելու հնարաւորութիւն չունեցաւ, կը փափաքիմ ներկայացնել անոր պատրաստած նկատառումներէն յատկանշական հատուածներ.
«Չափազանց անարդար, անիրաւ եւ տգեղ է ժխտել ցեղասպանութիւնը: Ատիկա վտանգաւոր է ոչ միայն ցեղասպանութեան ենթարկուած ժողովուրդին, այլ նաեւ մեր մարդկային քաղաքակրթութեան համար: Ցեղասպանութեան ժխտումը ցեղասպանութեան ենթարկուած ժողովուրդը անգամ մը եւս նուաստացնելու զազրելի փորձ է, եւ խարազանուած ու հետապնդուած զոհ ժողովուրդի վէրքերուն՝ ցաւալի վերաթարմացում է»:
Աւելին, ցեղասպանութեան ուրացումը նաեւ բռնութեան օրինականացման մեծագոյն հաստատումն է, ցեղասպանութեան ընթացքին իրականացուած բռնի յատուկ սպանութիւններու յետադարձ արդարացումն է, ինչպէս նաեւ նոր բռնութիւններ գործելու նախազգուշացում եւ կոչ՝ միեւնոյն տուժած ազգին կամ այլ ազգի մը նկատմամբ: Իրականութեան մէջ ակնյայտ դարձած է այն, որ ցեղասպանութեան ժխտումը յաճախ ժխտողներուն կողմէ պատգամ մըն է այն մասին, թէ անոնք արդէն իսկ պատրաստ են կամ կը պատրաստուին անգամ մը եւս բռնութիւն իրականացնելու»:
«Երբեք պատահական չէ, որ (Թուրքիոյ վարչապետ) Էրտողան վերջին տարուան ընթացքին երկու առիթներով սպառնացած է Թուրքիայէն վտարել 100,000 հայեր, ինչպէս նաեւ երբեք պատահական չէ, որ Էրտողանի Թուրքիան (վարչակարգ մը, որ արտառոց կերպով մեծ ջանքեր կը գործադրէ՝ ժխտելու համար Հայոց Ցեղասպանութիւնը) կը շարունակէ բռնութիւն գործադրել քիւրտերու նկատմամբ՝ ոչնչացնելով հազարաւոր գիւղեր, սպաննելով տասնեակ հազարաւոր մարդիկ. նաեւ, շատ յաճախ, Թուրքիոյ կառավարութիւնը թոյլ չի տար անոնց գործածել իրենց մայրենի լեզուն կամ տարածել իրենց մշակոյթը»:
«Իսրայէլ կը փորձէ բարիդրացիական յարաբերութիւններ ունենալ Թուրքիոյ հետ՝ Հայոց Ցեղասպանութեան փաստի ճշմարտացիութեան հաշուոյն: Ես համոզուած եմ, որ այս քաղաքականութիւնը շատ սխալ է: Անշուշտ, ես չեմ հաւատար, որ ազգերը, յատկապէս փոքր ազգերը, իրենք իրենց կ՛արտօնեն չգնահատել քաղաքական իրականութիւնը եւ ապահովութեան վտանգները, այնուամենայնիւ, կը կարծեմ, որ երկարաժամկէտ կտրուածքով, պէտք է ըլլան իրապաշտ քաղաքականութեան սահմանափակումներ, եւ որ ցեղասպանութեան պատմութեան ժխտումը ընդունելի սահմաններէն դուրս պէտք է ըլլայ»:
«Ես չեմ կրնար չխօսիլ Իսրայէլի պետութեան կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման մասին: Իսրայէլ ամբողջութեամբ սխալ է Հայոց Ցեղասպանութիւնը չճանչնալու հարցով: Միեւնոյն ժամանակ, փառք Աստուծոյ, այժմ ես արդէն կրնամ ըսել, թէ Իսրայէլի մշակոյթին, լրատուամիջոցներուն եւ մեր հասարակութեան մէջ մենք յաղթած ենք Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու ճակատամարտը: Երբ քանի մը տարի առաջ չորս անձերէ բաղկացած մեր պատուիրակութիւնը, որուն կազմին մէջ էին փրոֆ. Եայիր Օրոն, փրոֆ. Եհուտա Պօեր, նախկին նախարար Եոսի Սարիտ եւ ես, եկաւ Հայաստան՝ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերուն նուիրուած յուշարձանին ծաղկեպսակ դնելու համար, մենք իսկապէ՛ս կը ներկայացնէինք Իսրայէլի հասարակութեան ստուար զանգուածը»:
«Այս պահուն մեզ տեղեկացուցին, որ Քնեսեթը կը քննարկէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը: Ընդհանուր առմամբ, Քնեսեթը այժմ Իսրայէլի պատմութեան մէջ արդէն երրորդ անգամն ըլլալով պիտի քննարկէ Հայոց Ցեղասպանութեան հնարաւոր ճանաչման հարցը: Այս քուէարկութիւններէն իւրաքանչիւրը մեր նպատակին համար որոշ յառաջընթաց կը ներկայացնէ: Իսրայէլի համակարգով, առաջարկը պէտք է վերանայուի եւ որոշուի Քնեսեթի կոմիտէին մեծամասնութեան կողմէ: Ինչպէս գիտէք, քաղաքականութիւնը դիւրին գործ չէ, եւ մեր ընդդիմադիրները նախապէս յաջողած են մեզ պարտութեան մատնել ճանաչման ճիշդ այս հանգրուանին»:
«Այս անգամ առաջարկութիւնը պիտի յանձնուի Կրթութեան հարցերով յանձնաժողովին, ինչ որ տարբեր է Արտաքին գործոց եւ անվտանգութեան հարցերով կոմիտէի ընթացակարգերէն, ուր առաջարկութիւնը կարելի է թաղել՝ նոյնիսկ առանց որեւէ քննարկումի եւ ոչ ոք կ՛իմանայ թէ ի՛նչ կատարուեցաւ. Կրթութեան հարցերով յանձնաժողովին մէջ քննարկումները եւ քուէարկութիւնը հրապարակային կ՛ըլլան: Մեր մօտիկ գործընկերները եւ ես մեծ յոյսեր չունինք թէ անիկա կ՛ընդունուի, սակայն ներկայիս աւելի մեծ հաւանականութիւն կայ անոր յաջողութեան, քան՝ անցեալին: Ճիշդն ըսած՝ այժմ Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու հաւանականութիւնը աւելի մեծ է, որովհետեւ Թուրքիան Իսրայէլի ցոյց տուաւ իր նենգ կողմը, եւ մեզմէ շատերը պիտի ամչնան անշուշտ, եթէ Ցեղասպանութեան ճանաչումը կատարուի այդ պատճառով, այլ ոչ թէ այն հանգամանքին համար, որ Իսրայէլ կ՛ուղղէ երկար տարիներու իր սխալը»:
Իսրայէլացի լրագրող Ռաֆայէլ Ահրեն ճշգրտօրէն կը նշէ վերջերս հրապարակուած «Հաարեց»ի իր յօդուածին մէջ. «Եթէ Իսրայէլ մօտ ապագային ճանչնայ Թուրքիոյ կողմէ 1 միլիոն հայերու Ցեղասպանութիւնը, ապա ատիկա մեծապէս հիմնուած պիտի ըլլայ ամերիկածին գիտաշխատող Իսրայէլ Չարնիի ջանքերուն վրայ»:
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈԻՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
Թարգմանեց՝
ԿԱՐԻՆԷ ԳԷՈՐԳԵԱՆ