Պատրաստեց՝
ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ
գ. Ծիրանացան (Purpura)

Ծիրանացանը հետեւանք է մորթի նրբանօթներու դիւրաբեկութեան: Մորթին վրայ նուազագոյն հարուածով, մորթի նրբանօթները շուտով կը վիրաւորուին, կը բացուին եւ արեան քանի մը կաթիլներ մորթին մէջ կը հոսին, ուստի մորթը կը ստանայ կապոյտ գունաւորում: Ծիրանացանը ընդհանրապէս կը տեսնուի սրունքներու, յետոյքի եւ թեւերու վրայ. անիկա կը պատահի առաւելաբար կիներու եւ տարեցներու մօտ:
դ. Ժառանգական նրբանօթային լայնացում (hereditary telangiectasia)
Այս հիւանդութիւնը կը ժառանգուի տիրական ձեւով եւ ախտապատճառը անյայտ է: Տղաք եւ աղջիկներ հաւասարապէս կազդուին անկէ: Անիկա կը յայտնուի մնայուն, փոքր, լայնցած, կարմիր-մանիշակագոյն նրբանօթներով, որոնք հետեւանքն են նրբանօթներու անբնական կազմաւորման: Այս անբնական նրբանօթները կը տեսնուին ընդհանրապէս դէմքին, շրթունքներուն, քիթին, ձեռքի եւ ոտքի մատներուն վրայ, ինչպէս նաեւ բերանին մէջ: Անոնք կրնան արիւնոտիլ նուազագոյն հարուածով: Ժառանգական նրբանօթային լայնացումը կը դարմանուի lazer-ճառագայթներով եւ վիրահատումով:
ԺԳ. Մորթապնդութիւն (scleroderma)
Մորթապնդութիւնը կը յատկանշուի մորթի մնայուն, ծաւալուն կոշտութեամբ-պնդութեամբ: Մորթը կը վերածուի փայլուն, հաստ եւ կարծր մաշկի՝ բնականէն աւելի կամ նուազ գունաւորումով: Մորթապնդութիւնը կը պատահի մարմինի մակերեսի որեւէ բաժինին վրայ, մանաւանդ՝ թեւերուն, ձեռքերուն, ձեռքերու մատներուն ու սրունքներուն վրայ: Անոր ախտապատճառը անյայտ է:
ԺԴ. Խրամատային ոտք (trench foot)
Ասիկա կը յառաջանայ, երբ ոտքը երկար ժամանակ ենթարկուած կ՛ըլլայ խոնաւութեան եւ շատ պաղ ջուրի կամ օդի: Ոտքի ծայրամասի (peripheral) ջիղերը, անօթները, մկանները եւ մորթը կը վնասուին՝ յառաջացնելով հետեւեալ ախտանշանները. ոտքի մորթի տժգունութիւն, ոտքի ուռեցք, պաղութիւն, ցաւ եւ անզգայութիւն:
Խրամատային ոտքի դարմանումը կը կարօտի անմիջական միջոցառումի՝ տաքցնելով ոտքը 40-42 աստիճան տաք ջուրով եւ ծածկելով զայն մաքուր վիրակապով (dressing): Անմիջական դարմանում չկիրարկուելու պարագային, կը յառաջանան խոցեր եւ ամբողջական ոտքի անզգայութիւն:
Խրամատային ոտքը կարելի է կանխարգիլել հետեւեալ զգուշացումներով. հանգստաւէտ կօշիկներու եւ առողջապահական գուլպաներու գործածութիւն, լոգանքէ ետք ոտքերը խոնաւ չպահել, գուլպաները յաճախ փոխել, խոնաւութեան եւ շատ պաղ ջուրի կամ օդի չենթարկուիլ:
ԺԵ. Մարմնական ընդհանուր հի-ւանդութիւններ, որոնք կը յայտնուին մորթային ախտանշաններով
ա. Գայլախտ (lupus)
Գայլախտի մորթային ախտանշան է՝ մակերեսային տափակ կամ բարձրացած կարմրագոյն մորթացանը (rash):
բ. Ժանտախտ (malaria)
Ժանտախտի մորթային ախտանշանն է՝ մժեղի խայթուածքը:
ԺԶ. Սողնախտ (herpes simplex).
Սողնախտը ժահրային (viral) փոխանցիկ վարակ մըն է: Ան կը փոխանցուի անմիջական հպումով-դպչելով վարակուած անձի մը, որ բացայայտօրէն կ՛ունենայ իր մարմինին վրայ այս վարակին յատկանշական վէրքեր։ Երկու տեսակ ժահրեր կը հարուածեն մարդու մորթը, բերանը, շրթները, աչքերը եւ սեռային արտաքին գործարանները (external sex organs)։ Վարակումէն մէկ օր ետք անհատը կ՛ունենայ քերուըտուք եւ թրթռացուցիչ զգացում մը մարմնի որոշ մէկ տեղը. շուտով կը յայտնուին խմբաւորուած եւ զանազան չափերով յատկանշական փշտիկները (vesicles), որոնք կը լեցուին թափանցիկ հեղուկով մը եւ կը պատճառեն տեղայնական ցաւ: Քանի մը օրեր ետք, անոնք կը չորնան եւ կը կեղեւաւորուին (crust) եւ երբեմն խոցերու (ulcer) կը վերածուին: Այս վարակը կը տեւէ 8-10 օր։ Առաջին վարակումէն ետք այս ժահրերը կը կուտակուին եւ անվնաս կ՛ապրին մարմնի որոշ ջղահանգոյցներու (nerve ganglia) մէջ. սակայն անոնք ձգելով իրենց նստավայրերը կը յառաջացնեն, երկրորդ անգամ ըլլալով, նոր ախտանշաններ եւ փշտիկներ, որոնք կը յայտնուին, երբ հիւանդը ենթակայ ըլլայ երկար ատեն արեւի ճառագայթներուն, ֆիզիքական եւ յուզական ճնշումներու, դիմադրողականութեան նուազումի եւ երկրորդական հիւանդութեան մը պատճառով յառաջացած բարձր ջերմի։ Մորթի սողնախտը կը պատահի ընդհանրապէս շրթունքներու շրջապատին, քիթին, ականջներուն եւ մատներուն վրայ:
(Շար. 3)