
ԵՐԵՒԱՆ.- «Հայաստանի գրողներու միութեան պաշտօնաթերթ «Գրական թեր»չի 7 Հոկտեմբերի թիւին մէջ կը կարդանք, որ լոս- անճելըսաբնակ գրող, արձակագիր Պօղոս Գուբելեան, որ նաեւ թերթիս աշխատակիցներէն է, արժանացած է «Հայը 21րդ Դարասկզբին» յատուկ մրցանակին՝ իր «Ազգատոհմիս գողգոթան» գործին համար:
«Հայը 21րդ Դարասկզբին» գրական մրցանակին արժանացած միւս հեղինակներն են Գուրգէն Խանջեան («Ենոքի աչքը» վէպին համար), Յուսիկ Արա («Միայնակ շան լուսնահաչը» վիպակին համար) եւ Էդվարդ Խաչիկեան («Սպիտակ Գայլ» պատմուածաշարին համար):
Այս առթիւ «Ասպարէզ»ի խմբագրութիւնը կը շնորհաւորէ բոլոր հեղինակները եւ յատկապէս մեր աշխատակից Պօղոս Գուբելեանին: