ՊՕՂՈՍ ԳՈՒԲԵԼԵԱՆ
Սփիւռքահայ կազմակերպութիւններու ղեկավարութեան մասնակցութեամբ կատարուած Համահայկական համագումարի փակման հանդիսութեան, Սեպտեմբեր 20ին, նախարար Հրանոյշ Յակոբեան խօսեցաւ կարեւոր ճառ մը, որ որքա՛ն հռետորական հնչողութիւն ունէր, նոյնքա՛ն ալ ջերմ, հաղորդական լաւ բանաձեւուած հայրենասիրական յատկանիշներով կը բնորոշուէր։
Ներկայ վերլուծական ակնարկով նպատակ չունինք նախարարին կարեւոր ելոյթին ամբողջութեան անդրադառնալու, այլ պիտի ծանրանանք սփիւռքահայութիւնը մօտէն հետաքրքրող երեւոյթի մը, որ անկախութեան 20 տարիներուն իր յստակ դիմագիծը չգտաւ՝ խարխափումի ու վերիվայրումներու ընդմէջէն անցնելով։ Խօսքս սփիւռքահայ յայտնի գործարարներու հոսքն է դէպի հայրենիք, որ սպասուածին պէս զանգուածային բնոյթ չստացաւ, այլ անհատական նախաձեռնութեան սահմանին մէջ մնալով՝ յաճախ վերջ գտաւ դատ-դատաստանի «ֆիասքօ»ով։
Յարգելի նախարարը, որուն անկեղծութեան ու հայրենասիրութեան վրայ ոչ մէկ կասկած ունինք, այդ երեւոյթին անդրադառնալով՝ կատարեց հետեւեալ հաստատումը, որ վստահ ենք ներկաներէն շատերուն հռետորութիւն թուեցաւ։
Ըստ Հրանոյշ Յակոբեանի արդար ակնկալութեան, որպէսզի արտագաղթ կոչուած երեւոյթին ու հետեւաբար Հայաստանի պարպումին առաջքը առնուի, ան հազար սփիւռքահայ գործարարներու հրաւէր ուղղեց՝ մասնաճիւղեր ու աշխատատեղիներ հասատելու. շուրջ հարիւր հազար աշխատատեղ պիտի գոյանայ Հայաստանի տարածքին եւ նուազագոյնը՝ կէս միլիոն հայեր արժանավայել ապրուստի միջոցներով ապահովուած պիտի ըլլան՝ առաջքը առնելով արտագաղթին, բան մը, որ թրքական-ազերիական վտանգին չափ պէտք է մտահոգէ իւրաքանչիւր հայրենասէր հայ:
Ընդհանրապէս, այսպիսի համագումարներու պաշտօնական ամպիոններէն հայրենասիրական բոցաշունչ ճառեր կը խօսուին, բուռն ծափահարութիւններու կ՛արժանայ հռետոր անձը, ապա՝ պապանցումն Զաքարիայի…։ Լաւագոյն պարագային, մոռացութեան կը տրուին ու անշշուկ կը թաղուին հայրենակերտման գաղափարները։ Բան մը, որ խոտոր կը համարենք մեզի պէս քաղաքակիրթ, սակայն աշխարհով տարտղնուած ու թշնամիներով շրջապատուած հաւաքականութեան մը մտաւորականութեան։ Արդ, գրող հրապարակագիրի մեր պարտականութիւնն է քննել ու վերլուծել, կարգ մը պարագաներու ալ՝ վերյիշեցնել, եղած առաջարկութիւններն ու տրուած, չպահուած խոստումները։ Հրանոյշին հայրենաշունչ, բոցավառ խօսքէն ետք, եթէ ինծի առիթ տրուէր, հետեւեալ միտքերով պիտի բանաձեւէի ելոյթս.
Այստեղ հաւաքուած գործնապաշտ-գաղափարապաշտ ընտրանին այնքա՛ն ալ միամիտ չէ ընկալելու համար, որ յարգելի նախարարին առաջարկութեան ընդառաջելով՝ սփիւռքահայ գործարարները իրար պիտի անցնին ու իրենց քունը փախցնեն, թէ՝ ի՞նչ միջոցներով հազար գործատեղի պիտի ստեղծեն հայրենի հողին վրայ, որովհետեւ սփիւռքահայ գործարարը, ինչպէս յառաջադէմ մտաւորականութիւնը, անկախութեան առաջին տարիներէն իսկ, դժբախտաբար, իր հաւատքը կորսնցուց այդ օրերու հայրենի իշխանութիւններուն հանդէպ… Եւ ատոր պատճառը ուրիշ տեղ չփնտռենք. անկախութեան յաջորդող տարիներուն գործուած սխալներն էին, որոնք իրենց աւերը գործեցին՝ սկսելով ՀՀՇական իշխանաւորներու կողմէ երկքաղաքացիութեան մերժումէն, որ խոր հիասթափութեան մատնեց սփիւռքահայ հայրենապաշտ զանգուածները։ Անոր յաջորդեց Համահայկական դրամատան ու համընկերութեան կազմութեան գաղափարին հանդէպ անոնց որդեգրած անտարբեր, վանողական վերաբերմունքն ու կրքոտ կեցուածքը:
Այդ շրջանին, հայկական մամուլին մէջ ընդառաջ եկանք համաշխարհային չափանիշով Համահայկական համընկերութիւն մը կազմելու առաջարկութեամբ, որպէսզի միջազգային նորմերով զարգանար Հայաստանի տնտեսութիւնը, առանց նախապէս տեղեակ ըլլալու, թէ Եբրայական պետութեան կազմութենէն ի վեր այդպիսի ահեղ համընկերութիւն մը կը գործէր Իսրայէլի մէջ, եւ գլխաւոր դարբինը ու մղիչ ուժը հանդիսացած էր նորանկախ հանրապետութեան ճարտարարուեստացումին։
Երբ յօդուած-առաջարկութիւնս լոյս տեսաւ սփիւռքահայ մամուլին մէջ, որուն կ՛ընկերանար երկքաղաքացիութեան ամէն սփիւռքահայու սրտամօտ առաջարկութիւնը, Նիւ Եորքէն մտաւորական բարեկամ մը հեռաձայնեց յօդուածագիրիս, իմացնելու համար, թէ առաջարկութիւնս նորութիւն չէր եւ թէ Իսրայէլի պետութիւնը արդէն իսկ յաջողութեամբ կը կիրարկէր այդպիսի համընկերութիւն մը:
– Աւելի լաւ, ուրեմն փորձարկուած դրոյթ է, որ յաջողութեան աւելորդ երաշխիք կը բերէ իրեն հետ…,- պատասխանեցի նիւ-եորքցի բարեկամիս։
Հրէական «մօտէլ»էն անկախաբար զարգացուցած էի առաջարկած ծրագիրս։ Այդ իրականութեան հետ առաջին շփումս տեղի ունեցաւ աւելի ուշ, Երեւան, 1999ին, Համահայկական համագումարին, երբ ժամանակային գօտիի տարբերութեան պատճառով պանդոկին ճեմասրահը առաւօտեան առաջին ժամերուն նստած կը պարապէի, եւրոպացիի արտաքինով հիւր մը եկաւ ու դիմացս նստաւ։ Գրելը մոռցած՝ շահեկան զրոյցի մը մէջ մտայ օտարականին հետ, որ ինքզինք ներկայացուց որպէս Երեւան գտնուող հրէական ճատրակի խումբի ղեկավար։
«Ճիշդ փնտռած անձս է» մտածեցի… Ուզեցի իր ալ կարծիքը լսել հրէական համընկերութեան մը գոյութեան ու անոր վիճակուած ազգակերտման առաքելութեան կապակցութեամբ։
– Դուք ուրկէ՞ այդքան բան գիտէք համահրէական համընկերութեան մասին,- զուարճացած հարց տուաւ ճատրակիստներու յիսուննոց միլիոնատէր գործարար-ղեկավարը։
Ստիպուած, յայտնեցի անոր հայկական մամուլին մէջ ձեւաւորած առաջարկութիւնս, երբ դեռ անգիտակից էի հրէական «մօտէլ»ի գոյութեան։ Մատնանշեցի նաեւ Նիւ Եորքէն իմ ստացած հեռաձայնի քաղաքավար կանչը…
– Այո՛, նիւ-եորքցի բարեկամդ իրաւունք ունէր,- ըսաւ ան, գործնական մարդու լրջութեամբ,- մեր ընտանիքը այդ համընկերութեան նպաստաւորեալներէն մէկը հանդիսացած է, երբ հօրս բանեցուցած զսպանակներու նախնական աշխատանոցը, զոր Լեհաստանէն հետը բերած էր, համընկերութեան պատասխանատուներուն ուշադրութեան արժանացաւ եւ անոնք հսկայ արտադրութեան վերածեցին զայն՝ իր տեսակին մէջ աշխարհի երկրորդ մեծագոյն հիմնարկութիւնը դարձնելով հօրս խեղճուկ աշխատանոցը, ու այդպիսով, հարիւրաւոր մարդոց գործ ու ապրուստ հայթայթուեցաւ:
Համագումարէն վերադարձիս գրեցի հրեայ միլիոնատէր ճատրակիստին հետ ունեցած հանդիպումիս մասին։ Որպէս արդիւնք, Հայաստանի իշխանութիւններուն կողմէ դոյզն իսկ քննարկումի չենթարկուեցաւ այդ գաղափարը. բան մը, որ կրնար փրկարար դեղատոմս դառնալ Հայաստանի տնտեսական զարգացման, ու ստիպուած չէինք ըլլար մեր խոշոր ձեռնարկութիւններն ու ոսկիի հանքերը օտարներուն վաճառելու:
Եկէ՛ք անկեղծ ըլլանք. եթէ առաջարկուած համընկերութեան գաղափարը որդեգրուէր ՀՀՇական իշխանութիւններուն կողմէ ու իրականութիւն դառնար, սփիւռքահայը ստիպուած պիտի չըլլար բաղդատաբար իր համեստ դրամագլուխով աւելորդ «ռիսկ»երու դիմելու։ Համընկերութեան բաժնեթուղթեր գնելով՝ ազգային իր պարտականութիւնը կատարած կ՛ըլլար ան՝ սատարելով Հայաստանի տնտեսական զարգացման, ուստի մեր սիրելի Հրանոյշ Յակոբեանին կը խնայէինք «հազար սփիւռքահայ գործարարներ» Հայաստան հրաւիրելու ճիգը։
Համընկերութեան մը պարագային, գրեթէ ամէն սփիւռքահայ, տնտեսական իր կարողութեան ներած չափով, պիտի մասնակցէր հայրենակերտման աշխատանքին։ Սփիւռքին հանդէպ անհեթեթ «ֆոպիա»ով (վախով-Խմբ.) վարակուած ըլլալով՝ ՀՀՇական «քլիք»ը (խմբակը-Խմբ.) չկրցաւ արժեւորել արտերկրի հայութեան կարողականութիւնը եւ ազատագրուիլ անոր մէջ «ահեղ մրցակից» տեսնելու իր բարդոյթէն. բան մը, որ նորանկախ Հայաստանը առաջնորդեց դէպի անկում ու յուսալքութիւն։
Դաշնակցական գործիչներու արգելափակումն ու Բիւրոյի ներկայացուցիչ Մարուխեանին երկրէն վտարումը, բեկում յառաջացուց սփիւռքահայութեան հայրենասէր զանգուածներուն մօտ։ ՀՀՇականներու յաջորդող զոյգ իշխանութիւնները, շատ սուղ վճարեցին իրենց նախորդին կրքոտ ու հակասփիւռքեան անհեթեթ քաղաքականութեան գինը։
Եթէ երբեք ՀՀՇականները թեւաւոր մէյ մէկ հրեշտակներ ըլլային, ինչ որ հարցական կը մնայ, հայ ժողովուրդը դարձեալ պիտի չներէր անոնց բացթողումները…
Խօսքս Օփերայի հրապարակը հաւաքուող ու մեր անմիջական անցեալի պատմութեան հանդէպ կամաւոր զարամախտէ տառապող հայրենակիցներուն չի վերաբերիր…
Դժբախտաբար, ազգովին փախցուցինք գնացքը, ազգակերտման ոսկի առիթը։ Իսկ Հրանոյշ Յակոբեանները, ներկայ պայմաններուն մէջ կը փորձեն հրաշքով մը անկարելին յաջողեցնել։
Բարի երթ՝ հայ նախարարուհիին: