ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Կազմակերպութեամբ «Մաշտոց» քոլեճի Հայագիտութեան բաժանմունքին, Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 28ին, երեկոյեան ժամը 7ին տեղի պիտի ունենայ զրոյց եւ քննարկում՝ նուիրուած Հայ Մշակոյթի ամսուան:
Քննարկումին նիւթ է՝ «Հայ ուսուցիչին դիմագրաւած մարտահրաւէրները հայակերտումի ջանքերուն մէջ»:
Զրոյցը, որ տեղի պիտի ունենայ քոլեճին մէջ (407 East Colorado Blvd., Glendale), պիտի վարեն Հայագիտութեան բաժանմունքի ուսանողուհիները:
Մուտքը ազատ է եւ տեղի պիտի ունենայ հիւրասիրութիւն: