
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 21ին, երեկոյեան ժամը 7:30էն սկսեալ, գրական քննարկում մը տեղի պիտի ունենայ Կլենտէյլի հանրային գրադարանի սրահին մէջ (222 East Harvard Street), «Կին գրողը հայ գրականութեան մէջ» նիւթով:
Թէքէեան մշակութային միութեան Լոս Անճելըսի մասնաճիւղին կողմէ կազմակերպուած սոյն ձեռնարկին ընթացքին ելոյթ պիտի ունենան Սօնա Զէյթլեան եւ Մարիա Քրիսեան, խօսելով յաջորդաբար Զապէլ Եսայեանի եւ Սիլվա Կապուտիկեանի մասին: Հանդիսավարն է Երուանդ Գոչունեան. պիտի ներկայացուի նաեւ գեղարուեստական յայտագիր մը:
Մուտքը ազատ է եւ տեղի պիտի ունենայ հիւրասիրութիւն: