
ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Շաբաթ, Հոկտեմբեր 22ին, երեկոյեան ժամը 10:30էն սկսեալ, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբն ու «VIZA» նուագախումբը իւրայատուկ համերգ մը կազմակերպած են՝ նպատակ ունենալով մեծ թիւով քուէարկողներ արձանագրել, յառաջիկայ ընտրութեանց անոնց մասնակցութիւնը ապահովելու եւ զանոնք քաղաքականպէս աւելի գործօն դարձնելու յոյսով:
Հայ Դատի յանձնախումբը եւ «VIZA»ն անցեալին եւս գործակցած են զանազան հարցեր լուսարձակի տակ առելու նպատակով. այդ հարցերու շարքին են՝ Հայկական Ցեղասպանութիւնը եւ անտուն անձերուն, ինչպէս նաեւ որբերուն ու կարօտեալ պատանիներուն օժանդակութիւն տրամադրելու հրամայականը:
Հոկտեմբեր 22ի ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ «Թրուպարտուր» սրահին մէջ (9081 Santa Monica Blvd., West Hollywood): Տոմսերուն սակը 15 տոլար է՝ եթէ կանխաւ ապահովուին, իսկ տեղւոյն վրայ՝ 18 տոլար: Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, այցելել http://www.experienceviza.com/Viza/Tour.html կայքէջը: