ԱՆԳԱՐԱ, «Էյ.Փի.».- Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան զինեալներ Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 19ի կանուխ ժամերուն, իրաքեան սահմանին մօտ գտնուող Կորճայք նահանգի Չուքուրճա եւ Եուքեսքովա շրջաններուն մէջ թրքական բանակի դիրքերուն վրայ յարձակումներ գործելով՝ յաջողեցան առնուազն 26 թուրք զինուորներ սպաննել եւ 22 ուրիշներ վիրաւորել, ինչ որ 1993էն ի վեր թրքական բանակին ամէնէն մեծ կորուստն էր։
Մէկ օր առաջ Պիթլիսի մէջ ականահարումի մը պատճառով, 5 ոստիկաններ եւ երկու քաղաքայիններ սպաննուած էին։
Թուրքիոյ նախագահ Ապտուլլահ Կիւլ խոստացաւ վրէժ լուծել։ «Անոնք, որոնք մեզի այս ցաւը պատճառեցին, իրենց կարգին պիտի ցաւին։ Անոնք, որոնք կը կարծեն, թէ կրնան այս ձեւով թրքական պետութիւնը ցնցել, պիտի տեսնեն, որ այս յարձակումներուն համար մեր վրէժը մեծ պիտի ըլլայ։ Անոնք ի վերջոյ պիտի տեսնեն, որ թրքական պետութեան դէմ պատերազմ չեն կրնար մղել։ Անոնք, որոնք անոնց կ՛օժանդակեն, իրենց կարգին պէտք է իրենց դասը առնեն եւ ասօր հետեւանքները կրեն։ Ամբողջ աշխարհը պէտք է գիտնայ, որ Թուրքիա ահաբեկչութեան դէմ պայքարը վճռակամութեամբ մինչեւ վերջ պիտի շարունակէ։ Թուրքիա երբե՛ք պիտի չցնցուի», յայտարարեց Կիւլ, որ Շաբաթ օր այցելած էր բանակին սահմանային դիրքերը։
Մինչ այդ, Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան, Ղազախստան տակլիք իր այցելութիւնը ջնջելով՝ հրաւիրեց արտակարգ ժողով մը, որուն մասնակցեցան ներքին գործոց նախարար Իտրիս Նայիմ Շահիմ, պաշտպանութեան նախարար Իսմեթ Եըլմազ եւ գաղտնի սպասարկութեան (ՄԻԹ) ղեկավար Հաքան Ֆիտան։
Էրտողան մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարեց. «Թուրքիոյ թէ՛ թշնամիները եւ թէ՛ բարեկամները պէտք է գիտնան, որ Թուրքիա երբե՛ք, որեւէ յարձակումի պատճառով անձնատուր պիտի չըլլայ, երբե՛ք պիտի չնահանջէ եւ երբեք պիտի չզիջի երկրի հողէն նոյնիսկ մէկ ջնջին մասը։ Անոնք, որոնք այս երկիրին խաղաղութիւնն ու կայունութիւնը թիրախ կը դարձնեն, այս կառավարութիւնը եւ ամբողջ ժողովուրդը իրենց դէմ պիտի գտնեն»՝ աւելցնելով. «Ան որ բացայայտ կամ ծածուկ կերպով Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան կը զօրակցի, կ՛օժանդակէ կամ անոր հանդէպ հանդուրժողականութիւն կը ցուցաբերէ եւ անտարբեր է նման անմարդկային յարձակումներու նկատմամբ, իր վիզին վրայ թրքական պետութեան շունչը պիտի զգայ»։
Քրտամէտ Խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան համանախագահներ Կիւլթեն Քըշանաք եւ Սելահատտին Տեմիրթաշ, հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով՝ յայտնեցին, որ Կորճայքի մէջ արձանագրուած զոհերը ամբողջ երկիրին ցաւ պատճառած են, եւ որ բառերը բաւարար չեն նկարագրելու համար այն ցաւը, զոր իրենք կը զգան։ «Մենք այս պատերազմին եւ զոհերուն «բաւ է՛» կ՛ըսենք։ Այսօրուան ցաւալի պատկերը անգամ մը եւս ցոյց կու տայ, որ Թուրքիա անմիջական կերպով խաղաղութեան կը կարօտի։ Թուրքիա խաղաղութեան այլընտրանք չունի», ըսին անոնք:
Եւրոմիութեան հետ յարաբերութեան հարցերով նախարար եւ Եւրոմիութեան մօտ աւագ բանագնաց Էկեմեն Պաղըշ, իր մօտ կանչեց Թուրքիոյ մօտ Եւրոմիութեան դեսպանը։ Ան նաեւ յայտնեց. «Եւրոմիութեան ղեկավարներուն պիտի հեռաձայնեմ եւ կոշտ կերպով անոնց ըսեմ, թէ այլեւս պիտի չարտօնենք իրենց, որ լուռ մնան»։
Թուրքիոյ կառավարութեան ընդդիմադիր Ազգայնական շարժում կուսակցութեան ղեկավար Տեւլեթ Պահչելի, կառավարութեան կոչ ուղղեց վերականգնելու շուրջ տասնամեակ մը առաջ ջնջուած արտակարգ դրութեան օրէնքը, որ 1987ին հաստատուած էր Թուրքիոյ քրտաբնակ նահանգներուն մէջ։ Օրէնքին հիմամբ, քրտաբնակ շրջաններուն մէջ մեծաթիւ զօրք կը տեղակայուի, կանոնաւոր կերպով անցարգելներ եւ կրակմարի դրութիւն կը հաստատուի եւ դատավարութիւնները կը բացառուին։
Քրտական յարձակումէն քանի մը ժամ ետք, թրքական ռազմական օդանաւեր սկսան հիւսիսային Իրաքի մէջ Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան դիրքերը ռմբակոծելու, ապա թրքական ուժեր ներխուժեցին հիւսիսային Իրաք՝ անգամ մը եւս խախտելով միջազգային սահման մը:
Ըստ «Ռոյթըրզ»ի, թրքական ուժերը յաջողած են Իրաքի սահմանին մօտ բախումներու ընթացքին 15 քիւրտ զինեալներ սպաննել։
Նշենք, որ Թուրքիոյ խորհրդարանը վերջերս վերանորոգած էր Իրաքի մէջ քիւրտ զինեալներ հետապնդելու համար թրքական բանակին տրուած լիազօրութիւնը։