ԳԷՈՐԳ ՄԱՆՈՅԵԱՆ

Հակառակ այն իրողութեան, որ առաջին օրէն իսկ բացայայտ էին Աղթամար կղզիի Ս. Խաչ եկեղեցին «նորոգելու» եւ զայն թանգարանի վերածելու Անգարայի յետին նպատակները, դժուար է գոնէ ակնթարթ մը չզայրանալ, երբ աչքերովդ կը տեսնես, որ հազարամեակ մը առաջ վարպետ հայ ճարտարապետներու ու քանդակագործներու տեսիլքով ու հայ աշխատաւորներու քրտինքով կառուցուած այս գեղեցիկ եկեղեցիին լուսանկարը՝ առանց խաչի, արեւելեան Անատոլուն զբօսաշրջային աւելի հրապուրիչ վայր դարձնելու նպատակով կը շահագործուի, միչեւ այսօր իր երկրին մէջ ապրող քրիստոնեայ փոքրամասնութեանց տարրական իրաւունքները զլացող Թուրքիոյ իշխանութեանց կողմէ:
Ակնարկը կ՛երթայ նկարին մէջ երեւցող Թուրքիոյ պետական օդանաւային ընկերութեան՝ «Թըրքիշ Էրլայնզ»ի պարբերաթերթ «Սքայլայֆ»ի կողքը զարդարող լուսանկարին, որ ժամանակաւորապէս կրցաւ ինձմէ խլել սառնասիրտ տրամաբանող ըլլալու կարողութիւնս:
Արարքը ցոյց կու տայ, որ նոյնիսկ իսլամական արմատներ ունեցող Թուրքիոյ ներկայ կառավարութիւնը իրաւացի կը համարէ իր նախահայերուն կողմէ ջարդուած ժողովուրդին ստեղծագործական ուժի օգտագործումը՝ երկրին գանձարանը հարստացնելու նպատակով: