Բարեսիրական հաստատութիւններ, տարեցներու, մանուկներու խնամք տրամադրող հիմնարկներ միշտ ալ եղած են Արամ Ա. կաթողիկոսի հետաքրքրութեանց ու հոգածութեան առարկաները։ Հովուապետական այցելութեան ընթացքին, վեհափառը յատուկ ժամանակ տրամադրած է նման կեդրոններ այցելութեանց։ Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 17ին, այս հոգածութիւնը արտայայտութիւն գտաւ «Արարատ տան» Միշըն Հիլզի հաստատութիւն այցելութեամբ։
Առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի, հոգեւոր հայրերու եւ ժողովականութեան անդամներու ընկերակցութեամբ, վեհափառը «Արարատ տուն» հասաւ կէսօրին եւ դիմաւորուեցաւ հաստատութեան պատասխանատուներուն ու անձնակազմին կողմէ։
Հայրապետական շքախումբը առաջին հերթին այցելեց հիւանդանոցի բաժինը, որուն սրահին մէջ հաւաքուած տարեցներուն ուղղեց խրախուսական խօսքեր ու բաժնեց յուշանուէրներ։ Այնուհետեւ, խումբը անցաւ տարեցներու պատսպարանի բաժինը, ուր վեհափառը աղօթքով հանդիպեցաւ բնակիչներուն հետ, բարձր գնահատեց անձնակազմն ու ծառայողները։
Հայրապետն ու ըներակիցները անցան հաստատութեան մատուռը, ուր տեղի ունեցաւ յատուկ արարողութիւն։ Ապա, վեհափառը այցելեց «Էսկիճեան» թանգարանը, աչքէ անցուց հոն զետեղուած թանկարժէք իրերը եւ յուշանուէր մը յանձնեց պատասխանատուներուն։
«Արարատ տան» պատասխանատուներն ու անձնակազմը վեհափառն ու շքախումբը հիւրընկալեցին ճաշով։ Ողջոյնի ու երախտագիտութեան խօսքեր արտասանեցին հոգաբարձութեան անդամներէն Ժոզէֆ Կիտանեան եւ ատենապետ Նազարէթ Աշճեան։ Սրտի խօսք ատասանեց Ազգ. կեդրոնական վարչութեան անդամ Վահէ Եագուպեան, որ անդրադարձաւ վեհափառին հովուապետական այցելութեան արձանագրուած հանգրուաններուն, ընդգծելով, որ վեհափառը կը մարմնաւորէ մէկ հայրենիք, մէկ հայութիւն ու բոլորս նոյն Աստուծոյ զաւակները նկատելու սկզբունքները։
Սրտի խօսք արտասանեց նաեւ առաջնորդը, որ հաստատութեան ծառայողները գնահատելէ ետք, յիշեցուց, որ Ազգ. առաջնորդարանը տարիներէ ի վեր սերտ գործակցութիւն կը մշակէ այս հաստատութեան հետ, ուր ամիսը անգամ մը հոգեւոր հայրեր Ս. պատարագ կը մատուցանեն ու եկեղեցական արարողութիւններ կը կատարեն պատսպարեալներուն համար։ Ան հրաւիրեց վեհափառը՝ ուղղելու իր պատգամը։
Վեհափառը գնահատեց այս հաստատութեան ծառայութիւնները, իբրեւ որակ թէ մօտեցում։ «Ինչպէս որ Արարատ լեռը կը պատկանի համայն հայութեան, անոր անունը կրող այս հաստատութիւնն ալ մեր ժողովուրդի բոլոր զաւակներուն խնամք կը տրամադրէ, առանց համայնքային, գաղափարական կամ այլ նկատառումներու, նուիրեալ ծառայութիւն կը տրամադրէ անխտիր բոլորին», ըսաւ վեհափառը, բարձր գնահատելով հոգաբարձական խորհուրդը, բարերարները եւ բոլոր անոնք, որոնք զօրավիգ են մարդասիրական այս հաստատութեան գործին։ Ան մաղթեց, որ այս հաստատութիւնը տիպար օրինակ ծառայէ մեր բոլոր հիմնարկներուն, ու հաստատութեան անունին մէջ առանձնացուց «տուն» գաղափարը, գնահատեց սքանչելի տուն մը ըլլալու անոր իրավիճակը եւ շեշտեց, որ անոր յարկը վայելող տարեցները լուսանցքային դիրքի վրայ չեն նկատուիր, որովհետեւ սերունդներու պատրաստութեան մէջ անոնք ունեցած են հիմնական դեր։