Լոս Անճելըսի քաղաքապետ Անթոնիօ Վիարայկոսայի նախաձեռնութեամբ եւ հրաւէրով, ի պատիւ Արամ Ա. կաթողիկոսին տեղի ունեցած ընթրիքի ընդունելութիւնը վերածուեցաւ Միջին Արեւելքի երեք կրօնքներու ներկայացուցիչներու միջեւ ուշագրաւ հանդիպումի ու խորհրդակցութեան առիթի, որ ընդգրկեց անմիջականօրէն հայութիւնը ու ընդհանրապէս Լոս Անճելըսի ընկերութիւնն ու միջին արեւելեան իրադարձութիւնները։
Վեհափառի հովուապետական այցելութեան առիթով, Լոս Անճելըսի քաղաքապետը իր բնակարանին՝ «Getty House»ի մէջ, ընթրիք մը սարքած էր Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 17ի երեկոյեան։ Վեհափառին ու առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի կողքին, հրաւիրուած էին քրիստոնեայ, իսլամ եւ հրեայ համայնքներու կրօնական առաջնորդներ ու ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ թեմի ժողովականութեան անդամներ ու բարերարներ։ Ներկայ էին ասորի ուղղափառ համայնքի Լոս Անճելըսի առաջնորդ Եուճին Քափլան արքեպիսկոպոսը, Մկրտչական եկեղեցիէն՝ հայր Ուիլեըմ Մընրօ Քեմփպըլ, րաբբի Մարք Տայըմընտ, իմամ Ճիհատ Թըրք, Ս. Սոֆիա եկեղեցւոյ հովիւ հայր Ճան Պաքաս, ղպտի ուղղափառ համայնքի ներկայացուցիչ հայր Էնթընի Աթալլա եւ այլ հոգեւորականներ, իսկ մեր ժողովականութենէն՝ Խաժակ Տիքիճեան, Վահէ Եագուպեան, Վահրիճ Փիլաւճեան, ՀՅԴ կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Աւետիք Իզմիրլեան, ինչպէս նաեւ Վարանդ Մելքոնեան եւ Հերի Նաճարեան։
Քաղաքապետը յայտարարեց, թէ ասիկա առաջին անգամն է, որ եկեղեցիի մը հոգեւոր պետը կը հիւրընկալէ իր բնակարանին մէջ։
ԳԼՈՒԽ ԳԼԽԻ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ
Քաղաքապետ Վիարայկոսա ա-ռաջին հերթին առանձնացաւ՝ վեհափառին ու առաջնորդ սրբազանին հետ գլուխ գլխի հանդիպումի մը համար։ Ան ողջունեց վեհափառին ներկայութիւնն ու Լոս Անճելըսի շրջանին շնորհած հովուապետական այցելութիւնը, ու մեկնելով իր քաղած տպաւորութիւններէն՝ դրուատիքով խօսեցաւ հայրապետին պարզութեան ու համեստութեան մասին։
Անոնք ապա միացան ընթրիքի հիւրերուն. քաղաքապետը անգամ մը եւս ողջունեց վեհափառն ու ներկաները։
Տարբեր կրօնքներու եւ համայնքներու ներկայացուցիչները մէկ սեղանի շուրջ համախմբող երեկոն վերածուեցաւ հետաքրքրական զրոյցի մը, ձեւով մը՝ միջկրօնական երկխօսութեան, որուն մասնկացութիւն բերաւ նաեւ հիւրընկալը։ Շեշտուեցաւ, որ թէեւ կրօնքներու միջեւ կան տարբերութիւններ, սակայն կենսական են փոխադարձ յարգանքը, վստահութեան մթնոլորտի ստեղծումն ու գոյակցութեան ոգիի տարածումը։ Վեհափառը, մեկնելով իր ապրած փորձառութիւններէն՝ պատասխանեց ներկաներու հարցումներուն։
Սրտի խօսք մը արտասանելով՝ հիւրընկալ քաղաքապետը դրուատիքով խօսեցաւ վեհափառին, ինչպէս նաեւ Լոս Անճելըսի զարգացման մէջ հայութեան ներդրումին մասին։ Յուսկ՝ վեհափառն ու քաղաքապետ Վիարայկոսա յուշանուէրներ փոխանակեցին։